Լիբանանեան

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու  Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան  «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՔՐԵՄԼԻՆ յայտնեց. «Մոսկուան մեծապէս մտահոգուած է Միջին Արեւելքի Մէջ Իսրայէլի վարմունքով, որովհետեւ քաղաքայիններուն վտանգ կը ներկայացնէ»: «Կազայի եւ Լիբանանի մէջ մարդասիրական աղէտ կայ, եւ ասիկա Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ համար մեծ մտահոգութեան աղբիւր է», նշեց Քրեմլին: - ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի «Ժատիտ»-ին յայտնեց. «Երկկողմ եւ խումբ մը պետութիւններու միջեւ Լիբանանի շուրջ հաղորդակցութիւններ կան,  Արաբական լիկան կը...

Իսրայէլեան Զգուշացումներ, Ապա Օդային Յարձակումներ` Լիբանանեան Շարք Մը Գիւղերու Վրայ

Իսրայէլեան Զգուշացումներ, Ապա Օդային Յարձակումներ` Լիբանանեան Շարք Մը Գիւղերու Վրայ

Հըզպալլա երէկ շարունակեց Իսրայէլի բնակեցման վայրերուն ու քաղաքներուն վրայ հրթիռարձակումները: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ մեծ թիւով հրթիռներ ինկած են Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ: Հրթիռակոծուեցան նաեւ Ռուէյսաթ Ալամի դիրքը, Հայֆան, Աքքան եւ Գալիլիոյ մէջ բազմաթիւ շրջաններ: Կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ Լապպունա բարձունքին վրայ հարուածած է իսրայէլեան 2 «Մերքաւա» տիպի հրասայլեր, որոնք հրկիզուած են, իսկ անոնց անձնակազմի անդամները սպաննուած են կամ վիրաւորուած:...

Բագրատունի Այցելեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի

Բագրատունի Այցելեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Տեսակցութեան ընթացքին Յակոբ Բագրատունի արժեւորեց ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ վարչապետ Միքաթիի տարած աշխատանքները թէ՛ ներլիբանանեան եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան շեշտեց նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անյետաձգելիութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտի առաջնորդուող գաղթականական զանգուածային երեւոյթի պարտադրած օժանդակութիւններու Լիբանան առաքման հրամայականը: Վարչապետ Միքաթի իր...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Ուաշինկըթն. «Լիբանանի Մէջ Ամբողջ Գիւղերու Եւ Քաղաքայիններու Բնակարաններու Քանդում Չենք Ուզեր»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդեց. «Իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջ գիւղ մը պայթեցնելնուն պատճառներէն տեղեակ չենք»: Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերը չորեքշաբթի օր հարաւային Լիբանանի Մհայպեպ գիւղը ամբողջութեամբ ականապատելով պայթեցուցած էին: «Իսրայէլ իրաւունք ունի Հըզպալլան ու անոր ենթակառոյցները թիրախաւորելու, սակայն պէտք է խուսափիլ քաղաքային սեփականութիւնները վնասելէ», նշեց նախարարութիւնը: «Ուաշինկթըն Իսրայէլի հետ Լիբանանի մէջ գիւղերու վրայ անոր հարուածներու հարցով կապի...

«Դիմադրութիւնը Սկսաւ Նոր Փուլ Մը, Որուն Խորագիրը Հայրենիքի Պաշտպանութիւնն Է» Կ՛ըսէ Ֆատլալլա

«Դիմադրութիւնը Սկսաւ Նոր Փուլ Մը, Որուն Խորագիրը Հայրենիքի Պաշտպանութիւնն Է» Կ՛ըսէ Ֆատլալլա

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Թշնամին կ՛ուզէ այս պատերազմով լուծարել Դիմադրութիւնը եւ անոր գոյութիւնը դադրեցնել, սակայն Դիմադրութիւնը կը մնայ եւ հաստատ է»: Ան աւելցուց. «Բռնագրաւումի ոճիրներուն նպատակը Լիբանանը ծունկի բերել եւ զայն անձնատուութեան մղելն է»: Ան նշեց, որ թշնամին գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու կանոնաւոր քանդման ճամբով «հրկիզուած հող»-ի քաղաքականութիւն կը կիրարկէ: «Դիմադրութիւնը ձախողութեան պիտի մատնէ բռնագրաւումին ծրագիրները, եւ...

Անկեղծ Մեկնաբանութիւն` Լիբանանցի Տեղահանուածներուն Նկատմամբ Լիբանանահայութեան Զօրակցութեան Մասին

Անկեղծ Մեկնաբանութիւն` Լիբանանցի Տեղահանուածներուն Նկատմամբ Լիբանանահայութեան Զօրակցութեան Մասին

«Ախպար» թերթի նախկին սեփականատէր, այժմ լոնտոնաբնակ լիբանանցի Հասան Ահմետ Խալիլ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է լիբանանցի տեղահանուածներուն նկատմամբ լիբանանահայութեան զօրակցութեան եւ օժանդակութեան մասին. «Բարեկամ մը ինծի ուղարկեց հայկական հաստատութիւններու կողմէ տեղահանուածներուն սննդեղէնի օժանդակութիւն տրամադրելու մասին: Ակամայ, այս պատերազմը զիս դարձուց միաժամանակ քրիստոնեայ եւ իսլամ, լիբանանցի եւ արաբ: Այսօր նաեւ հայ դարձայ: Իմ սիրելի հայեր, տասնամեակներ առաջ ձեր...

Նեթանիահու. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ռուսական Արդիական Զէնքեր Գտանք»

Նեթանիահու. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ռուսական Արդիական Զէնքեր Գտանք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ իսրայէլեան ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ռազմակայանները խուզարկելու ընթացքին ռուսական «արդիական» զէնքեր յայտնաբերած են: Նեթանիահու ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ 2006 թուականին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած թիւ 1701 որոշումը միայն լիբանանեան բանակին կ՛արտօնէ Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջաններուն մէջ զէնք կրել, «բայց եւ այնպէս Հըզպալլան փորեց հարիւրաւոր փապուղիներ եւ...

Սպիտակ Տուն. «Միացեալ Նահանգներու Իրանի  Աջակցութիւնը Վայելող Բոլոր Սպառնալիքներուն,  Ներառեալ Հըզպալլայի Դէմ Դիրքորոշումը Հաստատ Է»

Սպիտակ Տուն. «Իսրայէլին Ուղղակի Կերպով Փոխանցեցինք Պէյրութի Խիտ Բնակուած Շրջաններուն Վրայ Գրեթէ Ամէնօրեայ Յարձակումներու Որեւէ Արշաւի Մեր Ընդդիմութիւնը»

Սպիտակ տունը հաղորդեց. «Իսրայէլին ուղղակի կերպով փոխանցեցինք Պէյրութի խիտ բնակուած շրջաններուն վրայ գրեթէ ամէնօրեայ յարձակումներու որեւէ արշաւի մեր ընդդիմութիւնը»: «Յստակ դարձուցինք, որ պիտի շարունակենք Հըզպալլայի հետ լարուածութեան վերջ տալու համար իսրայէլացիներու հետ դիւանագիտական բանակցութիւններ վարել», նշեց Սպիտակ տունը: «Շատ յստակ էինք, որ իսրայէլեան գործողութիւնները պէտք է կատարուին այնպիսի ձեւով մը, որ քաղաքայիններու կեանքերը չեն վտանգեր», աւելցուց Սպիտակ տունը: Միացեալ Նահանգներու...

ՖԻՆԻՒԼ-ի Մասնակից 16 Եւրոպական Երկիրներու Խաղաղապահ Ուժի Լիբանանի Մէջ Ապագային Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Մասնակից 16 Եւրոպական Երկիրներու Խաղաղապահ Ուժի Լիբանանի Մէջ Ապագային Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր հրապարակեց Եւրոպական Միութեան անդամ 16 երկիրներու մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանման կարեւորութեան շուրջ առցանց ժողովի վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ եւրոպական 16 երկիրները յայտնած են. «ՖԻՆԻՒԼ-ի ապագային վերաբերեալ որեւէ որոշում պէտք է միաձայնութեամբ որդեգրուի ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ»: Անոնք աւելցուցած են, որ պէտք է Իսրայէլի վրայ առաւելագոյն աստիճանի քաղաքական ու դիւանագիտական ճնշումներ գործադրել, որպէսզի...

Սքօ. «Լիբանանի Մէջ Կացութիւնը Շատ Վատ Է Սակայն Կրնայ Շատ Աւելի Վատ Ըլլալ»

Սքօ. «Լիբանանի Մէջ Կացութիւնը Շատ Վատ Է Սակայն Կրնայ Շատ Աւելի Վատ Ըլլալ»

ՄԱԿ-ի Համաշխարհային սննդեղէնի ծրագիրի գործադիր տնօրէնի տեղակալ Քարլ Սքօ յայտնեց. «Լիբանանի մէջ կացութիւնը շատ վատ է, սակայն շատ աւելի վատ կրնայ ըլլալ»: ԵՈՒՆԻՍԵՖ եւ Համաշխարհային սննդեղէնի ծրագիրը կը յայտարարեն. «Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու կարիքները կ՛աճին, եւ յաւելեալ ֆինանսաւորման կարիք ունին»: ՄԱԿ-ի երկու կազմակերպութիւնները հաղորդեցին. «1 միլիոն 200 հազար մարդիկ ազդուեցան Լիբանանի մէջ տիրող տագնապէն: Պէտք է յարգել միջազգային մարդասիրական օրէնքը եւ...

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն. «Վարկածային Են Միացեալ Նահանգներու Յայտարարութիւնները` «Քորոնա»-ի Չինական Ծագման Մասին»

«Լիբանանի Մէջ Քոլերայի Համաճարակի Վտանգը Շատ Բարձր Է» Կ՛ըսէ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը զգուշացուց, որ Լիբանանի մէջ քոլերայի համաճարակի վտանգը «շատ բարձր» է: Կազմակերպութիւնը նշեց, որ գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ քոլերան տարածուի իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով հարիւր հազարաւոր տեղահանուածներուն մօտ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Լիբանանի մէջ ներկայացուցիչ Ապտելնասեր Ապուպաքր առցանց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Քոլերա համաճարակը նոր տեղահանուածներուն հասնելու պարագային, անոր տարածումը կրնայ շատ արագ ըլլալ»: Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած...

Հայաստանը Ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1970-ի  Ուխտի Միջկառավարական Կոմիտէի Անդամ

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի ընդլայնման նկատմամբ: Կազմակերպութիւնը նշեց, որ Լիբանանի մէջ զարգացումները յատուկ կերպով մտահոգիչ են, եւ շտապ ու տեւական զինադադարի հաստատման կոչ ուղղեց: - ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ. «Լիբանանի հետ որեւէ բանակցութիւն, որ պիտի կատարենք, կրակոցի պայմաններուն մէջ պիտի կատարուի»: - ՔԱՆԱՏԱՅԻ կառավարութիւնը դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ իսրայէլեան յարձակումները` յայտնելով, որ անոնք «անընդունելին են եւ...

Պքերքէի Մէջ` Իսլամ-Քրիստոնեայ Հոգեւոր Արտակարգ Վեհաժողով

Պքերքէի Մէջ` Իսլամ-Քրիստոնեայ Հոգեւոր Արտակարգ Վեհաժողով

Երէկ Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր արտակարգ վեհաժողովը, որուն սկիզբը մարոնիներու Ռայի պատրիարքը խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Հայրենիքին խորքը վիրաւոր է, եւ բոլորս այստեղ ենք դարմանելու անոր վէրքերը, եւ վէրքը մեզմէ իւրաքանչիւրինն է: Մենք այսօր այստեղ ենք իրարու եւ խորապէս վիրաւորուած մեր ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնելու զոհերուն, վիրաւորներուն, նահատակներուն, տեղահանուածներուն, գաղթականներուն, անոնց տուներու եւ խանութներու քանդման ու հողերու հրկիզման համար»: «Ասիկա...

Լիբանան Իսրայէլի Յարձակումին Միջազգային Դատապարտում Կը Պահանջէ. Եւ՝ Ստիպել, Որ Ան Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրէ

Լիբանան Իսրայէլի Յարձակումին Միջազգային Դատապարտում Կը Պահանջէ. Եւ՝ Ստիպել, Որ Ան Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրէ

Լուսանկարը` Ապպաս Ֆաքիհի (ԱՖՓ) Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացուց` պահանջելով դատապարտել իսրայէլեան շարունակուող յարձակումը եւ Իսրայէլին պարտադրել, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ գործադրէ եւ անմիջապէս հեռանայ լիբանանեան հողերէն: Մինչ այդ, Իսրայէլ երէկ Նապաթիէի քաղաքին վրայ գործեց բուռն յարձակում, որուն պատճառով արձանագրուեցան 6 զոհեր, ներառեալ Նապաթիէի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ 43 վիրաւորներ արձանագրուեցան: Իսրայէլ...

Միլլըր. «Իսրայէլացիներուն Յստակ Դարձուցինք, Որ Պէյրութի Վրայ Օդային Յարձակումներուն Դէմ Ենք Եւ Կը Հետեւինք Այդ Առնչութեամբ Անոնց Յանձնառութեան»

Միլլըր. «Իսրայէլացիներուն Յստակ Դարձուցինք, Որ Պէյրութի Վրայ Օդային Յարձակումներուն Դէմ Ենք Եւ Կը Հետեւինք Այդ Առնչութեամբ Անոնց Յանձնառութեան»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին իրենց մտավախութիւնը յայտնեցին Պէյրութի դէմ ռմբակոծման անոր արշաւին նկատմամբ»: «Անցնող քանի մը օրերուն յարձակումներուն թիւը նուազեցաւ, սակայն Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ մեծ ուշադրութեամբ դիտարկել», աւելցուց Միլլըր: «Հակառակ Իսրայէլի շղթայազերծելուն յարձակումներ, զորս Ուաշինկթըն պատշաճ կը նկատէ, իսրայէլեան կառավարութեան յստակ դարձուց, որ մտավախութիւններ ունի բնոյթին նկատմամբ ռմբակոծման այն արշաւին, որ անցնող...

Մաքրոն. «Նեթանիահուն Պէտք Չէ Մոռնայ, Որ Իր Երկիրը Ստեղծուած Է ՄԱԿ-ի Որոշումով»

Մաքրոն. «Նեթանիահուն Պէտք Չէ Մոռնայ, Որ Իր Երկիրը Ստեղծուած Է ՄԱԿ-ի Որոշումով»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նախարարներու խորհուրդի փակ նիստի ընթացքին ըսած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք չէ մոռնայ, որ «իր երկիրը ստեղծուած է ՄԱԿ-ի որոշումով»: Այս մասին կը հաղորդէ «Լը Փարիզիեն» օրաթերթը` յղում կատարելով նիստի մասնակիցներուն: Նիստը գումարուած է 15 հոկտեմբերին: «Պարոն Նեթանիահուն պէտք չէ մոռնայ, որ իր երկիրը ստեղծուած է ՄԱԿ-ի որոշումով, հետեւաբար ան պէտք չէ զերծ մնայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանն ու Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Եգիպտոսի մէջ իրենց հանդիպումի ընթացքին յայտնեցին. «Պէտք է յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը, կայունութիւնն ու հողերու անվտանգութիւնը»: - ՔԱԹԱՐԻ վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ մեր առաջնահերթութիւնը պատերազմը դադրեցնելն է, եւ լիբանանցի քաղաքագէտներու հետ ընդարձակ հաղորդակցութիւններ կատարեցինք: Լիբանանի մեծագոյն տագնապը պատերազմն է,...

Հըզպալլա Թել Աւիւի Արուարձանները Թիրախաւորեց  Եւ Վար Առաւ Իսրայէլեան «Հերմեզ 450» Մը

Հըզպալլա Թել Աւիւի Արուարձանները Թիրախաւորեց Եւ Վար Առաւ Իսրայէլեան «Հերմեզ 450» Մը

Հըզպալլան երէկ հրթիռակոծեց Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի արուարձանները եւ կէս գիշերին վար առաւ իսրայէլեան «Հերմեզ 450» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը: Կուսակցութիւնը կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին հրթիռակոծեց Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը, իսկ արշալոյսին սահմանին վրայ իսրայէլեան բանակին դէմ գործողութիւններ կատարեց: Հըզապալլա առաւօտեան ժամը 6:25-ին հրթիռակոծեց Մարժ դիրքի մերձակայքին մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները, ինչպէս նաեւ 6:20-ին երկարատեւ բախում...

Բագրատունի. «Պէտք Է Հանրապետութեան Նախագահ  Ընտրել, Որովհետեւ Լիբանանը Ի Վերջոյ Պիտի Մնայ»

Բագրատունի. «Պէտք Է Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել, Որովհետեւ Լիբանանը Ի Վերջոյ Պիտի Մնայ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ: Բագրատունի հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Պքերքէն «դժուար ժամանակներուն մէջ միասնականութեան, գերիշխանութեան ու անկախութեան խորհրդանիշն է»: «Հոգեւոր տիրոջ հետ քննարկեցինք հոգեւոր պետերու վեհաժողովի նիւթը, եւ կը կարծեմ, որ հրապարակուելիք հաղորդագրութիւնը միաւորող հաղորդագրութիւն մըն է, որ կոչ կ՛ուղղէ` չմտահոգուելու, զինադադար հաստատելու,...

Շէյխ Քասեմ. «Մենք Իսրայէլեան-Ամերիկեան Տարբերակով Նոր Միջին Արեւելքի Մը  Վտանգին Առջեւ Կանգնած Ենք»

Շէյխ Քասեմ. «Մենք Իսրայէլեան-Ամերիկեան Տարբերակով Նոր Միջին Արեւելքի Մը Վտանգին Առջեւ Կանգնած Ենք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլ բռնագրաւող գոյացութիւն մըն է, որ շրջանին ու աշխարհին իսկական վտանգ կը ներկայացնէ, եւ ան գրաւը կը դնէ ոճրագործութեան վրայ, որ ուրիշները կը սարսափեցնէ, եւ Ամերիկայի բացարձակ աջակցութեան վրայ»: «Չենք կրնար Լիբանանը Պաղեստինէն անջատել, ո՛չ ալ շրջանը` Պաղեստինէն» ըսաւ շէյխ Քասեմ` աւելցնելով. «Աքսայի...

Page 172 of 986 1 … 171 172 173 … 986

Արխիւներ