Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետեր Այցելեցին Նախագահ Աունի

January 16, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Ռայի պատրիարքը հանրապետութեան նախագահին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Կը շնորհաւորենք նախագահ Աունը իր ընտրութեան, երդման ճառին եւ այն վստահութեան համար, որ ան ստացաւ ժողովուրդէն ու պետութիւններէն: Անոր բոլոր հարցերուն մէջ յաջողութիւն մաղթեցինք»:

Պատասխանելով հարցումի մը` ան ըսաւ. «Նախագահ Աուն, ինչպէս իր երդման ճառին մէջ ըսաւ, կը հաւատայ, որ մէկ օրէն միւսը ոչինչ կը պատահի, եւ այն, ինչ որ ըսաւ, յստակ է»:

«Նախագահ Աուն կը մաղթէ, որ կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ կազմուի, եւ ոչ ոք բացառուի: Նախագահ Աունն ու վարչապետ Սալամը իրենց ձեռքը բոլորին երկարած են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լաւատեսութենէ կը մեկնինք եւ ոչ թէ` յոռետեսութենէ: Մենք կ՛ուզենք յոյսը ապրիլ եւ կ՛ուզենք ոտքի կանգնիլ եւ միասնաբար կանգնիլ»:

Յոյն ուղղափառներու պատրիարք Եուհաննա Ժ. Եազիժի նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աունին առջեւ երկար ու դժուար ճամբայ կայ` փրկելու համար Լիբանանը, սակայն ան բոլոր լիբանանցիներուն վստահութիւնը ստացաւ, եւ բոլորս անոր իշխանութեան տակ նոր Լիբանանի կերտումը կը փափաքինք»:

«Նախագահ Աունին յայտնեցինք, որ անոր կողքին ենք, եւ մեր կարծիքով` Լիբանան էջ մը փակեց եւ նոր էջ մը բացաւ, եւ լոյսը ծագեցաւ», նշեց պատրիարքը:

Նախագահական պալատ այցելեց նաեւ յոյն կաթողիկէներու պատրիարք Եուսեֆ Ապսին, որ հանդիպումի աւարտին Պաապտայի պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Նախորդը

Շէյխ Քապալան. «Լիբանանի Կայունութիւնը Միայն Ազգային Ճիշդ Ներկայացուցչութեամբ Է, Եւ Ազգային Ուխտէն Բխող Գործընկերութեան Վնասումը Շատ Վտանգաւոր Հարց Է»

Յաջորդը

Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Բագրատունի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Կազմելու Միախմբող Կառավարութիւն Մը, Եւ Մենք Ամբողջովին Պատրաստ Ենք Անոր Մաս Կազմելու»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.