– ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա յայտնեց. «Շրջանին մէջ փոփոխութեան հով մը կը փչէ, եւ Լիբանանը անկէ անմասն չէ»` շեշտելով. «Պէտք չէ չափազանցել, արմատական փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ հերքել, թէ այս է միայն փոփոխութիւնը»:
«Ազգային ներքին միասնականութեան նկատմամբ վախ չկայ, եւ բոլորէն, նախ եւ առաջ շիի երկեակէն պահանջուածը կառավարութեան մաս կազմելն է»` շեշտելով. «Կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ քուէի տեսութիւնը վերջ գտաւ: Պէտք է բարեկարգչական կառավարութիւն կազմել: Թեքնոքրաթներու կառավարութեան փորձառութիւնը փաստեց, թէ ազգային որոշումի ձեւաւորման համար բաւարար չէ»:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց. «Նախագահի ընտրութենէն ու երդման ճառին յաջորդած լաւ մթնոլորտէն ետք կը թուի, թէ լարուածութիւնը տիրական է: Կ՛առաջարկեմ ջանքերը թափել կազմելու համար թեքնոքրաթներու կառավարութիւն մը` խուսափելու համար ճգնաժամէն եւ պահպանելու անցնող օրերու թափը, եւ այդպիսով Լիբանան մէկ քարով քանի մը թռչուն կը զարնէ»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամին այցելելուն ընթացքին յայտնեց. «Նախագահի ընտրութեան եւ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու ամբողջացման նկատմամբ ընդհանուր գոհունակութիւն կայ, ինչ որ կը նպաստէ լիբանանցիներու միասնականութեան եւ երկիրը յառաջ մղելուն` ամրապնդելու համար տնտեսական ու զարգացման ոլորտին մէջ Լիբանանի զարթօնքը եւ սկսելու բարեկարգման աշխատանքն ու արաբական եւ միջազգային հասարակութեան վստահութիւնը վերաշահելու»:
Ան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիան մշտապէս կը կանգնի Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին կողքին:
Պուխարի նաեւ այցելեց Ալեւիներու իսլամական խորհուրդ նախագահ շէյխ Ալի Քատտուրի:
– ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու պետական նախարար Հէյմըշ Ֆալքոն շնորհաւորեց նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը` յոյս յայտնելով, որ «ատոր արագօրէն կը հետեւի նոր կառավարութեան կազմութիւնը»:
«Անհամբեր կը սպասեմ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ աշխատելու եւ աջակցելու Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման համար բարեկարգումներուն», նշեց Ֆալքըն:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն շնորհաւորեց նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ նախանձախնդրութիւն յայտնեց «անոր հետ աշխատելու` ամրապնդելու համար մեր երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը եւ ամրապնդելու մեր հասարակաց առաջնահերթութիւնները` ի շահ լիբանանցի ժողովուրդին»:
– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ուաշինկթընի մէջ Ատլանտեան խորհուրդի քննարկումներուն ընթացքին ըսաւ. «Հըզպալլայի ուժերը նահանջեցին Լիթանի գետէն հիւսիս»:
«Իրան կորսնցուց կուսակցութեան զէնքեր մատակարելու իր կարողութիւնը», նշեց Պլինքըն` աւելցնելով. «Հըզպալլան յիշողութիւն դարձաւ, եւ Լիբանանի մէջ անոր կարողութիւնը նահանջեց»:


