Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաֆատի. «Լիբանանի Նոր Ղեկավարութիւնը Կարող Է Յառաջ Ընթանալ»

January 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Սաֆատի հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Բացարձակ կերպով Լիբանանի, անոր անվտանգութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան կողքին կը կանգնինք եւ կ՛ընդգծենք, որ Իսրայէլ պէտք է յարգէ զինադադարը»:

«Մենք վստահ ենք, որ Լիբանանի նոր ղեկավարութիւնը կարող է յառաջ ընթանալ», նշեց ան:

«Լիբանանեան բանակին մեր աջակցութիւնը կը շարունակուի, եւ աշխարհի տարածքին մեր գործընկերներուն հետ կը քննարկենք բանակի կարիքներուն ապահովումը, որպէսզի կարենայ իր դերը կատարել», յայտնեց Սաֆատի:

«Նախագահ Ժոզեֆ Աունը շնորհաւորեցի իր ընտրութեան առիթով, եւ Յորդանանը Լիբանանի, անոր անվտանգութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման կողքին կը կանգնի. Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ Լիբանանի նկատմամբ իր ոտնձգութիւնները», ըսաւ Սաֆատի:

Յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը նախագահ Աունին յանձնեց Յորդանան այցելելու Ապտալլա Բ. թագաւորի պաշտօնական հրաւէրը:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Ասիկա երկրին պատմութեան մէջ նոր փուլ է, որուն ընթացքին կը յուսանք, որ լիբանանեան հաստատութիւնները կը վերստանձնեն իրենց դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ անհամբեր կը սպասենք Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ համագործակցութեան ու յարաբերութիւններու ամրապնդման»:

Սաֆատի նաեւ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ նշեց. «Լիբանանեան-յորդանանեան յարաբերութիւնները եղբայրական ու հաստատ են, եւ անհամբեր կը սպասենք զանոնք խորացնելու»:

 

 

Նախորդը

Շնորհաւորելով Սալամը` «Տար Ֆաթուան Կ՛աջակցի Եւ Կը Զօրակցի Երեսփոխաններու Ընտրանքին» Կ՛ըսէ Հանրապետութեան Միւֆթին

Յաջորդը

Պայտըն. «Շնորհիւ Ուաշինկթընի Ճնշումներուն, Լիբանան Կրցաւ Ընտրել Վարչապետ Մը, Որ Հըզպալլայի Ազդեցութեան Տակ Չէ»

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.