Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քասեմ. «Յարձակումը Դադրեցուցէ՛ք, Եւ Մեզմէ Լաւագոյն Քննարկումն Ու Ընդառաջումը Ստացէք»

August 1, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց. «Դիմադրութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ կառավարութեան նշանակումը դիւրացնելով փաստեց, թէ պետութեան սիւներէն մէկն է»` նշելով. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ պետութեան տարիներու մեծապէս քայքայուած կացութենէն ետք»:

«Դիմադրութեան երթով աշխատանք կը տանինք բացառապէս Իսրայէլի դէմ ուղղուած որոշ գործիքներով հողը ազատագրելու, ինչպէս նաեւ պետութեան կառուցման երթին մասնակցելու, եւ անոնցմէ որեւէ մէկը միւսէն առաջնահերթ չենք նկատեր», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով. «Կարելի չէ մեզ մղել Դիմադրութեան կամ պետութեան կառուցման միջեւ ընտրանք կատարելու, որովհետեւ Դիմադրութիւնը Իսրայէլի դէմ է, իսկ պետութեան կառուցումը քաղաքացիին համար է»:

«Իսրայէլացին զէնքի յանձնումը կը սպասէ ընդլայնելու համար իր գրաւած հինգ կէտերը` բռնագրաւելով մնացեալ գիւղերը եւ աստիճանաբար ծաւալելով: Անոնք հինգ կէտերուն վրայ ապահովական եւ բանակցային դրդապատճառներով չմնացին, այլ ծաւալապաշտ բնակեցման համար», նշեց ան:

«Լիբանան գոյութենական վտանգի առջեւ է, եւ բոլոր համայնքները սպառնալիքի տակ են, ՏԱՀԵՇ-ի եւ իսրայէլացի թշնամիի սպառնալիքը: Հարցը ապազինումը չէ, այլ մեծ վտանգը», ըսաւ շէյխ Քասեմ:

«Վերջին խօսք. պիտի չընդունինք, որ Լիբանանը Իսրայէլի կցորդ դառնայ, այնքան ատեն որ կենդանի շունչ ունինք, եւ Իսրայէլին պիտի չարտօնենք մեզ պարտութեան մատնել: Մեր զէնքը Իսրայէլին դիմադրելու համար է եւ ոչ թէ ուղղուած է լիբանանեան ներքին կեանքին», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Ներկայ փուլին զինաթափման ամէն կոչ Իսրայէլը դիմակայող ուժը վնասազերծելու կոչ է: Առաջնահերթութիւնը զինաթափումը չէ, այլ` վերաշինութիւնը», աւելցուց ան:

«Դադրեցուցէ՛ք յարձակումը, ապա մեր կողմէ լաւագոյն քննարկումն ու ընդառաջումը ստացէք, որովհետեւ մնացեալ արժանապատուութիւնը պիտի չտանք», ընդգծեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով. «Գոյութիւն ունի գերիշխանութեան ու ազատագրութեան ընտրանքը եւ ճորտութեան ու հովանաւորեալութեան ընտրանքը: Երկու ընտրանքներէն առաջինը կ՛ընտրենք եւ պետութեան կոչ կ՛ուղղենք, որ պաշտպանութեան եւ վերաշինութեան հարցով որոշում տայ»:

«Մենք կը զօրակցինք պետութեան հզօրացման ու կառուցման, եւ պետութեան կոչ կ՛ուղղենք` լռեցնելու սադրիչ ձայները, որովհետեւ Լիբանան իր բոլոր զաւակներուն երկիրն է», նշեց շէյխ Քասեմ` եզրափակելով. «Ողջո՜յն բոլոր արաբական պետութիւններուն ու բոլորին, սակայն Իսրայէլին ծառայել ուզողին ողջոյն չկայ»:

 

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Արտասահմանի Մէջ Ձեռքբերումներ Արձանագրած Մարզիկներ Պատուեց

Յաջորդը

Սալամ. «Զէնքի Մենաշնորհի Հարցին Մէջ Ետդարձ Չկայ, Եւ Զայն Կառավարութեան Նիստի Ընթացքին Արծարծելը Ոեւէ Մէկը Գրգռելու Համար Չէ»

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.