– ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի հետ եւ անոր հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու ապահովական հարցեր:
Նախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց ապահովական կացութիւնն ու ներքին գործոց նախարարութեան խնդիրները:
– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ իմ միջեւ որոշուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի չունեցաւ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու նիստերը պոյքոթի ենթարկելը արտաքին ուժերուն ուղղուած պատգա՞մ է, Պըրրի ըսաւ. «Լիբանանը յառաջ պիտի ընթանայ»:
– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայք Ուոլց յայտնեց. «Կարիքը ունինք Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ապագան եւ ազդուութիւնը քննարկելու»:
– «ՆԱՇՐԱ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան նպատակը Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան առջեւէն խոչընդոտները վերացնելն է, մանաւանդ որ Փարիզ խոստացած է տագնապը արագօրէն լուծել:
– ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ Կեդրոնական դրամատունը շուկան ողողած է մեծաքանակ լիբանանեան թղթոսկիներով, երբ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութենէն ժամեր ետք տարաձայնութիւններ տարածուած են, թէ տոլարի արժէքը պիտի նուազի:
Կեդրոնական դրամատունը հազարաւոր միլիառ լիբանանեան թղթոսկիներ ծախած է, եւ կանխարգիլած մրցակցութիւնը լումայափոխներու եւ դրամատուներու, որոնք մտադիր էին տոլարը 80 հազար լիբանանեան ոսկիի գնելու: Կեդրոնական դրամատունը իր միջամտութեան շնորհիւ շուրջ 200 միլիոն տոլար հաւաքած է:
– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ սուրիական նոր վարչակազմը սկսած է Հերմելի մերձակայ սուրիական գիւղերուն մէջ փակել Լիբանան-Սուրիա ապօրինի սահմանային անցքերը:
Նախապէս սահմանին վրայ զինեալներու միջեւ, ինչպէս նաեւ սուրիացի զինեալներու եւ լիբանանեան բանակին միջեւ բախումներ տեղի ունեցած էին:
– ՍՊԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուել Ալվարեզ երէկ այցելեց Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
– ՆԱԽԱԳԱՀ Աուն հանդիպում ունեցաւ Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոքէ Ռասմուսենի հետ: