«Մամլաքա Քապետա» ընկերութիւնը հաղորդեց, որ սէուտցի իշխան Ուալիտ պըն Թալալ յայտարարած է Պէյրութի մէջ «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկի վերանորոգման եւ 2026 թուականի սկիզբը վերաբացման մասին:
Ուալիտ Պըն Թալալ իշխանը յայտարարած է. «Լիբանանի մէջ բարեկամ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ղեկավարութեամբ նոր դարաշրջան սկսելուն առիթով ուրախ եմ յայտարարելու, թէ Պէյրութի «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկը, որ «Մամլաքա Քապետա» ընկերութեան կողմէ կառուցուեցաւ, «Մամլաքա Պէյրութ» ընկերութեան կողմէ ամբողջական վերանորոգման պիտի ենթարկուի եւ 2026 թուականի առաջին եռամսեակի ընթացքին հասարակութեան առջեւ պիտի վերաբացուի»:
Ան աւելցուց, որ պանդոկը այնպիսի ձեւով պիտի վերանորոգուի, որ պիտի դառնայ աշխարհի վրայ ամէնէն շքեղ, լաւագոյն եւ ամէնէն քաշողական պանդոկներէն մէկը:


