Երէկ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խորհրդարանին մէջ սկսաւ կառավարութեան կազմութեան խորհրդարանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն: Մինչ երէկուան հանդիպումները երեսփոխանական պլոքներու հետ էին, այսօրուան հանդիպումները նախատեսուած են անկախ երեսփոխաններու հետ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաւօտեան ժամը 10:00-ին իր ճշդուած ժամուն չներկայացաւ հանդիպումի: Շատ չանցած յստակ դարձաւ, որ շիի երկեակը խորհրդակցութիւններուն պիտի չմասնակցի եւ պիտի բաւարարուի Պըրրիի` Սալամի հետ հանդիպումով, որ նախատեսուած է ուրբաթ օր:
Սալամ երէկ իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ: Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նշանակեալ վարչապետին յաջողութիւն մաղթեցի»` աւելցնելով. «Մենք յոյսի նշոյլ մը տեսանք, եւ առիթ գոյութիւն ունի»:
«Գիտեմ, թէ Սալամի գործելաոճը ոչ աւանդական պիտի ըլլայ, եւ մեկնելով ատկէ դիրքորոշումս այն էր, թէ որեւէ պահանջ չունինք», ըսաւ Պու Սաապ` աւելցնելով. «Կը յուսանք առիթ ընծայել Սալամին, եւ ան դրական տրամադրուած է բոլոր կողմերուն նկատմամբ եւ ոչ ոք բացառելու մտադրութիւն ունի, ինչպէս նաեւ փոփոխութիւնը ցոյց տալու պատասխանատուութիւնը ունի»:
Խորհրդարանի փոխնախագահը ըսաւ, որ Պըրրիի եւ Սալամի միջեւ հաղորդակցութիւնը գոյ է, եւ երկու կողմերը միջնորդի կարիք չունին:
Փոփոխութեան դաշինք երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարք Տաու նշանակեալ վարչապետին հետ իր հանդիպումէն ետք ըսաւ. «Քննարկումը կառավարութեան ձեւին ու պարունակութեան շուրջ էր, եւ մենք մուտք գործեցինք նոր փուլ, եւ մաղթեցինք, որ կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ սեղմ ըլլայ եւ չներառէ կուսակցականներ, ներառէ շարք մը կիներ, կուսակցական բաժնեկցութիւն չըլլայ, եւ կեդրոնացումը ըլլայ պահանջուած առաքելութեան վրայ, եւ բոլոր զէնքերը յանձնուին»:
«Նաեւ անոր կոչ ուղղեցինք, որ կառավարութիւնը վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան վերաբերեալ օրէնսդրական իրաւասութիւններ ունենայ: Մենք մեզ նախագահ Ժոզեֆ Աունով եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամով ներկայացուած կը նկատենք: Երկիրը փրկելու իսկական առիթ ունինք», նշեց ան:
Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ Թէյմուր Ժոմպլաթ յայտնեց. «Մաղթեցինք մեղմացնել հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին վրայ ճնշումներն ու պահանջները, որպէսզի կարողանան կառավարութիւնը կազմել»:
«Լիբանանի մէջ պատմական փուլի առջեւ կանգնած ենք, եւ առիթ ունինք ապագայի պետութիւնը կառուցելու, եւ այդ հաստատեցինք Սալամին, անոր ամենայն յաջողութիւն մաղթելէ ետք», ըսաւ Ժոմպլաթ:
«Պետութեան կառուցման համար պէտք է բոլորին հետ հաղորդակցինք, եւ ոչ ոք կրնայ միւսը ջնջել», նշեց ան:
Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան Խորհրդակցական անկախ հանդիպում պլոքի Սալամի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպումի մէջ էինք անձի մը հետ, որ բաց է եւ մտիկ ընող, եւ կարեւորագոյնը երդման ճառի եւ կառավարութեան ճամբով իշխանութեան աշխատանքը դիւրացնելու եւ յաջողցնելու համար կառավարութեան մէջ անձերու նշանակման քաղաքական կամք գոյութիւն ունի»:
«Բոլորին գործակցութեամբ երկիրը փրկելը հիմնականն է` խուսափելու համար խաւար փապուղիէն», նշեց Քանաան` աւելցնելով. «Վստահ եմ, որ նշանակեալ վարչապետը ծանօթ է թղթածրարներուն, եւ անոր տրամադրութեան տակ պիտի ըլլամ ելեւմտական թղթածրարէն որեւէ հարցի ծանօթանալ ուզելուն պարագային»:
Երեսփոխան Սըժաան Աթիէ Ազգային չափաւորականութիւն պլոքին անունով յայտնեց. «Կ՛ուզենք կառավարութիւն մը, որ կը ներկայացնէ երկիրին բոլոր բաղադրիչ կողմերը, որպէսզի ազդու եւ յաջող ըլլայ նոր Լիբանանի մակարդակի վրայ, եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը բարգաւաճման ոգի ունի եւ հաւասար բարգաւաճման մասին յայտնեց»:
«Կառավարութեան մաս պիտի կազմենք, եւ մեր նշանաբանը «ճիշդ մարդը, ճիշդ տեղ»-ն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Նախարարական աթոռ պահանջեցինք, կը հաւատամ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի իմաստութեան, եւ կարելի չէ պետութիւն կառուցել առանց բոլորի մասնակցութեան: Սալամ բոլոր ընտրանքներուն նկատմամբ դրական տրամադրուած էր»:
Հզօր Լիբանան երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Երկրին մէջ առիթ գոյութիւն ունի նոր հաւասարակշռութեան, ազդու գործընկերութեան եւ բարեկարգման»:
Ան ընդգծեց, որ Նաուաֆ Սալամի վարչապետ նշանակումը «ոչ ոքի պարտութիւնն է, այլ բարեկարգումի գաղափարին յաղթանակը»` շեշտելով. «Անկէ կառավարութեան մէջ որեւէ բան չպահանջեցինք, եւ պատրաստ ենք օգնելու: Մեր կարծիքով` կառավարութիւնը պէտք է խորհրդարանական ուժերը ներկայացնող ըլլայ, սակայն մասնագէտներէ կազմուած»:
«Մենք չենք ընդունիր ոեւէ մէկը բացառել, եւ ոչ ոք պէտք է այդ միտքը ունենայ», նշեց Պասիլ:
«Պահանջեցինք, որ կառավարութեան ծրագիրին մէջ ըլլայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ պետութեան իշխանութեան լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածումը», աւելցուց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
Երեսփոխան Ժորժ Ատուան Հզօր հանրապետութիւն պլոքի Սալամի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Մեր հիմնական պահանջը այն է, որ կառավարութեան ծրագիրը ըլլայ (նախագահի) երդման ճառը, եւ յստակ կերպով ճշդեցինք, որ չենք ուզեր վերադառնալ նախկին որեւէ նշանաբանի, որոնցմէ է «Բանակ, ժողովուրդ ու Դիմադրութիւն»-ը»` աւելցնելով. «Մանրամասնօրէն պէտք է գործադրուին միջազգային որոշումները, փտածութեան դէմ պայքար եւ արդարադատութեան անկախութիւն պէտք է ըլլայ»:
«Բաժիններու եւ բաժնեկցութենէն առաջ կ՛ուզենք երրորդ հանրապետութիւնը, որ կը յարգէ սահմանադրութեան եւ օրէնքի կանոնները», նշեց Ատուան:
«Հակառակ նախապէս կարգ մը երեսփոխաններուն տարաձայնածին, ոչ ոքի ժամադրութիւն տրուեցաւ», ըսաւ ան:
«Շիի երկեակը այդ համայնքին մէջ մեծագոյն ներկայացուցչութիւնը ունի, եւ կը յուսանք, որ կը մասնակցի նոր իշխանութեան, սակայն ան միակ ներկայացուցիչը չէ», յայտնեց Ատուան:
Երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ Ազգային անկախ համախմբումին անունով յայտնեց. «Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը յորդորեցինք կազմելու ատակ անձերէ կազմուած կառավարութիւն մը, որ ներկայ փուլի ձգտումներուն բարձրութեան վրայ կ՛ըլլայ, եւ ներկայ իշխանութեան ու կառավարութեան կողքին կը կանգնինք»:
«Բաղադրիչ մասերու միջեւ հաղորդակցութիւնը ներկայ փուլին կարեւոր է, եւ կառավարութիւնը իր առաքելութիւնը կատարելու համար կարելի եղած մեծագոյն համախոհութեան կարիքը ունի», նշեց Ֆրենժիէ:
Կէսօրուան դադարէն ետք, Սալամ ժամը 3:30-ին վերսկսաւ իր խորհրդակցական հանդիպումներուն եւ առաջին հանդիպումը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքին հետ, որուն հետ հանդիպումին ներկայացած էր նաեւ երեսփոխան Ատիպ Ապտելմասիհ: Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայել նշեց, թէ ան կուսակցութեան դաշնակիցն է:
Ժեմայել ըսաւ. «Կը մաղթենք, որ կառավարութեան կազմութիւնը առիթ ըլլայ ոտքի կանգնելու, եւ ամէնէն կարեւորը կազմութիւնն է բարձր ատակութեան տէր անձերէ կազմուած կառավարութիւն մը, որովհետեւ կարողութիւնը ունինք բերելու անձեր, որոնք կը լուծեն կարեւորագոյն թղթածրարները»:
«Անոր փոխանցեցինք, որ մեզ հետաքրքրողը հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի առաքելութիւնը դիւրացնելն է եւ կարելի եղածին չափ շուտ կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի սկսի գործել, եւ այս է առաջնահերթութիւնը, իսկ ձեւը կը ձգենք հանրապետութեան նախագահին ու կառավարութեան, եւ Սալամին փոխանցեցինք մեր տեսակէտը», ըսաւ Ժեմայել:
Երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետը ծանօթ է իր ատակութեամբ ու պարկեշտութեամբ, եւ պէտք է յարմարինք նոր կացութեան եւ նոր փուլը ընկալենք աւելի դրական կերպով, եւ ամէնէն կարեւորը ոչ ոքի վնասելը կամ բացառելն է, եւ մեզ միայն լիբանանեան պետութեան ու սահմանադրութեան ծածկոյթը կը պաշտպանէ: