Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան. «Ոչ Ոք Լիբանանի Պաշտպան Ազգային Պաշտպանական Ուժը Զինաթափելու Օրինականութիւնը Ունի»

August 2, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան երէկ ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պետութիւնն ու անոր կառոյցները սիոնականացուած պիտի ըլլային առանց Դիմադրութեան, որ պետութիւնն ու կառոյցները ազատագրեց եւ Լիբանանը ետ բերաւ»:

«Մեր մտավախութիւնը ոմանց խաւարի ծառաներուն, բռնագրաւումէն ու փտածութենէն երկիրն ու ժողովուրդը պաշտպանող ուժի պատճառներէն հրաժարելու պնդումին նկատմամբ է», ըսաւ միւֆթի Քապալան:

«Լիբանանցի ժողովուրդը, քաղաքական ուժերը, մօտիկն ու հեռուն գիտեն, թէ երկիրը տառապեցաւ եւ կը տառապի տասնեակ տարիներէ ի վեր շարունակուող իսրայէլեան դառն յարձակումէն, եւ գիտէ, թէ պետութիւնը հոգ չտարաւ իր ժողովուրդին եւ հողէն մէկ թիզ իսկ չազատագրեց, այլ ձգեց, որ հարաւային Լիբանանը հրկիզուի, եւ այսօր ամբողջովին անցեալին նման է, որովհետեւ իսրայէլեան յարձակումը կը թիրախաւորէ ցամաքը, ծովն ու օդը եւ կը հարուածէ լիբանանցի քաղաքացին, անոր հողը եւ գերիշխանութիւնը` առանց մեր պետութեան կողմէ որեւէ ապահովական երաշխիքի:

«Չքմեղանքները շատ են ու ամօթալի, Լիբանանը պաշտպանելով յոխորտալը Լիբանանը ազատագրած զէնքը պաշարելով չ՛ըլլար: Ուստի չկայ աւելի օրինական զէնք, քան Դիմադրութեան ու բանակին զէնքը: Բանակն ու Դիմադրութիւնը գերիշխանական գործընկերութիւն են, եւ առանց այդ գերիշխանութեան է, որ աղէտը կ՛ըլլայ: Զէնքի օրինականութիւնը Լիբանանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու օրինականութենէն կը բխի: Աւելի՛ն, սխալ դիրքորոշումի պնդումն է, որ Լիբանանը կը վտանգէ: Հարցը անունի, շրջագիծի եւ խօսակցական օրինականութիւն չէ, այլ ազգային ուժ մը, որ փաստեց, թէ գերիշխանութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ոլորտին մէջ իրողական երաշխաւոր է: Պետութիւնը պէտք է Դիմադրութիւնը վարձատրէ եւ ոչ թէ իսրայէլացի թշնամին, որ տակաւին կը շարունակէ յարձակումները, օդային յարձակումները եւ մեր երկիրը ոտնակոխ ընելը», յայտնեց Ժաաֆարականներու միւֆթին:

«Այն, ինչ որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, աչքին առջեւ է պետութեան, որ իր պարտաւորութիւնը չի կատարեր: Տասնեակ տարիներով հսկայական զոհողութիւններ կատարած համայնքն ու շրջանակը պաշարելը աղէտալի բան է:

«Լիբանանեան կառավարութիւնը Լիբանանի գերիշխանութենէն զիջելու կամ երկիրը անձնատուութեան, գոյութենական տկարութեան եւ Դիմադրութեան հետ հակառակորդութեան ծիրին մէջ դնելը մեծագոյն նուէրն է Իսրայէլին, որ կը պատրաստուի Լիբանանը գրաւելու, ճիշդ ինչպէս գրաւեց հարաւային Սուրիան:

«Պետութենէն կը պահանջուի ազգային դիրքորոշում մը, որ վայել է գերիշխանութեան պաշտպանութեան ճակատներուն, եւ զգուշացէ՛ք սխալ դիրքորոշումէն, որովհետեւ երկիրը վառօդի տակառի վրայ նստած է: Լուծումը ազգային գործընկերութիւնն է, որ երկիրը կը պաշտպանէ: Մեր յոյսը հայրենիքի իմաստուններն են: Հարցը ազգային է եւ ոչ թէ քաղաքական, իսկ պահը` պատմական ու գերիշխանական: Ոչ ոք Լիբանանի պաշտպան ազգային պաշտպանական ուժը զինաթափելու օրինականութիւնը ունի», յայտարարեց շէյխ Քապալան:

Նախորդը

Մուսա. «Կը Գնահատենք Զէնքի Մենաշնորհման Համար Յստակ Ծրագիրի Մը Գոյացման Համար Թափուած Ջանքերը»

Յաջորդը

Սալամ. «Առանց Զէնքը Բանակին Մենաշնորհը Դարձնելուն Եւ Պետութեան Իշխանութիւնը Բոլոր Իր Հողերուն Վրայ Տարածելուն Լիբանանին Փրկութիւն Չկայ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.