Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան կիրակի օր այցելեց Սուր, ուր ներկայ գտնուեցաւ «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» նախաձեռնութեան առաջին օրուան, որուն ընթացքին առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ տեղի ունեցան մարզական տարբեր խաղեր:
Լիբանանեան բանակին կողմէ կատարուեցաւ յատուկ ներկայացում մը: ՖԻՆԻՒԼ-ի մալեզիական եւ հարաւային քորէական միաւորները եւս ազգային անջատ ներկայացումներ կատարեցին:
Նախարար Պայրագտարեան այս առիթով խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «2025 թուականի փառատօներու շարքին Սուր քաղաքէն սկիզբ առնելը արտացոլացումն է մեր փափաքին` ընդգծելու այս սիրելի եւ յոյսով լեցուն քաղաքի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ճամբով բնական կեանքին վերադարձը»:
«Մեր հիմնական նպատակը աննախադէպ ձեռնարկներու ճամբով մարմնակրթութիւնը տարածելն է եւ զայն այս տարբեր ձեռնարկներու ճամբով ծանօթացնելն է, ինչպէս նաեւ իբրեւ նախարարութիւն մարդոց հետ ու անոնց շարքին ըլլալն է, եւ մարմնակրթական ֆետերասիոնները պէտք է իրենց դերը խաղան ոչ միայն մրցակցութեան մէջ, այլեւ բոլոր շրջաններ մուտք գործելու մէջ: Տարբեր տարիքի երիտասարդներու իրարու հետ հաղորդակցութեամբ եւ ամբողջ օրը մեզի հետ ներկայութեամբ շատ ուրախ էի: Կը տեսնուինք Ճիւնիի մէջ»:
«Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» նախաձեռնութեան երկրորդ փուլը 17 օգոստոսին Ճիւնիի մէջ է, ապա 31 օգոստոսին` Ալէի մէջ, իսկ փակումը 21 սեպտեմբերին` մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ:


