Լիբանանեան

4 Օգոստոսի 5-Ամեակին Առիթով.  Նախագահ Աուն. «Յանձնառու Ենք Ամբողջական  Ճշմարտութեան Բացայայտման Նկատմամբ»

4 Օգոստոսի 5-Ամեակին Առիթով. Նախագահ Աուն. «Յանձնառու Ենք Ամբողջական Ճշմարտութեան Բացայայտման Նկատմամբ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 5-ամեակին առիթով նշեց. «Կը շարունակենք առնչակից բոլոր կողմերուն վրայ ճնշում բանեցնել` արդարադատութեան յանձնելու ոճիրին բոլոր պատասխանատուները, ինչ ալ ըլլայ անոնց դիրքը կամ պատկանելիութիւնը»: Նախագահը խօսքը զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն ուղղելով յայտնեց. «Արդարութիւնը չի մահանար, եւ հաշուետուութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի կատարուի»: «Լիբանանեան պետութիւնը, իր բոլոր կառոյցներով, յանձնառու է ամբողջական ճշմարտութեան բացայայտման, ինչ ալ ըլլան խոչընդոտները...

Սալամ. «Արդարութեան Եւ Ճշմարտութեան  Շուրջ Սակարկութիւն Պիտի Չկատարենք»

Սալամ. «Արդարութեան Եւ Ճշմարտութեան Շուրջ Սակարկութիւն Պիտի Չկատարենք»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Պէյրութի նաւահանգիստին մօտ 4 օգոստոսի պայթումի զոհերուն նուիրուած փողոցի մը բացման ընթացքին կոչ ուղղեց արդարադատութիւնը ազատ ձգելու: «Մենք արդարութեան եւ ճշմարտութեան շուրջ սակարկութիւն պիտի չկատարենք», յայտարարեց վարչապետը: «Այսուհետեւ ոչ ոք արդարութեան իրագործումը պիտի խոչընդոտէ, եւ Աստուած ուզէ, ճշմարտութիւնը չ՛ուշանար, որովհետեւ անիկա արդարութեան ուղին է», աւելցուց ան: «Կառավարութիւնը նաւահանգիստի ոճիրին ճշմարտութեան բացայայտման համար իրմէ պահանջուած ամէն բան պիտի...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի  5-Ամեակին Առիթով Հաւաք`  Պանդուխտի Արձանին Մօտ

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի 5-Ամեակին Առիթով Հաւաք` Պանդուխտի Արձանին Մօտ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու եւ վիրաւորներու հարազատները երէկ նաւահանգիստի պայթումի 5-ամեակին առիթով երթով հասան նաւահանգիստի մօտ գտնուող Պանդուխտի արձանին շուրջ, ուր բարձրացուցին Լիբանանի մեծ դրօշ մը, որուն վրայ ստորագրած էին ճշմարտութիւն եւ հաշուետուութիւն պահանջող հարիւրաւոր անձեր: Անոնք նաեւ բարձրացուցած էին նահատակներու լուսանկարներու պաստառներ, որոնք ճշմարտութիւն եւ հաշուետուութիւն կը պահանջէին: Հաւաքին ներկայ էին բազմաթիւ նախարարներ եւ երեսփոխաններ: Հաւաքը ընթացք առաւ ժամը...

Հըզպալլայէն Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Միշել Աունի.  Ֆայիատ. «Իսրայէլի Լիբանանեան Հողերէն Հեռանալէն,  Թշնամական Արարքներու Դադրեցումէն Ու Գերիներու  Ազատ Արձակումէն Առաջ Կարելի Չէ  Որեւէ Այլ Բանի Քննարկման Անցնիլ»

Հըզպալլայէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Միշել Աունի. Ֆայիատ. «Իսրայէլի Լիբանանեան Հողերէն Հեռանալէն, Թշնամական Արարքներու Դադրեցումէն Ու Գերիներու Ազատ Արձակումէն Առաջ Կարելի Չէ Որեւէ Այլ Բանի Քննարկման Անցնիլ»

Հըզպալլայէն պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց նախկին նախագահ Միշել Աունի: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռանալը, թշնամական արարքներու դադրեցումն ու գերիներու ազատ արձակումը, եւ ասոնք այն քայլերն են, որոնցմէ առաջ կարելի չէ որեւէ այլ բանի քննարկման անցնիլ»: «Մենք ամբողջովին յարգեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի կէտերն ու...

Քպէյսի Նախարարաց Խորհուրդի Նիստի  Նախօրեակին Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ

Քպէյսի Նախարարաց Խորհուրդի Նիստի Նախօրեակին Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի նշեց. «Թերեւս լաւ երեւոյթ է, որ մեր խնդիրները, Դիմադրութեան կամ այլ մակարդակի վրայ քննարկենք պետութեան հաստատութիւններուն մէջ, եւ ոչ թէ փողոցը կամ կուսակցութիւններուն միջեւ»: «Լիբանանի մէջ կարիքը ունինք միասնական դիրքորոշման, որով դէմ կը դնենք բոլոր ճնշումներուն եւ հարաւային Լիբանանի առօրեայ դրութեամբ ենթարկուած յարձակումներուն: Իսրայէլ կը խախտէ մեր երկինքը, Դիմադրութեան երիտասարդները կը թիրախաւորէ...

Պայրագտարեան Այցելեց Սուր

Պայրագտարեան Այցելեց Սուր

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան կիրակի օր այցելեց Սուր, ուր ներկայ գտնուեցաւ «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» նախաձեռնութեան առաջին օրուան, որուն ընթացքին առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ տեղի ունեցան մարզական տարբեր խաղեր: Լիբանանեան բանակին կողմէ կատարուեցաւ յատուկ ներկայացում մը: ՖԻՆԻՒԼ-ի մալեզիական եւ հարաւային քորէական միաւորները եւս ազգային անջատ ներկայացումներ կատարեցին: Նախարար Պայրագտարեան այս առիթով խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «2025 թուականի փառատօներու...

Քումաթի. «Պիտի Չենթարկուինք,  Պիտի Չնահանջենք Եւ Պիտի Չյանձնուինք»

Քումաթի. «Պիտի Չենթարկուինք, Պիտի Չնահանջենք Եւ Պիտի Չյանձնուինք»

Հըզպալլայի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մահմուտ Քումաթի Հըզպալլայի հանրային կապերու տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարեց. «Կ՛ուզենք ուժեղ պետութիւն մը եւ ուժեղ բանակ մը, որ մեր ժողովուրդն ու երկիրը կը պաշտպանէ, եւ մենք պիտի չենթարկուինք, պիտի չնահանջենք եւ պիտի չյանձնուինք: Մենք գերիշխան ու անկախ Լիբանանի եւ Լիբանանի ուժը ամրապնդելու համար երկխօսութեան ու փոխհասկացողութեան հետ ենք»: «Կը պարծենանք ու կը հպարտանանք Կազայի բնակչութեան կողքին...

Թրապուլսի. «Բանակին Ու Հըզպալլայի Միջեւ  Զինեալ Բախումի Ծագման Մասին Խօսքերը  Չափազանցութիւն Են, Եթէ Ոչ Քաղաքական Ձաբռտուք»

Թրապուլսի. «Բանակին Ու Հըզպալլայի Միջեւ Զինեալ Բախումի Ծագման Մասին Խօսքերը Չափազանցութիւն Են, Եթէ Ոչ Քաղաքական Ձաբռտուք»

Հզօր Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Էտկար Թրապուլսի քուէյթեան «Անպա» օրաթերթի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու իրագործման խնդիրը այնքան կառավարութեան մաս կազմող կողմերուն վրայ գրաւ դնելու հարց չէ, որքան ազգային պատասխանատուութիւն, որ ամբողջ կառավարութեան կը պարտաւորեցնէ գտնել լուծումներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի` իր հողերուն եւ օդին արտաքին ոտնձգութիւններէն պաշտպանութիւնը, զուգահեռաբար երաշխաւորելով Լիբանանի միասնականութիւնն ու ներքին միաւորումը, եւ ոչ թէ...

Հաժժար. «Շնորհակալութիւն Բոլորին,  Որոնք Նպաստեցին Ընտրական  Հոլովոյթի Յաջողութեան»

Հաժժար. «Կառավարութիւնը Յանձնառու Է Արդարադատական Որոշումներու Գործադրութեան, Երբ Անոնք Հրապարակուին»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար, անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կառավարութիւնը յանձնառու է արդարադատական որոշումներու գործադրութեան, երբ անոնք հրապարակուին»:    

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը գրէ. «Երկիրը կանգնած է երկու ընտրանքի առջեւ` կա՛մ լիբանանցիները պետութեան ուղին կ՛ընտրեն եւ ազգային ու ռազմավարական շարք մը շահեր կ՛ապահովեն, կա՛մ ալ կը ձգեն, որ երկիրը քայքայման ու մեկուսացման ուղիով ընթանայ»: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի պալատի, վարչապետարանի եւ Այն Թինէի միջեւ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի` փորձելով «զէնքի նիստ»-ը անցընել ներքին եւ արտաքին նուազագոյն վնասներով, որովհետեւ...

Բագրատունի. «Տօնդ Շնորհաւո՛ր,  Ո՜վ Հայրենիքի Զինուոր»

Բագրատունի. «Տօնդ Շնորհաւո՛ր, Ո՜վ Հայրենիքի Զինուոր»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Լիբանանեան բանակի տօնին առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ «Տօնդ շնորհաւո՛ր, ո՜վ հայրենիքի զինուոր» խորագիրով գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Քու նկատմամբ մեր սէրը հայրենիքին չափով է: Տօնդ շնորհաւո՛ր, ո՜վ հայրենիքի զինուոր»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն`  Բանակի Զինուորներուն. «Դուք Մեր Յաւիտենական Պարծանքն Էք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն` Բանակի Զինուորներուն. «Դուք Մեր Յաւիտենական Պարծանքն Էք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, երէկ Բանակի տօնին առիթով իր Դիմատետրի էջին վրայ «Ձեր տօնը փառք է, եւ դուք մեր յաւիտենական պարծանքն էք» խորագիրով գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Յարգանքով կը խոնարհինք ձեզ զոհողութիւններուն առջեւ: Ողջո՜յն պատիւի եւ հաւատարմութեան զինուորներուն»:  

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»

Սալամ. «Առանց Զէնքը Բանակին Մենաշնորհը Դարձնելուն Եւ Պետութեան Իշխանութիւնը Բոլոր Իր Հողերուն Վրայ Տարածելուն Լիբանանին Փրկութիւն Չկայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ բանակին ողջոյնի խօսք ուղղեց` անոր տօնին առիթով` նշելով, որ բանակը «գերիշխանութեան վերնագիրն է, անկախութեան խորհրդանիշն ու հայրենիքի անվտանգութեան անառիկ բերդը»: Սալամ շեշտեց. «Առանց զէնքը բանակին մենաշնորհը դարձնելու լուրջ աշխատանքի Լիբանանին փրկութիւն չկայ, եւ կայունութիւն կայ միայն պետութեան իր սեփական ուժերով իր բոլոր հողերուն վրայ լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը տարածելով», ինչ որ Թաէֆի համաձայնութեան եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին համահունչ...

Խօսքը Սէուտական Արաբիոյ Ուղղելով`  Շէյխ Քապալան. «Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Կայունութիւնն  Ու Կազան Փրկելը Շրջանին Պաշտպանութեան  Եւ Ապահովութեան Համար Հրատապ Անհրաժեշտութիւն Են»

Շէյխ Քապալան. «Ոչ Ոք Լիբանանի Պաշտպան Ազգային Պաշտպանական Ուժը Զինաթափելու Օրինականութիւնը Ունի»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան երէկ ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պետութիւնն ու անոր կառոյցները սիոնականացուած պիտի ըլլային առանց Դիմադրութեան, որ պետութիւնն ու կառոյցները ազատագրեց եւ Լիբանանը ետ բերաւ»: «Մեր մտավախութիւնը ոմանց խաւարի ծառաներուն, բռնագրաւումէն ու փտածութենէն երկիրն ու ժողովուրդը պաշտպանող ուժի պատճառներէն հրաժարելու պնդումին նկատմամբ է», ըսաւ միւֆթի Քապալան: «Լիբանանցի ժողովուրդը, քաղաքական ուժերը, մօտիկն ու հեռուն...

Մուսա. «Կը Գնահատենք Զէնքի Մենաշնորհման  Համար Յստակ Ծրագիրի Մը Գոյացման  Համար Թափուած Ջանքերը»

Մուսա. «Կը Գնահատենք Զէնքի Մենաշնորհման Համար Յստակ Ծրագիրի Մը Գոյացման Համար Թափուած Ջանքերը»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Մուսա հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Կը գնահատենք զէնքի մենաշնորհման համար յստակ ծրագիրի մը գոյացման համար թափուած ջանքերը: «Պետութեան լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր ամբողջական իշխանութիւնը տարածելու անհրաժեշտութեան շուրջ ներքին լայն համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը այլեւս ամէն մանրամասնութեան ու ըսուող խօսքի կը միջամտէ, եւ հեռուէն ու մօտէն կը ղեկավարէ ներքին բոլոր քայլերը, եւ ան է, որ վերջերս ճնշում բանեցուց զէնքի թղթածրարը նախարարաց խորհուրդին փոխանցելու»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն նախանձախնդիր էր իր արտասանած ճառին նշաձողը չբարձրացնելու հոն, ուր Դիմադրութեան հակառակորդները կ՛ուզէին, եւ ընտրեց խօսք մը,...

Նախագահ Աուն. «Պէտք Է Այսօր Իսկ Զէնքը Բանակին  Ու Ապահովական Ուժերուն Մենաշնորհը Ըլլալը Ընդգծենք»

Նախագահ Աուն. «Պէտք Է Այսօր Իսկ Զէնքը Բանակին Ու Ապահովական Ուժերուն Մենաշնորհը Ըլլալը Ընդգծենք»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ բանակի տօնին առիթով արտասանեց խօսք մը` յայտնելով. «Պարտականութիւնս եւ քաղաքական բոլոր կողմերուն պարտականութիւնն է, նախարարաց խորհուրդի, Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդի, խորհրդարանի եւ բոլոր քաղաքական ուժերուն ճամբով օգտագործել պատմական առիթը եւ առանց տատամսումի յառաջ ընթանալ այսօր իսկ ընդգծելու, թէ զէնքը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ բանակին ու ապահովական ուժերուն մենաշնորհն է, որպէսզի վերականգնենք աշխարհի վստահութիւնը...

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»

Սալամ. «Զէնքի Մենաշնորհի Հարցին Մէջ Ետդարձ Չկայ, Եւ Զայն Կառավարութեան Նիստի Ընթացքին Արծարծելը Ոեւէ Մէկը Գրգռելու Համար Չէ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, թէ զէնքի մենաշնորհի նիւթը կառավարութեան յառաջիկայ նիստի օրակարգին վրայ ներառելը «իր բնական հունին մէջ է»` յիշեցնելով, որ նախապէս յայտարարած էր, թէ մտադիր է այդ հարցը կառավարութեան սեղանին վրայ դնել, անմիջապէս որ ներքին ու արտաքին ներկայ հաղորդակցութիւնները հասուննան: Սալամ նաեւ յիշեցուց, թէ անցեալ ապրիլին ինք առաջինն էր, որ այս թղթածրարը օրակարգի...

Շէյխ Քասեմ. «Յարձակումը Դադրեցուցէ՛ք,  Եւ Մեզմէ Լաւագոյն Քննարկումն  Ու Ընդառաջումը Ստացէք»

Շէյխ Քասեմ. «Յարձակումը Դադրեցուցէ՛ք, Եւ Մեզմէ Լաւագոյն Քննարկումն Ու Ընդառաջումը Ստացէք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց. «Դիմադրութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ կառավարութեան նշանակումը դիւրացնելով փաստեց, թէ պետութեան սիւներէն մէկն է»` նշելով. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ պետութեան տարիներու մեծապէս քայքայուած կացութենէն ետք»: «Դիմադրութեան երթով աշխատանք կը տանինք բացառապէս Իսրայէլի դէմ ուղղուած որոշ գործիքներով հողը ազատագրելու, ինչպէս նաեւ պետութեան կառուցման երթին մասնակցելու, եւ անոնցմէ որեւէ մէկը միւսէն առաջնահերթ...

Պայրագտարեան Արտասահմանի Մէջ  Ձեռքբերումներ Արձանագրած  Մարզիկներ Պատուեց

Պայրագտարեան Արտասահմանի Մէջ Ձեռքբերումներ Արձանագրած Մարզիկներ Պատուեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան աննախադէպ քայլով մը պատուեց շարք մը մարզիկներ, որոնք ապրիլ-մայիս 2025-ին արտասահմանի մէջ Լիբանանը ներկայացուցած են եւ մետալներ ստացած ու առաջին դիրքեր գրաւած հաւաքական եւ անհատական մարզախաղերու մէջ: Պայրագտարեան նշեց, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հպարտ է ներկայութեամբը անոնց, որոնք պատրաստուեցան հակառակ դժուար պայմաններուն, մրցեցան, յաղթեցին եւ իրենց հայրենիքի անունը բարձրացուցին: Նախարարը նշեց, որ...

Page 104 of 986 1 … 103 104 105 … 986

Արխիւներ