Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քպէյսի Նախարարաց Խորհուրդի Նիստի Նախօրեակին Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ

August 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի նշեց. «Թերեւս լաւ երեւոյթ է, որ մեր խնդիրները, Դիմադրութեան կամ այլ մակարդակի վրայ քննարկենք պետութեան հաստատութիւններուն մէջ, եւ ոչ թէ փողոցը կամ կուսակցութիւններուն միջեւ»:

«Լիբանանի մէջ կարիքը ունինք միասնական դիրքորոշման, որով դէմ կը դնենք բոլոր ճնշումներուն եւ հարաւային Լիբանանի առօրեայ դրութեամբ ենթարկուած յարձակումներուն: Իսրայէլ կը խախտէ մեր երկինքը, Դիմադրութեան երիտասարդները կը թիրախաւորէ իրենց գիւղերուն մէջ եւ հարաւային Լիբանանի ճամբաներուն վրայ, եւ դժբախտաբար, զինադադարի հովանաւոր պետութիւններէն որեւէ դատապարտում չլսեցինք, ո՛չ ալ Արեւմուտքէն, որ կը ջանայ Լիբանանի ուժը ականահարել զինաթափելով Դիմադրութիւնը, որ մեր գերիշխանութեան ու սահմաններուն պաշտպանն է», ըսաւ երեսփոխանը:

«Դժբախտաբար, այսօր մեզի կը պակսի ներքին միասնական դիրքորոշումը եւ իսկական ազգային միասնականութիւնը, որոնցմով դէմ կը դնենք մեր երկրին սպառնացող բոլոր վտանգներուն: Այսօր չափազանց կարիքը ունինք միացեալ դիրքորոշման, որ կը պահպանէ մեր գերիշխանութիւնը եւ մեր սահմանները կը պաշտպանէ: Չենք ընդունիր, որ մեր օդային տարածքը ոտնահարուի, մեր գիւղերուն վրայ յարձակում գործուի, մինչ բռնագրաւեալ Պաղեստինի սահմանակից մեր գիւղերը կը մնան քանդուած, առանց վերակառուցման արտօնութեան, ո՛չ ժողովրդային մակարդակի վրայ, ո՛չ պաշտօնապէս, ո՛չ իսկ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու ճամբով», նշեց Քպէյսի:

Ան Լիբանանի մէջ բոլորին կոչ ուղղեց` «ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ հանդարտ քննարկում կատարելու, մասնաւորաբար յառաջիկայ նախարարաց խորհուրդի նիստի նախօրեակին: Սարսափի ենթարկում չենք ուզեր, այլ պետութեան հաստատութիւններուն մէջ երկխօսութիւն` պահպանելու համար Լիբանանը, անոր անվտանգութիւնն ու տնտեսութիւնը»:

«Այն, ինչ որ (խորհրդարանի նախագահ) Նեպիհ Պըրրին կը ջանայ յաջողցնել, պետութեան հաստատութիւններուն մէջ քննարկումն է, հեռու մնալով փողոցէն ու պառակտումէն` Լիբանանը կայունութեան, բարիքի եւ հանդարտութեան կացութեան հասցնելու համար», յայտնեց Քպէյսի:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Այցելեց Սուր

Յաջորդը

Հըզպալլայէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Միշել Աունի. Ֆայիատ. «Իսրայէլի Լիբանանեան Հողերէն Հեռանալէն, Թշնամական Արարքներու Դադրեցումէն Ու Գերիներու Ազատ Արձակումէն Առաջ Կարելի Չէ Որեւէ Այլ Բանի Քննարկման Անցնիլ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.