Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհաւորելով Սալամը` «Տար Ֆաթուան Կ՛աջակցի Եւ Կը Զօրակցի Երեսփոխաններու Ընտրանքին» Կ՛ըսէ Հանրապետութեան Միւֆթին

January 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան հեռաձայնեց նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին` շնորհաւորելով կառավարութեան կազմութիւնը անոր վստահուելուն առիթով:

«Տար Ֆաթուան կ՛աջակցի եւ կը զօրակցի երեսփոխաններուն առաջադրմանը Սալամին, որուն կապուած են լիբանանցիներուն յոյսերն ու ձգտումները` կառուցելու օրէնքի, իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու հաւասարութեան պետութիւն մը, ինչպէս նաեւ գտնելու լուծումներ այն տագնապներուն, որոնցմէ կը տառապի քաղաքացին, եւ վերականգնելու արաբ եղբայրներուն ու բարեկամներուն հետ վստահութիւնն ու գործակցութիւնը»:

Նշանակեալ վարչապետ Սալամ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան միւֆթիին` Լիբանանի մէջ բարեկարգումի եւ վերականգնման երթին աջակցելուն համար:

Ան ընդգծեց Տար Ֆաթուայի իսլամական եւ ազգային դերակատարութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի եւ «արաբական արեւելքի մէջ» անոր քաղաքակրթական առաքելութեան նկատմամբ նախանձախնդիր մնացեալ կրօնական հեղինակութիւններուն նման կը ներկայացնէ լիբանանցիներուն եւ արաբներուն խիղճն ու միտքը:

Միւս կողմէ, նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունան, որուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Կը յուսանք, որ նշանակեալ վարչապետը կը յաջողի կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ կազմել, ինչ որ կը նպաստէ արտաքին աշխարհին դրական նշան տալու եւ վստահութեան կամուրջներ կառուցելու»:

Ապի Մունա իր կարգին յայտնեց, որ իրենք կը կանգնին հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին կողքին:

Նախորդը

Էշրեֆիէի Մէջ Հայ Մը Ոճիրի Զոհ

Յաջորդը

Սաֆատի. «Լիբանանի Նոր Ղեկավարութիւնը Կարող Է Յառաջ Ընթանալ»

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.