Պու Հապիպ Մեծարեց Դեսպաններ, Որոնց Երկիրները Մասնակցեցան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Շէնքի Վերաշինութեան
Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ մեծարեց Իտալիոյ, Թուրքիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Հարաւային Քորէայի դեսպանները, որոնց երկիրները մասնակցեցան կեդրոնական Պէյրութի մէջ վարչապետարանին մօտ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի վերաշինութեան: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլը, երեփոխան Ղասսան Աթալլան, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարաուին, արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար դեսպան Հանի Շմայթլին եւ նախարարութենէն...




















