Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Պէտք Է Այսօր Իսկ Զէնքը Բանակին Ու Ապահովական Ուժերուն Մենաշնորհը Ըլլալը Ընդգծենք»

Օգոստոս 1, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ բանակի տօնին առիթով արտասանեց խօսք մը` յայտնելով. «Պարտականութիւնս եւ քաղաքական բոլոր կողմերուն պարտականութիւնն է, նախարարաց խորհուրդի, Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդի, խորհրդարանի եւ բոլոր քաղաքական ուժերուն ճամբով օգտագործել պատմական առիթը եւ առանց տատամսումի յառաջ ընթանալ այսօր իսկ ընդգծելու, թէ զէնքը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ բանակին ու ապահովական ուժերուն մենաշնորհն է, որպէսզի վերականգնենք աշխարհի վստահութիւնը մեր նկատմամբ, պետութեան ապահովութիւնը ամէն առիթով մեր գերիշխանութիւնը ոտնահարող իսրայէլեան յարձակումներէն, ինչպէս նաեւ ծայրայեղականութեան հագուստ կրող եւ կրօններու հետ կապ չունեցող ահաբեկչութեան դէմ պաշտպանելու կարողութեան նկատմամբ վստահութիւնը»:

«Յոգնեցանք ուրիշներուն մեր հողերուն վրայ եւ մեր պատերազմներէն, ինչպէս նաեւ մեր գրաւներէն ու արկածախնդրութիւններէն: Ժամանակն է, որ վերջ գտնեն պատրուակներն ու ախորժակները մեր թշնամիներուն, որոնք կ՛օգտագործեն մեր պառակտումներն ու մտավախութիւնները: Որոնց (թշնամիներուն, «Ա.») երբեմն պետութեան ծիրէն դուրս դէմ դրինք, մեզմէ ոմանց, թէ բարի նպատակներով, այն կարծիքին հիմամբ, թէ պետութիւնը շատ տկար է ատիկա ընելու, կամ թշնամին մեր մէջ է կամ արտաքին կողմ մը, որ մեզմէ մէկուն կ՛աջակցի եւ փոխան անոր պիտի կռուի: Հազարաւոր նահատակներ ունենալնէս եւ մեր հայրենիքին մեծ մասին քանդուելէն ետք, բոլոր պատրանքները չքացան», յայտնեց նախագահը:

«Ո՛չ, թշնամիին դէմ բանակի զէնքէն աւելի լաւ երաշխիք չկայ: Բանակ, որուն ետին կանգնած է հաստատութիւններու, արդարութեան եւ հասարակական շահու վրայ հիմնուած պետութիւն մը: Բոլորս կանգնինք բանակի թիկունքին, որովհետեւ փորձառութիւնը փաստեց, թէ անոր զէնքը ամէնէն ազդուն է, անոր ղեկավարութիւնը` ամէնէն ապահովը, իսկ անոր հաւատարմութիւնը` ամէնէն հաստատը», նշեց Աուն:

«Յարձակումին դէմ դրածներուն եւ անոնց ազգային ազնիւ միջավայրին կոչ է` ձեր գրաւը թող միայն լիբանանեան պետութեան վրայ ըլլայ, այլապէս ձեր զոհաբերութիւնները կը մսխուին, եւ անոնց հետ պետութիւնն ու անկէ մնացածը կը տապալին: Դուք պետութեան կառուցման ծրագիրը վտանգելէ աւելի ազնիւ էք եւ մեր դէմ պատերազմի շարունակութիւնը ուզող թշնամիին պատրուակներ տալէ աւելի ազնուական: Այդպիսով պիտի շարունակենք մնալ մեր ողբերգութեան, ցրուածութեան եւ անձնասպանութեան մէջ: Սակայն այս անգամ մեր կամքով հրաժարած կ՛ըլլանք միջազգային եւ արաբական աջակցութենէն, եւ կորսնցուցած` մեր ազգային միաձայնութիւնը, եւ ատիկա բան մըն է, որ ո՛չ դուք կ՛ուզէք, ո՛չ ալ մենք», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

«Հազարերորդ անգամ ըլլալով ձեզի կը վստահեցնեմ, թէ զէնքի մենաշնորհին նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը կը բխի Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու սահմանները պաշտպանելու, բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը ազատագրելու եւ իր բոլոր զաւակները ներառող պետութեան կառուցման նկատմամբ նախանձախնդրութենէս», շեշտեց Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը քաղաքական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «զէնքի մենաշնորհի հարցին ամբողջական պատասխանատուութեամբ մօտենալու»` աւելցնելով. «Ներկայ փուլը ճակատագրական է, եւ որեւէ կողմէ սադրանքի կամ վնասակար ու անօգտակար վիճաբանութեան չի տոկար: Մեր բոլորիս զոհողութիւնները սուրբ են, իսկ վտանգը, ըլլայ այդ ապահովական կամ տնտեսական, անխտիր բոլորը կը թիրախաւորէ»:

«Աշխատանք տարինք Լիբանանը իր արաբական շրջապատին ու միջազգային ընտանիքին վերադարձնելու: Օտար եւ արաբական պետութիւններ մեր կատարած այցելութիւններուն ճամբով վերականգնեցաւ մէկդի դրուած համաձայնութիւններու վերակենդանացման քննարկումը, ինչպէս նաեւ դեսպանատուներու վերաբացման, Պէյրութի մէջ այդ այցելութիւնները դեսպաններու նշանակման, արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկներու վերադարձին յանգեցուցին», նշեց ան:

«Այս ծիրին մէջ սէուտցի եղբայրներէն ստացանք ողջունելի նախաձեռնութիւն մը` օգնելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային կայունութեան համար անհրաժեշտ դասաւորումներու արագացման: Լիբանան նախանձախնդիր է դրացի Սուրիոյ հետ հոյակապ յարաբերութիւններու կառուցման եւ երկու երկիրներու շահերուն: Մեզմէ մէկուն բարգաւաճումը միւսին բարգաւաճումէն կու գայ, ճիշդ ինչպէս մեր միջեւ գտնուող հասարակաց իւրաքանչիւր ցաւ», աւելցուց նախագահ Աուն:

Նախորդը

Սալամ. «Զէնքի Մենաշնորհի Հարցին Մէջ Ետդարձ Չկայ, Եւ Զայն Կառավարութեան Նիստի Ընթացքին Արծարծելը Ոեւէ Մէկը Գրգռելու Համար Չէ»

Յաջորդը

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?