Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Արդարութեան Եւ Ճշմարտութեան Շուրջ Սակարկութիւն Պիտի Չկատարենք»

August 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Պէյրութի նաւահանգիստին մօտ 4 օգոստոսի պայթումի զոհերուն նուիրուած փողոցի մը բացման ընթացքին կոչ ուղղեց արդարադատութիւնը ազատ ձգելու:

«Մենք արդարութեան եւ ճշմարտութեան շուրջ սակարկութիւն պիտի չկատարենք», յայտարարեց վարչապետը:

«Այսուհետեւ ոչ ոք արդարութեան իրագործումը պիտի խոչընդոտէ, եւ Աստուած ուզէ, ճշմարտութիւնը չ՛ուշանար, որովհետեւ անիկա արդարութեան ուղին է», աւելցուց ան:

«Կառավարութիւնը նաւահանգիստի ոճիրին ճշմարտութեան բացայայտման համար իրմէ պահանջուած ամէն բան պիտի ապահովէ: Արդարադատութեան իրմէ պահանջած ամէն բան պիտի ապահովէ», ըսաւ Սալամ:

Պատասխանելով այսօրուան նիստին շիի երկեակի նախարարներու նախարարաց խորհուրդի նիստէն հեռանալու եւ զէնքի յանձնման համար ժամանակացոյցի մը ճշդումը մերժելու մասին հարցումի մը` վարչապետը յայտնեց. «Բացարձակապէս մտավախութիւններ չունիմ, ասիկա ամերիկեան պահանջ չէ, այլ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած է, եւ Թաէֆի համաձայնագիրը եւս կը խօսի լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը իր սեփական ուժերով իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելու մասին: Ուստի ասիկա լիբանանեան պահանջ է, եւ հարց մը, որուն շուրջ լիբանանցիները միաձայնութիւն գոյացուցին: Աստուած ուզէ, երեքշաբթի օր ատոր իրագործման գործիքակազմ մը կը ճշդենք»:

Նախքան այդ, վարչապետ Սալամն ու ներկաները շրջեցան երկրագործութեան նախարարութեան եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան պայթումի զոհերուն յիշատակին ստեղծած պարտէզին մէջ եւ պանդուխտի արձանէն մինչեւ մայրաքաղաք Պէյրութի Ժորժ Հատտատ խաչմերուկ երկարող ճամբան կոչեցին «4 օգոստոսի զոհերու փողոց»:

 

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի 5-Ամեակին Առիթով Հաւաք` Պանդուխտի Արձանին Մօտ

Յաջորդը

4 Օգոստոսի 5-Ամեակին Առիթով. Նախագահ Աուն. «Յանձնառու Ենք Ամբողջական Ճշմարտութեան Բացայայտման Նկատմամբ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.