«Նախանձախնդիր Ենք, Որ Օրինական Հաստատութիւնները Լիբանանը Ղեկավարեն» Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Իսա
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Տարել Իսա երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Քոնկրեսական Իսա հանդիպումէն ետք նշեց. «Լիբանանեան որոշումը պէտք է լիբանանցի ժողովուրդին ձեռքը ըլլայ, եւ մենք նախանձախնդիր ենք, որ Լիբանանը ղեկավարեն օրինական հաստատութիւնները, որոնց կ՛աջակցինք, ինչպէս նաեւ կը շեշտենք լիբանանեան բանակին մեր աջակցութիւնը»: «Լիբանանեան կառավարութիւնը նախանձախնդիր է կայունութեան հաստատման, եւ Իսրայէլ պէտք է...




















