Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Միւֆթին Շնորհաւորեց Սալամը` Նշելով. «Նշանակեալ Վարչապետի Առաքելութիւնը Դիւրացնելը Ազգային Պարտաւորութիւն Է»

January 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան շնորհաւորեց դատաւոր Նուաֆ Սալամը` կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը ստանձնելու եւ երեսփոխաններուն կողմէ իր ստացած վստահութեան համար` անոր յաջողութիւն մաղթելով «հայրենիքի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ իր ուսերուն դրուած առաքելութեան մէջ»:

«Նշանակեալ վարչապետի մասնագէտներէ եւ ատակ անձերէ բաղկացած ներառական ազգային կառավարութիւն կազմելու առաքելութիւնը դիւրացնելը ազգային պարտաւորութիւն է», նշեց միւֆթի Տրիան:

Ան քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց` երկիրը կարելի եղածին չափ արագ փրկելու, հայրենիքը քաղաքական, ապրուստի, տնտեսական եւ կենցաղային մակարդակներու վրայ ոտքի կանգնեցնելու համար, որպէսզի Լիբանանը ունենայ բարգաւաճ ու ապահով ապագայ մը, ուր խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը տիրեն:

Հանրապետութեան միւֆթին գնահատեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի` իր պաշտօնավարութեան ընթացքին երկրին զգայուն ու վտանգաւոր պայմաններուն մէջ թափած ջանքերուն համար` անոր շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանի ու լիբանանցիներուն համար ի գործ դրած ճիգերուն համար:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Նոր Դարաշրջան Սկսելուն» Առիթով. Ուալիտ Պըն Թալալ Իշխանը «Ֆոր Սիզընզ»-ի Վերանորոգման Ձեռնարկման Մասին Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Սալամ Հանդիպում Ունեցաւ Նախկին Վարչապետներու Հետ

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.