Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Հիւսիսային Լիբանանի Այթօ Գիւղին Վրայ

Հոկտեմբեր 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կալանթ. «Պենիամինա Ռազմակայանին Վրայ Հըզպալլայի Յարձակումին
Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք»

Իսրայէլեան օդուժը շարունակեց Լիբանանի վրայ իր յարձակումները` ռմբակոծելով Լիբանանի արեւելքն ու հարաւը` յարձակումներ գործելով Պարաշիթ, Սուլթանիէ, Խըրպեթ Սըլմ, Քֆարտունին, Հանին եւ Ռաշաւ գիւղերուն վրայ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի Զղարթա գաւառի Այթօ գիւղին վրայ, ուր արձանագրուեցան 22 զոհեր:

Հըզպալլան հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի կեդրոնը գտնուող Նաթանիա եւ Շարոն շրջաններուն վրայ: Կուսակցութիւնը նաեւ երէկ առաւօտեան տեսակարար հրթիռներ արձակեց Հայֆայի հիւսիսի արեւմուտքը գտնուող «Սթելլա Մարիս» ծովուժի ռազմակայանին վրայ:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Հըզպալլա կ՛ընդլայնէ թիրախաւորման ծիրը եւ հրթիռներ կ՛արձակէ կեդրոնական Իսրայէլի Շարոն շրջանին ուղղութեամբ»: Իսրայէլեան բանակէն աղբիւր մըն ալ իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը վնասազերծած է Թել Աւիւի հիւսիսը գտնուող Հաշարոն շրջանին ուղղութեամբ Լիբանանէն արձակուած շուրջ 5 հրթիռներ:

Հըզպալլան հրետանիով ռմբակոծեց իսրայէլեան հետեւակ ուժ մը, որ կը փորձէր Մարքապա գիւղին, Լապպունէ եւ Խալլեթ Ուարտէ շրջաններուն ուղղութեամբ ներթափանցել, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեց այլ ուժ մը, որ կը փորձէր Այթա Շաապ գիւղին ուղղութեամբ յառաջանալ, եւ անոր ստիպեց նահանջել:

Կուսակցութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ իր մարտիկները Մէյս Ժապալ գիւղի մերձակայքին մէջ «զերօ հեռաւորութեան վրայ» բուռն կռիւներ կը մղէ իսրայէլեան ուժերուն դէմ:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ թշնամիի քաղաքայիններու վրայ յարձակումներու շարունակումը Հայֆան ու այլ քաղաքներ իր հրթիռներուն ու անօդաչու թռչող սարքերուն համար Լիբանանի սահմանին մերձակայ Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին պէս պիտի ըլլան:

«Թշնամիին կը խոստանանք, որ այն, ինչին ականատես դարձաւ Հայֆայի հարաւին մէջ, միայն մէկ փոքր բաժինն է իրեն սպասածին, եթէ որոշէ մեր ժողովուրդին վրայ յարձակումները շարունակել», նշեց կուսակցութիւնը` ակնարկելով Պենիամինա ռազմակայանին վրայ մէկ օր առաջ անօդաչու թռչող սարքով իր կատարած յարձակումին, որ «Կոլանի» մասնայատուկ ուժերու պատրաստման ռազմակայանին ուղղակի հարուած հասցուցած էր եւ զոհեր ու վիրաւորներ պատճառած: «Որոշեցինք թշնամին դաստիարակել եւ ցոյց տալ քիչ բան այն շատէն, որուն կարող ենք որեւէ պահու եւ որեւէ տեղ», նշեց Հըզպալլա:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ Ուաշինկթընի փոխանցած է, թէ Հըզպալլայի Պենիամինա ռազմակայանին վրայ յարձակումին պատասխանը ուժեղ պիտի ըլլայ: Իսրայէլեան կառավարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Իսրայէլ Հայֆայի եւ Հերցիլիայի մէջ վերջին հարուածներուն աչք պիտի չփակէ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանն ալ երէկ հաղորդեց. «(Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին) Նեթանիահու այսօր գիշեր ապահովական խորհրդակցութիւններու նիստ կը գումարէ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իր ամերիկացի պաշտօնակից Լոյտ Օսթինին փոխանցած է, որ Իսրայէլ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ Հըզպալլայի` իսրայէլեան «Պենիամինա» ռազմակայանին վրայ յարձակումին:

Նախարարի գրասենեակը հաղորդեց, որ Կալանթ գիշերանց խօսած է Օսթինի հետ եւ «շեշտած է յարձակումին վտանգաւորութիւնն ու ուժեղ հակադարձութիւնը, որ պիտի կատարուի Հըզպալլայի դէմ»:

Հըզպալլայի կողմէ անօդաչու թռչող սարքով ռմբակոծուած իսրայէլեան «Կոլանի» մասնայատուկ ուժերու ռազմակայան այցելելով Կալանթ ըսաւ. «Ասիկա դժուար դէպք էր, եւ հետեւանքները` ցաւալի: Պէտք է զայն հետաքննութեան ենթարկենք, մանրամասնութիւնները սերտենք եւ արագ ու արհեստավարժ կերպով դասեր քաղենք»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր քաղաքացիները յորդորեց «հիմա իսկ» Լիբանանէն հեռանալու:

Նախորդը

Միքաթիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Յորդանանի Թագաւորը Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմի Ընդլայնումէն Կը Զգուշացնէ

Յաջորդը

Լեւոն Շառոյեանի «Հերկ Եւ Բերք» Գիրքին Շնորհանդէսը Գրական Մտորումներու Երեկոյի Վերածուեցաւ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?