Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

-  ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժըմպլաթ յայտնեց. «Լիբանանի պատմութեան ճիշդ այս պահուն ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ յարձակումը վատ նշան է»: -  ԵԳԻՊՏՈՍԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Եգիպտոսի եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են պահպանելու Լիբանանի միութիւնը, գերիշխանութիւնը, հողերու անվտանգութիւնը պահպանելու եւ Իսրայէլի բոլոր լիբանանեան հողերէն հեռացման շուրջ: «Անոնք համաձայնեցան, որ բռնագրաւումի բանակը պէտք է երաշխաւորէ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ ՄԱԿ-ի...

Հըզպալլա Թիրախաւորեց Հայֆայի Մէջ  Իսրայէլեան Օդային Պաշտպանութեան  Հրամանատարութեան Ռազմակայանը

Հըզպալլա Թիրախաւորեց Հայֆայի Մէջ Իսրայէլեան Օդային Պաշտպանութեան Հրամանատարութեան Ռազմակայանը

Հըզպալլա կը շարունակէ Իսրայէլի եւ անոր հիւսիսային շրջաններուն մէջ բնակեցման վայրերուն դէմ իր գործողութիւնները: Հըզպալլա երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Հայֆայի «Քիրիաթ Իլայզեր»-ի մէջ գտնուող օդային պաշտպանութեան ռազմակայանին վրայ եւ նոյն ժամուն հրթիռակոծեց Հայֆայի հիւսիսը գտնուող Զոֆոլոն շրջանին մէջ իսրայէլացի զինուորներու հաւաքավայրերը: Առաւօտեան ժամը 7:20-ին Հըզպալլայի մարտիկները արդէն հեռակառավարուող հրթիռով ուղղակի հարուած հասցուցած էին Իպատ...

Իսրայէլեան Ուժերը Դարձեալ  Թիրախաւորեցին ՖԻՆԻՒԼ-ը

Իսրայէլեան Ուժերը Դարձեալ Թիրախաւորեցին ՖԻՆԻՒԼ-ը

Իսրայէլեան բանակը երէկ թիրախաւորեց Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի սրիլանքական ջոկատի հսկողութեան աշտարակը: Սրի Լանքա յայտարարեց, որ իր զինուորներէն երկուքը վիրաւորուած են: ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, վտանգաւոր զարգացում է»` ընդգծելով. «Խաղաղապահ զինուորներու վրայ որեւէ դիտաւորեալ յարձակում միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի վտանգաւոր խախտում է»: ՖԻՆԻՒԼ մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ իր անդամներէն երկուքը վիրաւորուած...

Հանդիպում` Ներքին Գործոց  Նախարարին Հետ

Հանդիպում` Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեանի, այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի, որուն հետ քննարկեց իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառած վնասները, Լիբանանի տարբեր շրջաններէն գաղթական դարձած քաղաքացիներու իրավիճակը, կառավարութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան ճիգերը: Բագրատունի ներքին գործոց նախարարին փոխանցեց հայաբնակ շրջաններուն մէջ գաղթականներու կացութեան պատկերը, հայկական կառոյցներուն տարած աշխատանքները,...

Հանդիպում` Հայկական Երեսփոխանական  Եւ Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքներուն Միջեւ

Հանդիպում` Հայկական Երեսփոխանական Եւ Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքներուն Միջեւ

Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին խորհրդակցութիւնը յատկացուած էր երկրին մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին, գաղթականական ալիքին եւ ներլիբանանեան քաղաքական դաշտի մթնոլորտին: Հանդիպումի աւարտին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց, որ համատեղ քննարկումի ընթացքին արծարծուած են հետեւեալ կէտերը. ա.- Զօրակցութիւն խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութեան` հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օրակարգը...

Պլինքըն. «Աշխատանք Կը Տանինք Լիբանանի Մէջ  Դիւանագիտական Լուծում Մը Գտնելու»

Պլինքըն. «Աշխատանք Կը Տանինք Լիբանանի Մէջ Դիւանագիտական Լուծում Մը Գտնելու»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ իր երկիրը «կ՛ամրապնդէ Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի ընդլայնումէն խուսափելու համար ջանքերը եւ աշխատանք կը տանի Լիբանանի մէջ դիւանագիտական լուծում մը գտնելու»: Պլինքըն Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու` ԱՍԻԱՆ-ի ղեկավարներու Լաոսի մէջ վեհաժողովի ծիրին մէջ յայտարարեց. «Լիբանանցի ժողովուրդը միայն ինք կ՛որոշէ իր ճակատագիրը եւ ինք կ՛ընտրէ իր նախագահը»: «Մեր բոլորին շահերէն կը բխի ստեղծել...

Միքաթի. «Որոշեցինք Ապահովութեան Խորհուրդէն  Պահանջել Լիբանանի Մէջ Շտապ Զինադադարի  Հաստատման Որոշում Որդեգրել»

Միքաթի. «Որոշեցինք Ապահովութեան Խորհուրդէն Պահանջել Լիբանանի Մէջ Շտապ Զինադադարի Հաստատման Որոշում Որդեգրել»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ գումարուած ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարեց. «Որոշեցինք Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջել Լիբանանի մէջ շտապ զինադադարի հաստատման որոշում որդեգրել»: «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընէն հեռաձայն ստացայ, Լիբանանին ամբողջական զօրակցութիւն նկատեցինք, եւ զինադադարի հաստատման մեծ ջանք գոյութիւն ունի»,  ըսաւ ան: «Կառչած ենք մեր իրաւունքին ու հողին, եւ բազմիցս միջազգային հարթակներու վրայ հաստատեցինք Լիբանանի թիւ...

Պըրրի. «Միակ Որոշումը Թիւ 1701-ն Է,  Իսկ Թիւ 1559 Որոշումը Մեր Ետին Մնաց»

Պըրրի. «Միակ Որոշումը Թիւ 1701-ն Է, Իսկ Թիւ 1559 Որոշումը Մեր Ետին Մնաց»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, անդրադառնալով ՄԱԿ-ի թիւ 1559 որոշումի գործադրման վերաբերեալ ներքին հռետորաբանութիւններու աճին, յայտնեց, որ միակ որոշումը թիւ 1701-ն է, իսկ թիւ 1559 որոշումը մեր ետին մնաց` «թող յիշուի, բայց չկրկնուի»: Պըրրի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ գիշեր ցերեկ կ՛աշխատինք զինադադարի հասնելու համար: Հիմա ալիքը բարձր է եւ ետքը կը ցածնայ, եւ...

ՄԱԿ. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն  Անվտանգութիւնը Հետզհետէ Աւելի Կը Վտանգուի,  Եւ Անոր Գործողութիւնները 23 Սեպտեմբերէն  Ի Վեր Իրողապէս Դադրեցան»

ՄԱԿ. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Անվտանգութիւնը Հետզհետէ Աւելի Կը Վտանգուի, Եւ Անոր Գործողութիւնները 23 Սեպտեմբերէն Ի Վեր Իրողապէս Դադրեցան»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ժան Փիեռ Լա Քրուա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը «հետզհետէ աւելի կը վտանգուի: Ան աւելցուց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործողութենական աշխատանքները 23 սեպտեմբերէն ի վեր իրողապէս դադրած են: Լա Քրուա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Խաղաղապահ ուժերը իրենց ռազմակայաններուն մէջ բանտարկուած են` երկար ժամանակ անցընելով ապաստանարաններու մէջ»: Ան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ. «Իսրայէլեան բանակին հետաքրքրութեան ու ներուժին մեծամասնութիւնը այժմ ուղղուած է դէպի Լիբանան»` աւելցնելով. «Իսրայէլեան բանակին մէջ Կազան 7 հոկտեմբերէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը նշուի իբրեւ կռիւի երկրորդական բեմ»: - «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսըն սկսած է անկախ քաղաքական ուժերու եւ երեսփոխաններու հետ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին,...

Իսրայէլ 3-րդ Անգամ Ըլլալով Յարձակում  Գործեց Մայրաքաղաք Պէյրութի Վրայ

Իսրայէլ 3-րդ Անգամ Ըլլալով Յարձակում Գործեց Մայրաքաղաք Պէյրութի Վրայ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ գիշեր յարձակում գործեց Պէյրութի Նուէյրի շրջանին վրայ: Նուէյրիի վրայ յարձակումը Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու սկիզբէն ի վեր մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ 3-րդ յարձակումն է: Նախորդները Քոլայի եւ Պաշուրայի վրայ եղած էին: Յարձակումը շէնքի մը վրայ էր, որ մեծապէս վնասուեցաւ: «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ արձանագրուած է առնուազն 2 զոհ եւ 9 վիրաւոր: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ Պէյրութի...

Միքաթի. «Դիւանագիտական Ջանքերը Կը Շարունակուին,  Սակայն Իսրայէլեան Անզիջում Կեցուածքը  Կը Խոչընդոտէ Անոնց Յաջողութիւնը»

Միքաթի. «Դարձեալ Զինադադարի Հաստատման Փորձ Կատարելու Համար Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Նախօրեակին Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւնները Աշխուժացան»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց. «Դարձեալ Զինադադարի հաստատման փորձ կատարելու, ուստի նաեւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի նախօրեակին դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները անցնող ժամերուն ընթացքին աշխուժացան»: «Հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ, որ Ապահովութեան խորհուրդի նիստ պահանջեց` վերակենդանացնելու համար յայտարարութիւնը որոշ ժամանակով զինադադար հաստատելու, որպէսզի քաղաքական լուծումներու քննարկումներու շարունակման հասնինք», իր...

Փլասխարթ. «Ժամանակն Է Լիբանանի Մէջ Զինադադար  Հաստատելու Եւ Բանակցութեան Սեղան Վերադառնալու»

Փլասխարթ. «Ժամանակն Է Լիբանանի Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութեան Սեղան Վերադառնալու»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժանին Հենիս Փլասխարթ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ ՄԱԿ-ի բանբերին կազմակերպած «Կէսօրուան առօրեայ զեկուցում»-ի ընթացքին խօսք արտասանելով յայտնեց. «Ժամանակն է Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու եւ բանակցութեան սեղան վերադառնալու»: «Այսօր կէսօրէ ետք Պէյրութէն ձեզի հետ կը կապուիմ ձեզի առանց վերապահութեան ըսելու` կացութիւնը վտանգաւոր է: Շարունակուող ռմբակոծումը առօրեայ կեանքին անբաժանելի մասը դարձաւ Լիբանանի մէջ, ուր...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Հոքշթայն Արաբ Պաշտօնատարներուն.  «Հըզպալլան Տկարացնելը Լիբանանի Մէջ  Քաղաքական Անելին Վերջ Տալու Առիթ Է»

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Հոքշթայն Արաբ Պաշտօնատարներուն. «Հըզպալլան Տկարացնելը Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Անելին Վերջ Տալու Առիթ Է»

Ամերիկացի եւ արաբ լաւատեղեակ պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը աշխատանք կը տանի Իսրայէլի` Հըզպալլայի վրայ յարձակումը իբրեւ առիթ օգտագործելու Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ճամբով Հըզպալլայի «տիրապետութեան» վերջ տալու: Սպիտակ տան մէջ բարձաստիճան պաշտօնատարներէն Էյմըս Հոքշթայն արաբ պաշտօնատարներու ըսած է, որ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով Հըզպալլայի տկարացումը պէտք է առիթ նկատուի Լիբանանի մէջ քաղաքական...

Էրտան. «Եթէ Հըզպալլան Զինադադար Կ՛ուզէ  Պէտք Է Դադրի Հրթիռներ Արձակելէ  Եւ Լիթանիէն Հիւսիս Շարժի»

Էրտան. «Եթէ Հըզպալլան Զինադադար Կ՛ուզէ Պէտք Է Դադրի Հրթիռներ Արձակելէ Եւ Լիթանիէն Հիւսիս Շարժի»

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտան յայտնեց. «Լիբանանի մէջ մնալու փափաք չունինք, եւ ատիկա կատարելու կարող ուժերը լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ն են: Լիբանանի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը պէտք է առիթը օգտագործեն այսօր իրենց երկրին մէջ տեղի ունեցողը վերահսկողութեան տակ առնելու»: «Հըզպալլան եթէ զինադադար կ՛ուզէ, պէտք է դադրի հրթիռներ արձակելէ եւ Լիթանիէն հիւսիս շարժի», ըսաւ ան: «Հըզպալլան զինադադարի կոչ կ՛ուղղէ, սակայն իր...

Սպիտակ Տուն. «Միացեալ Նահանգներու Իրանի  Աջակցութիւնը Վայելող Բոլոր Սպառնալիքներուն,  Ներառեալ Հըզպալլայի Դէմ Դիրքորոշումը Հաստատ Է»

Սպիտակ Տուն. «Դիւանագիտական Լուծումը Իսրայէլ-Լիբանան Սահմանին Վրայ Տեւական Կայունութեան Ու Անվտանգութեան Հաստատման Միակ Ուղին Է»

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Դիւանագիտական լուծումը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանին վրայ տեւական կայունութեան ու անվտանգութեան հաստատման միակ ուղին է»: «Անվտանգութեան կացութեան վատթարացման լոյսին տակ, աշխատանք կը տանինք ամերիկացի քաղաքացիներուն Լիբանանէն հեռանալու ընտրանքներ ապահովելու», կը նշուի Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Սպիտակ տունը նշեց. «Պիտի շարունակենք հեռանալու առօրեայ առիթներ ապահովել, քանի տակաւին Պէյրութի օդակայանը բաց է, եւ Պէյրութի մէջ դեսպանատունը կը...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Անդրադարձած Է Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան

Ուաշինկթըն. «Լիբանանի Մէջ Կացութիւնը Պէտք Չէ Կազայի Կացութեան Նման Ըլլայ, Եւ Ատիկա Ընդունելի Պիտի Չըլլայ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Լիբանանի կացութիւնը պէտք չէ Կազայի կացութեան նման ըլլայ, եւ ատիկա ընդունելի պիտի չըլլայ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր նշեց, որ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգուած է Կազայի մէջ, մասնաւորաբար անոր հիւսիսը, մարդասիրական կացութեան նկատմամբ` աւելցնելով, որ ատիկա Ուաշինկթընի եւ Իսրայէլի միջեւ շատ հրատապ քննարկումներու առանցքն էր: «Իսրայէլի կառավարութեան յստակ դարձուցինք, որ միջազգային...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

-  ՖԻՆԻՒԼ հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի «Միրքաւա» տիպի հրասայլ մը երէկ առաւօտեան կրակ բանալով ուղղակի կերպով հարուածած է Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող հսկողութեան աշտարակ մը, այդ պատճառով ալ խաղաղապահ ուժերու անդամ երկու զինուորներ վիրաւորուած են: Իսրայէլեան բանակը նաեւ կրակ բացած է Ռաս Նաքուրա շրջանին մէջ ՄԱԿ-ի թիւ 31-1 դիրքին վրայ եւ վնաս հասցուցած մեքենաներուն ու հաղորդակցութեան համակարգին: ՖԻՆԻՒԼ...

Հըզպալլա Շարունակեց Հրթիռակոծել Հայֆան  Եւ Դարձեալ Հարուածեց Դէպի Լապպունէ  Յառաջանալ Փորձող Իսրայէլեան Ուժ Մը

Հըզպալլա Շարունակեց Հրթիռակոծել Հայֆան Եւ Դարձեալ Հարուածեց Դէպի Լապպունէ Յառաջանալ Փորձող Իսրայէլեան Ուժ Մը

Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ երկրորդ օրն ըլլալով դէմ կանգնած է դէպի հարաւային Լիբանանի Լապպունէ շրջան յառաջանալ փորձող իսրայէլեան ուժի մը եւ հրթիռակոծած է Հայֆան: Հըզպալլա նշեց, որ դէպի Լապպունա յառաջանալ փորձող ուժը ուղղակի հարուածներ ստանալէ ետք նահանջած է: Աւելի ուշ, այլ խումբ մը դարձեալ փորձած է նոյն ուղղութեամբ յառաջանալ: Հըզպալլայի մարտիկները անոր շարքերուն մէջ պատճառած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Իսրայէլեան...

Լափիտ. «Ամերիկան Նասրալլայի Սպանութենէն Առաջ  Նեթանիահուի Հետ Լիբանանի Մէջ Զինադադարի  Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Էր»

Լափիտ. «Ամերիկան Նասրալլայի Սպանութենէն Առաջ Նեթանիահուի Հետ Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Էր»

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց. «Ամերիկան ինծի փոխանցեց, որ (Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան) Նասրալլայի սպանութենէն առաջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ Լիբանանի մէջ 3 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացուցած է»: Ֆրանս-ամերիկեան նախաձեռնութիւնը կոչ կ՛ուղղէր` Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ 21 օր տեւողութեամբ զինադադար հաստատելու` երկու կողմերուն բանակցութիւններու վրայ աշխատելու առիթ ընծայելու համար: Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու...

Page 174 of 986 1 … 173 174 175 … 986

Արխիւներ