Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդարանական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:
Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց.
«Մեր լաւատեսութիւնը յայտնեցինք այս փուլին նկատմամբ, որ սկսաւ զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահ ընտրութեամբ, եւ մեկնելով երդման ճառէն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նշանակումէն, կը տեսնենք, թէ կանգնած ենք պետութեան վերադարձի, հաստատութիւններու աշխատանքի կանոնաւորման եւ քաղաքացիներու տառապանքներու, ձգտումներու եւ պահանջներու խորքէն բխող բարեկարգումներ կատարելու լաւատեսութեան փուլի մը առջեւ:
«Մեկնելով բոլոր ջանքերու միաւորման անհրաժեշտութեան նկատմամբ մեր հաւատքէն եւ վարչապետի հաւատքէն ու հաստատումէն, թէ որեւէ կողմ բացառելու, մեկուսացնելու կամ վնասելու հարց չկայ, կոչ կ՛ուղղենք` կազմելու միախմբող կառավարութիւն մը` ընդգծելով սահմանադրութիւնը, Թաէֆի համաձայնագիրն ու ճիշդ ներկայացուցչութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Լիովին պատրաստ ենք մասնակցելու յաջորդ կառավարութեան եւ աշխատելու պետութեան ու հայրենիքի վերականգնման իրագործման եւ լիբանանցի երիտասարդներու յոյսերը վերականգնելու համար աշխատելու»:
Բագրատունի նշեց. «Տակաւին կառավարութեան ձեւն ու անդամներուն թիւը յստակ չեն»` աւելցնելով. «Վարչապետը բոլորէն աւելի լաւ գիտէ սահմանադրութիւնը, եւ հայ համայնքը կառավարութեան մէջ պիտի ներկայացուի: 30 նախարարներէ կառավարութեան մը մէջ հայ առաքելականներու համար երկու աթոռ կ՛ըլլայ, իսկ 24 նախարարներէ կազմուած կառավարութեան մը մէջ` աթոռ մը հայ առաքելականներու համար եւ աթոռ մը փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին` հայ կաթողիկէներուն եւ հայ աւետարանականներուն»: