Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ վերջինիս տան մէջ հանդիպումէն ետք շեշտեց. «Պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատել»:
«Օժանդակութիւններու տրամադրման սէուտական շարժումը հաստատօրէն զինադադարի հաստատման եւ հանդարտեցման ջանքերու պիտի վերածուի», նշեց դեսպանը:
Միքաթի յայտնեց, որ դեսպանը զինք տեղեակ պահած է յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին օժանդակութիւններով բեռցուած սէուտական օդանաւերու Պէյրութ ժամանման մասին: «Ես վստահ եմ, որ Սէուտական Արաբիան մեր կողքին է, ինչպէս անցեալին էր եւ այսօր է, եւ ապագային ալ միշտ պիտի մնայ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ օժանդակութիւններու մատակարարման սէուտական օդային կամուրջի առաջին օդանաւերը երէկ էջք կատարեցին Պէյրութի միջազգային օդակայան: Առաջին օդանաւի դիմաւորման համար օդակայան գացած էր Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը, տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասինը եւ Արտակարգ կացութիւններու բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրը:
Սալամ օդակայանէն յայտարարեց. «Արաբական վահանի տարրերը այսօր կ՛ամբողջանան` լիբանանցի ժողովուրդի օժանդակութեան համար օդային կամուրջի որդեգրման ճամբով»: Ան աւելցուց, որ ատիկա սկսած էր Իրաքի, Յորդանանի, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճամբով եւ պիտի շարունակուի բոլոր արաբ եղբայրներուն կողմէ` պաշտպանելու համար Լիբանանը եւ թիկունք կանգնելու անոր ժողովուրդին:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ յայտարարեց. «Մինչեւ հիմա բժշկական օժանդակութիւններու աւելի քան 50 թոնի հասանք»`ընդգծելով. «Քաթարը միշտ Լիբանանին աջակցող է»:


