. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը այլեւս ամէն մանրամասնութեան ու ըսուող խօսքի կը միջամտէ, եւ հեռուէն ու մօտէն կը ղեկավարէ ներքին բոլոր քայլերը, եւ ան է, որ վերջերս ճնշում բանեցուց զէնքի թղթածրարը նախարարաց խորհուրդին փոխանցելու»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն նախանձախնդիր էր իր արտասանած ճառին նշաձողը չբարձրացնելու հոն, ուր Դիմադրութեան հակառակորդները կ՛ուզէին, եւ ընտրեց խօսք մը, որ իշխանութիւնը կը վերարտադրէ` կրկնելով երդման ճառը, եւ փաստը այն է, որ խօսքէն առաջ անոր ներկայացուեցան այլ խօսքի առաջարկներ, սակայն զանոնք չորդեգրեց»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախագահին արտասանած ճառը գծեց զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ճամբու քարտէսը: Ամէնէն կարեւորը մշակելն է զայն գործադրելու գործիքակազմ, բան մը, որուն շուրջ կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել կառավարութեան նիստի ընթացքին կամ կառավարութեան յանձնարարութեամբ զայն նոյնիսկ բանակը կրնայ ստանձնել»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աունի արտասանած խօսքը առանցքային է եւ կ՛արտայայտէ իշխանութեան երեք պետերուն, ներառեալ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի դիրքորոշումը, որովհետեւ անոնք կայունութիւնը պահպանելու եւ ապահովական նոր մագլցումի մէջ չներքաշուելու անհրաժեշտութեան շուրջ համաձայն են»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանեան կառավարութեան Ապօրինի զէնքի զինաթափում կատարելու ժամանակացոյց ճշդելուն մէջ տնտնալ շարունակելուն պարագային Միացեալ Նահանգներուն իր յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաքի Լիբանան 4-րդ այցելութիւնը ջնջել սպառնալը մտահոգիչ է, որովհետեւ կը պարունակէ մեծ իմաստներ, որոնց ամէնէն վտանգաւորը միջազգային ընտանիքին լիբանանեան թղթածրարէն իր ձեռքերը լուալն է, ուստի եւ Լիբանանի միջազգային մեկուսացման վերադառնալը, ինչ որ Իսրայէլին ազատութիւն պիտի տայ անոր նկատմամբ իր շահերուն ու շրջանին մէջ ծրագիրներուն համաձայն գործելու»:
. ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Սէուտական Արաբիոյ Լիբանանի աջակցութիւնն ու օգնութիւնը կախեալ դարձած են տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ կառավարման ձեւին մէջ լուրջ բարեկարգումներու գործադրութենէն, եւ ոչ թէ պարզապէս այդ առնչութեամբ խօսքերէ կամ ձեւական փոփոխութիւններէ:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը սէուտական որեւէ աջակցութիւն պայմանաւորած է իսկական բարեկարգումներու իրագործումով եւ փտածութեան դէմ պայքարի թափանցիկ երթի մեկնարկով:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 5000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.451.000 լ.ո.-ի եւ 1.491.000 լ.ո.-ի, մազութի գինը նուազեցաւ 11000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.410.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.073.000 լ.ո.: