Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար, անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կառավարութիւնը յանձնառու է արդարադատական որոշումներու գործադրութեան, երբ անոնք հրապարակուին»: