Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

4 Օգոստոսի 5-Ամեակին Առիթով. Նախագահ Աուն. «Յանձնառու Ենք Ամբողջական Ճշմարտութեան Բացայայտման Նկատմամբ»

August 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 5-ամեակին առիթով նշեց. «Կը շարունակենք առնչակից բոլոր կողմերուն վրայ ճնշում բանեցնել` արդարադատութեան յանձնելու ոճիրին բոլոր պատասխանատուները, ինչ ալ ըլլայ անոնց դիրքը կամ պատկանելիութիւնը»:

Նախագահը խօսքը զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն ուղղելով յայտնեց. «Արդարութիւնը չի մահանար, եւ հաշուետուութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի կատարուի»:

«Լիբանանեան պետութիւնը, իր բոլոր կառոյցներով, յանձնառու է ամբողջական ճշմարտութեան բացայայտման, ինչ ալ ըլլան խոչընդոտները եւ որքան ալ բարձր ըլլան պաշտօնները: Արդարութիւնը բացառութիւններ չի ճանչնար, եւ օրէնքը անխտիր բոլորին կը վերաբերի», շեշտեց Աուն:

«Այսօր` 4 օգոստոսին միասնաբար կը նշենք 5-ամեակը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, այդ մեծ ոճիրին, որ ժողովուրդին ու աշխարհին խիղճը ցնցեց, աւելի քան 200 զոհ պատճառեց, հազարաւոր անմեղներ վիրաւորեց եւ մեր սիրելի մայրաքաղաքին մէջ ամբողջ թաղամասեր քանդեց: Այդ ողբերգութենէն հինգ տարի ետք նահատակներուն հոգիներուն, վիրաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն առջեւ կը կանգնինք ընդգծելու, թէ արդարութիւնը պիտի չմահանայ, եւ հաշուետուութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի կատարուի», ըսաւ ան:

«Սահմանադրական պատասխանատուութիւններս ստանձնելէս ի վեր լիբանանցի ժողովուրդին խոստացայ, որ այս մեծ ոճիրին պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելը կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն ըլլայ, եւ իր անփութութեամբ, թերացումով կամ փտածութեամբ այս մարդկային աղէտին պատճառ դարձած իւրաքանչիւր ոք պատիժէն չխուսափի», շեշտեց նախագահ Աուն:

 

 

Նախորդը

Սալամ. «Արդարութեան Եւ Ճշմարտութեան Շուրջ Սակարկութիւն Պիտի Չկատարենք»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումը Կը Մնայ Լիբանանցիներու Սրտերուն Խոր Վէրքը»

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.