Լիբանանեան

Խուրի. «Զէնքը Պիտի Խլենք Չըսինք,  Այլ Հանդարտութեամբ Կոչ Ուղղեցինք  Զայն Պետութեան Յանձնելու»

Խուրի. «Զէնքը Պիտի Խլենք Չըսինք, Այլ Հանդարտութեամբ Կոչ Ուղղեցինք Զայն Պետութեան Յանձնելու»

Ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները զէնքի նիւթը արծարծեցին «սահմանադրական կառոյցներուն մէջ, որովհետեւ օրինականութիւնը միայն օրինականութիւնը կը պաշտպանէ, ուստի նիւթը միայն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն չեկաւ, այլ կառավարութեան մէջ բազմաթիւ բաղադրիչ մասերու հետ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ, եւ բոլորն ալ համաձայն են զայն արծարծելու»: «Զէնքը պիտի խլենք չըսինք, այլ հանդարտութեամբ կոչ ուղղեցինք` զայն պետութեան, այսինքն` բանակին յանձնելու,...

Զօր. Հայքալ. «Կը Խոստանանք Պաշտպանել  Կայունութիւնն Ու Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը,  Եւ Մեր Երկրի Անվտանգութեան  Որեւէ Սպառնալիք Պիտի Չարտօնենք»

Զօր. Հայքալ. «Կը Խոստանանք Պաշտպանել Կայունութիւնն Ու Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը, Եւ Մեր Երկրի Անվտանգութեան Որեւէ Սպառնալիք Պիտի Չարտօնենք»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ բանակի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Կը խոստանանք պաշտպանել կայունութիւնն ու քաղաքացիական խաղաղութիւնը, եւ մեր երկրի անվտանգութեան որեւէ սպառնալիք պիտի չարտօնենք»: «Յուսալից եմ, թէ յառաջիկայ օրերը մեր սիրելի հայրենիքին կայունութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերեն», աւելցուց զօր. Հայքալ:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Մարտահրաւէրներու եւ հրատապ վտանգներու լոյսին տակ, ընթացքի մէջ է ելքի որոնումը: Կը նախատեսուի, որ հաղորդակցութիւններուն կողքին հանրապետութեան նախագահը կեցուածք մը յայտարարէ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդը պահանջուած բարեկարգումները որդեգրէ»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ  «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահական պալատը այն մտավախութիւնը ունի, որ կառավարութիւնը ներսէն պայթեցուի, սակայն աւելի մեծ մտավախութիւնը նախարարաց խորհուրդի նիստի առանց արդիւնքի աւարտիլն է, որովհետեւ այդ...

Ալճերիա-Լիբանան Վեհաժողով  Եւ Ընդլայնուած Բանակցութիւններ

Ալճերիա-Լիբանան Վեհաժողով Եւ Ընդլայնուած Բանակցութիւններ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երեքշաբթի օր երկօրեայ այցելութեամբ հասաւ Ալճերիա, ուր երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ վեհաժողով մը, որուն ընթացքին ստորագրուեցաւ փոխհասկացողութեան արձանագրութիւն մը, որ կը վերաբերէր տեղեկատուութեան մարզին եւ քաղաքական երկխօսութեան գործիքակազմի վերականգնման, որ 2002 թուականին հիմնուելէն ի վեր միայն մէկ անգամ ժողով գումարած է, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան վերականգնման: Նախագահ Աուն Ալճերիոյ...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ

Լաւատեղեակ հինգ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Ուաշինկթըն Պէյրութի վրայ ճնշումը կը բարձրացնէ, որպէսզի նախարարաց խորհուրդը որդեգրէ պաշտօնական որոշում մը, որ զայն կը պարտաւորեցնէ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ բանակցութիւնները սկսելէ առաջ Հըզպալլան զինաթափել: Աղբիւրները, որոնք լիբանանցի երկու պաշտօնատարներ, երկու դիւանագէտներ եւ լաւատեղեակ լիբանանցի աղբիւր մըն են, լրատու գործակալութեան նշած են, որ եթէ լիբանանցի նախարարները հրապարակային...

Պըրրի. «Երկրին Մէջ Ոմանց Իրերայաջորդ  Կերպով Լայնածաւալ Պատերազմի Ահազանգ Հնչեցնելը  Զարմանալի Է Եւ Կը Հակասէ Ազգային  Պատասխանատուութեան Ոգիին»

Պըրրի. «Երկրին Մէջ Ոմանց Իրերայաջորդ Կերպով Լայնածաւալ Պատերազմի Ահազանգ Հնչեցնելը Զարմանալի Է Եւ Կը Հակասէ Ազգային Պատասխանատուութեան Ոգիին»

«Ժումհուրիա» օրաթերթը կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հետ բանակցութիւններուն զգուշ եւ իրատես մօտեցում կը ցուցաբերէ` գիտակցելով այս առումով իր ուսերուն դրուած մեծ պատասխանատուութեան, իբրեւ մէկ կողմէ խորհրդարանի նախագահ, իսկ միւս կողմէ իբրեւ անձ մը, որուն վստահուած է շիիներու շահին եւ ապագային ապահովումը: «Անկախ իսրայէլեան մտադրութիւններու բնոյթէն, ոմանց իրերայաջորդ կերպով Լիբանանի դէմ լայնածաւալ պատերազմի մասին...

Պայրագտարեան Մեկնարկը Կը Կատարէ  «Մարմնակրթութիւնը Բոլորին Համար» Ծրագիրին

Պայրագտարեան Մեկնարկը Կը Կատարէ «Մարմնակրթութիւնը Բոլորին Համար» Ծրագիրին

Երէկ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան Էշրեֆիէի «Սոֆիթել Լը Կապրիել» պանդոկին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեց նախարարութեան մշակած «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» ծրագիրին մեկնարկը: Այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 4 քաղաքապետութիւններ, 16 մարզական ֆետերասիոններ, իսկ զայն կը կազմակերպէ «Սփորց Մանիա» ընկերութիւնը: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան խնդրոյ առարկայ չորս քաղաքապետութիւններուն քաղաքապետները կամ անոնց ներկայացուցիչները, Լիբանանի ողիմպիական...

Բանակը Միջամտեց Լեռնալիբանանի Մէջ  Շէյխ Լէյս Պալհուսը Զինք Պաշարող Հարիւրաւոր  Երիտասարդներէն Պաշտպանելու Համար

Բանակը Միջամտեց Լեռնալիբանանի Մէջ Շէյխ Լէյս Պալհուսը Զինք Պաշարող Հարիւրաւոր Երիտասարդներէն Պաշտպանելու Համար

Լիբանանեան բանակը չորեքշաբթի երեկոյեան միջամտեց շէյխ Լէյս Պալհուսը Լեռնալիբանանի մէջ զինք պաշարող հարիւրաւոր երիտասարդներէն պաշտպանելու համար: Նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ այս առումով յայտնեց. «Լսեցինք, թէ կուսակցականներ Սուէյտայէն Լիբանան վտարուած եւ անոր բնակիչներուն կողմէ հետապնդուած շէյխ մը Լիբանան մտցուցած են առանց անոր թուղթերը սահմանին վրայ կնքելու: Այս վտանգաւոր եւ ոչ արտօնելու հարցին պիտի հետեւինք, եւ յոյս ունիմ, որ ոչ ոք մարդոց...

Ժաշշի. «Դիմադրութիւնը Բռնի Ուժով Զինաթափելը  Կարելի Չէ Իրագործել Կամ Նոյնիսկ Երազի Մէջ Տեսնել»

Ժաշշի. «Դիմադրութիւնը Բռնի Ուժով Զինաթափելը Կարելի Չէ Իրագործել Կամ Նոյնիսկ Երազի Մէջ Տեսնել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշշի շեշտեց. «Դիմադրութիւնը բռնի ուժով զինաթափելը կարելի չէ իրագործել կամ նոյնիսկ երազի մէջ տեսնել»: Ան կոչ ուղղեց` «մեղմացնելու այս հարցին նկատմամբ հռետորաբանութեան ոճն ու սրութիւնը»: «Անոր, որ զէնքի յանձնման նիւթին նկատմամբ բարի նպատակ կամ վատ նպատակ ունի, կ՛ըսենք, թէ ատիկա տեղի պիտի ունենայ այն ժամանակ միայն, երբ գոյութիւն ունենայ հզօր պետութիւն մը, որ կրնայ...

Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԱՇՐԱ» կը հաղորդէ, որ կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն այսօր բանակի տօնին առիթով արտասանէ խօսք մը` ներկայացնելով Լիբանանի անցած փուլերը եւ երդումի ճառին բովանդակութիւնը գործադրելու համար իր թափած ջանքը: . ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻ աղբիւրները «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Պաապտայի պալատին, վարչապետարանին ու Այն Թինէի միջեւ աշխուժ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան համաձայնութիւն գոյացնելու համար բեմագրութեանը շուրջ երեքշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստին, որուն Պաապտայի...

Աուն – Սալամ Հանդիպում

Աուն – Սալամ Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնն ու խորհրդարանի օրակարգին վրայ ներառուած օրինագիծերը: Նախագահն ու վարչապետը նաեւ քննարկեցին նախագահ Աունի երէկ ընթացք առած երկօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներուն ընթացքին արծարծելիք նիւթերը:    

Ժահժահ. «Աունին Եւ Սալամին  Կ՛ըսենք` Երկար Պիտի Չսպասենք»

Ժահժահ. «Աունին Եւ Սալամին Կ՛ըսենք` Երկար Պիտի Չսպասենք»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ զգուշացուց Հըզպալլայի զէնքի հարցի լուծման ձգձգումը շարունակելէ` նշելով, որ այդ զէնքը «Լիբանանի պաշտպանութեան համար անօգուտ է եւ անոր միայն վնաս ու քանդում կը պատճառէ»: «Հաստատօրէն չեմ գիտեր, եթէ յառաջիկայ ամառը աւանդական իմաստով տաք պիտի ըլլայ, այսինքն` իսրայէլեան լայնածաւալ պատերազմ կամ զինուորական լայնածաւալ մագլցում տեղի պիտի ունենայ, սակայն եթէ այսպէս մնանք, հաստատօրէն վատ ամրան դիմաց...

Ժոմպլաթ Արսլանի Ներկայութեամբ  Ընդունեց Հանրապետութեան Միւֆթին

Ժոմպլաթ Արսլանի Ներկայութեամբ Ընդունեց Հանրապետութեան Միւֆթին

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր տան մէջ ընդունեց Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանն ու շրջաններու միւֆթիները` ներկայութեամբ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանի եւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամներուն եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատուներու: Ժողովականները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդգծեցին «Լիբանանի եւ եղբայրական Սուրիոյ չարիք կամեցողներուն դէմ ազգային եւ իսլամական միասնականութիւնը, սադրանք յառաջացնելու որեւէ փորձի մերժումը,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՊԵՏԱԿԱՆ հեղինակութեան մը մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Կարելի չէ անտեսել միջազգային դիրքորոշումներն ու ցուցանիշերը, որոնք կ՛ըսեն, թէ կարելի չէ Լիբանանին ու անոր պատասխանատուներուն երկար սպասել որոշումներ տալու կամ գործելու այդ պատասխանատուներուն ժամանակացոյցով»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնեն. «Հըզպալլայի զէնքի խնդիրին վերաբերեալ լուծումը տակաւին չէ կայացած եւ չնչին քայլ մը իսկ յառաջ չէ շարժած ամերիկեան փաստաթուղթի...

Սալամ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Վերանորոգումը Ապրիլի Վերջաւորութեան  Պիտի Ըլլայ»

Սալամ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերանորոգումը Ապրիլի Վերջաւորութեան Պիտի Ըլլայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Լիուա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ քովս եկաւ ծանօթանալու Փարիզի մէջ հանդիպումիս մթնոլորտին: Մաքրոնի հետ հանդիպումիս արդիւնքի գնահատումը կատարուեցաւ, աչք նետեցինք յաջորդ փուլին եւ Լիբանանի նկատմամբ ֆրանսական աջակցութեան կարելիութիւններուն»: Պատասխանելով Փարիզի հանդիպումին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումին եւ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի առաքելութեան վատ մթնոլորտին վերաբերեալ շրջանառուող լուրերուն...

Վարչապետ Սալամ «Քոմանտոր»-ի Աստիճանի  Մայրիներու Շքանշանը Յանձնեց Ռահպանի Ընտանիքին`  Յետ Մահու Մեծարելով Զիատ Ռահպանիի Վաստակը

Վարչապետ Սալամ «Քոմանտոր»-ի Աստիճանի Մայրիներու Շքանշանը Յանձնեց Ռահպանի Ընտանիքին` Յետ Մահու Մեծարելով Զիատ Ռահպանիի Վաստակը

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, հազարաւոր յուղարկաւորներու թափօրով բազմավաստակ արուեստագէտ եւ երաժիշտ Զիատ Ռահպանիի մարմինը Համրայէն փոխադրուեցաւ Պիքֆայա-Մհայտսէ շրջան: Յուղարկաւորութեան բարձրաստիճան ներկաներու շարքին էր նաեւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի անունով Ռահպանի ընտանիքին յանձնեց «Քոմանտոր»-ի աստիճանի մայրիներու բարձրագոյն շքանշանը` յետ մահու մեծարելով Զիատ Ռահպանիի արուեստի բնագաւառի եւ ազգային իւրայատուկ երթը: Յուղարկաւորներուն առջեւ խօսք առնելով վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Կը...

Պայրագտարեան Ընդունեց Արեւմտեան Ասիոյ  Ախոյեանութեան Տիրացած Լիբանանի  16 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբը

Պայրագտարեան Ընդունեց Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութեան Տիրացած Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան գնահատեց Յորդանանի մէջ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքի ընթացքին ախոյեանի տիտղոսին տիրացած Լիբանանի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ այդ ախոյեանութեան մրցաշարքի ախոյեանի տիտղոսը նուաճելով հասաւ Ասիոյ ախոյեանութեան աւարտականին: Պայրագտարեան յայտնեց, որ ազգային խումբը լիբանանեան մարմնակրթութեան եւ պասքեթպոլի անունը բարձրացուց` անոր յաջողութիւն մաղթելով շուրջ մէկ ամիս ետք Մոնկոլիոյ մէջ նախատեսուած Ասիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքի...

Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Նախարար Ռաժժիի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Նախարար Ռաժժիի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժիի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի եւ բազմակողմ ձեւաչափերով համագործակցութեան հեռանկարները:  

Քպէյսի. «Աշխատանք Կը Տանինք, Որպէսզի  Լիբանանը Իր Դիմադրութեամբ, Բանակով  Եւ Ժողովուրդով Հզօր Մնայ»

Քպէյսի. «Աշխատանք Կը Տանինք, Որպէսզի Լիբանանը Իր Դիմադրութեամբ, Բանակով Եւ Ժողովուրդով Հզօր Մնայ»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց. «Պետութեան բոլոր պատասխանատուներուն պարտաւորութիւնն է մեր հայրենիքին կայունութիւն ապահովել, սահմանները պաշտպանել եւ թշնամիին դիմակայման համար ուժի ազդակներ ապահովել»: «Մենք պիտի դիմակայենք, պիտի տոկանք եւ Լիբանանի ուժի ապահովման համար աշխատինք, որովհետեւ արաբական բեմի վրայ տեսանք նոր քաղաքականութիւններ, որոնք անիրաւութեան, գաղութատիրութեան եւ Միջին Արեւելքի շրջանին համար նոր եւ նոր ձեւի գաղութատիրութեան մասին կը...

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնն  Ու Հըզպալլան Պէտք Է Անմիջապէս Զէնքի Հարցով  Քայլեր Կատարեն, Խօսքերը Բաւարար Պիտի Չըլլան»

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Պէտք Է Անմիջապէս Զէնքի Հարցով Քայլեր Կատարեն, Խօսքերը Բաւարար Պիտի Չըլլան»

Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտարարեց. «Լիբանանեան կառավարութեան հաւաստիութիւնը կախեալ է սկզբունքները գործերով համատեղելու անոր կարողութենէն: Ինչպէս անոր ղեկավարները իրերայաջորդ կերպով ըսին, անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը զէնքին մենաշնորհը ունենայ»: «Այնքան ատեն որ Հըզպալլան զէնքը կը պահէ, խօսքերը բաւարար պիտի չըլլան: Կառավարութիւնն ու Հըզպալլան լիարժէք կերպով յանձնառու պէտք է ըլլան եւ անմիջապէս քայլեր կատարեն, որպէսզի լիբանանցի ժողովուրդը սառեցուած եւ անելանելի կացութեան չդատապարտուի»,...

Page 105 of 986 1 … 104 105 106 … 986

Արխիւներ