Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Շէյխ Խաթիպ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մենք վստահ ենք, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն ունի արժանիքներն ու կամքը գործադրելու երդման ճառը եւ իսկական ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու` պաշտպանելու համար Լիբանանն ու անոր գերիշխանութիւնը եւ զայն ազատագրելու իսրայէլացի թշնամիէն»:
«Պէտք է սորվինք, թէ Լիբանանը չի կառուցուիր բոլոր համայնքներուն միջեւ ստեղծուող թշնամանքներուն վրայ», շեշտեց շէյխ Խաթիպ:
Նախագահ Աուն իր կարգին յայտնեց. «Դուք Շիի իսլամական բարձրագոյն խորհուրդ չէք, այլ լիբանանեան բարձրագոյն խորհուրդ, եւ ձեզմէ մեր լսած խօսքերը իմամ Մուսա Սատըրի վարմունքէն նոր բան մը չեն: Ես անոր գաղափարին, գործելաոճին ու արժեչափերուն հաւատացողներէն եմ, եւ ան միշտ կոչ կ՛ուղղէր կառուցելու բոլորը պաշտպանող պետութիւնը»:
«Հարաւային Լիբանանի զաւակը ըլլալով մերժեցի շնորհաւորական այցելութիւններ ընդունիլ` յարգելով իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով ինկած նահատակներուն յիշատակը, եւ ես կը հաւատամ իմամ Մուսա Սատըրի այն խօսքին, թէ Լիբանան չի կրնար ժպտերես ըլլալ, մինչ անոր հարաւը կը ցաւի կամ կու լայ: Այս է գաղափարս ու աշխատանքիս բնոյթը: Թերեւս դուք զիս լաւ չէք ճանչնար, սակայն միւֆթի Թալեպին մօտիկ էի եւ ան մտածելակերպս գիտէ:
«Ունինք շատ մեծ առիթ, զոր միասնաբար պէտք է օգտագործենք: Կորսնցնելիք ժամանակ չունինք: Վերաշինութիւնը անհրաժեշտ է, եւ աշխատանքի օրակարգիս առաջին կէտը այս է, ատիկա է այն պատճառներէն մէկը, որ զիս կը մղէ կառավարութեան կազմութեան շտապելու: Պէտք է պետութիւններու այցելել` վերաշինութեան օգնութիւն խնդրելու համար»:
«Ստացայ մեծաթիւ հաղորդակցութիւններ, եւ ինծի կ՛ըսեն, թէ զիս կը սպասեն: Անոնց կը պատասխանեմ, որ անմիջապէս որ կառավարութիւնը կազմուի, կ՛այցելեմ: Ուստի պէտք չէ կառավարութեան կազմութեան դիմաց որեւէ խոչընդոտ յարուցել, պարզ պատճառով մը, որ այս առիթը օգտագործելն ու արտաքին աշխարհին պատգամ յղելն է, թէ Լիբանանը կրնայ ինքզինք կառավարել, վերաշինութիւնը թափանցիկ կերպով կատարել եւ կառուցել պետութիւնը, որուն կերտման բոլորս կոչ կ՛ուղղենք: Ոչ ոք կրնայ պետութեան ոտքի կանգնման կոչ ուղղել, իսկ ուրիշ մը այդ կոչը չուղղել, կամ իւրաքանչիւր կողմ պետութեան իր սեփական հասկացողութիւնը ունենայ, որովհետեւ բոլորին մէկ պետութիւն եւ բոլորին մէկ Լիբանան կայ, ինչպէս նաեւ որեւէ բաղադրիչ մաս միւսին վրայ առաւելութիւն չունի:
«Բաղադրիչ մաս մը չի կրնար վնասուիլ, իսկ ուրիշ մը ոչ, եթէ բաղադրիչ մաս մը վնասուի, ամբողջ Լիբանանը կը վնասուի: Տեսանք այն վայրագ պատերազմը, որ իսրայէլացի թշնամին շղթայազերծեց: Ճիշդ է, որ անոր թիրախը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու, հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի շիիական շրջաններն էին, սակայն ամբողջ Լիբանանը քանդուեցաւ: Եթէ Ճիւնին կամ հիւսիսը չհարուածուեցան, ապա այդ շրջանները ազդուեցան: Ուստի չենք կրնար ըսել, որ եթէ Հարաւային արուարձանները հարուածուեցան եւ Թրիփոլին չհարուածուեցաւ, ապա ատիկա զիս չի հետաքրքրեր, ընդհակառակը»:
Շէյխ Խաթիպ յայտնեց. «Զէնքը մեզի համար սրբազան չէ, այլ երկրին միասնականութիւնն ու ժողովուրդի արժանապատուութիւնը»:
«Չենք ունեցած եւ պիտի չունենանք մեր սեփական քաղաքական ծրագիրը, այլ մենք ու մնացեալ լիբանանցիները կարիքը ունինք անդորրի եւ կայունութեան», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Վատիկանի քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ: Վերջինս շնորհաւորեց նախագահ Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով` մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ Լիբանանին ամենայն բարիք ու բարգաւաճում:
Նախագահ Աունին հեռաձայնեց նաեւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս, որ զինք հրաւիրեց Յունաստան այցելելու:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շնորհաւորական նամակ մը ստացաւ Քաթարի Թամիմ Պըն Համատ իշխանի կողմէ: Իշխանը իր մտադրութիւնը յայտնեց ամրապնդելու երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներուն մէջ եղբայրական յարաբերութիւնները եւ շարունակելու Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին աջակցիլ դէպի պայծառ ապագայ անոնց երթին մէջ:
Նախագահ Աուն երէկ նաեւ ընդունեց Արդարադատութեան բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Սուհէյլ Ապպուտը, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին ու գնդապետ-զօրավար Ռամզի Ռամին:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շնորհաւորեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ աւետարանական համայնքի բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ պատուելի Ժոզեֆ Քասսապը, Թրիփոլիի մէջ փաստաբաններու սենտիքայի նախագահ Սամի Մըրհի Հասանը, Լիբանանի դեսպաններու հաւաքի նախագահ դեսպան Հիշամ Տիմաշքիէն եւ «Ֆուատ Շեհապ» հաստատութեան նախագահ Ատել Համիէն: