Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրապուլսի. «Բանակին Ու Հըզպալլայի Միջեւ Զինեալ Բախումի Ծագման Մասին Խօսքերը Չափազանցութիւն Են, Եթէ Ոչ Քաղաքական Ձաբռտուք»

August 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Էտկար Թրապուլսի քուէյթեան «Անպա» օրաթերթի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու իրագործման խնդիրը այնքան կառավարութեան մաս կազմող կողմերուն վրայ գրաւ դնելու հարց չէ, որքան ազգային պատասխանատուութիւն, որ ամբողջ կառավարութեան կը պարտաւորեցնէ գտնել լուծումներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի` իր հողերուն եւ օդին արտաքին ոտնձգութիւններէն պաշտպանութիւնը, զուգահեռաբար երաշխաւորելով Լիբանանի միասնականութիւնն ու ներքին միաւորումը, եւ ոչ թէ պատճառ դառնալու անվերջ ներքին տագնապներու եւ դիմակայութեան ծագման, ո՛չ ալ արտաքին կողմին, ինչ ալ ըլլայ անոր ինքնութիւնը, դիւրացնելու ուզած պահուն լիբանանեան գերիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարելու եւ Լիբանանի ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը խաթարելու»:

«Անկասկած, շրջանի մթնոլորտը ծածկուած է սեւ ամպերով, որոնք մտահոգիչ են, եւ լիբանանեան կառավարութեան պարտաւորութիւնն է լիբանանեան ներքին բեմը ամրապնդել, որդեգրելով գործադիր որոշումներ, որոնք ճամբան կը փակեն այն ամէն ինչին, որ կրնայ Լիբանանը մղել խորքը Միջին Արեւելքի շրջանը հարուածող փոթորիկին, որուն ազդեցութիւնը սկսաւ աշխուժանալ Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերեւ», յայտնեց երեսփոխանը:

«Ասիկա կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը պէտք է զինաթափման վերաբերեալ իր որոշումը կշռէ ոսկերիչի կշիռքով` երաշխաւորելու համար, որ Լիբանան չներքաշուի մութ փապուղիի մը մէջ, որուն սկիզբը գիտենք, սակայն չենք գիտեր, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կ՛աւարտի», ըսաւ ան:

«Ասկէ մեկնելով պէտք է գովել հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Բանակի տօնին առիթով արտասանած խօսքը` ողջմիտ ու իրատեսական ըլլալուն համար», յայտնեց երեսփոխանը:

«Բանակին ու Հըզպալլային միջեւ զինաթափման հարցով զինուորական բախում ծագելու հաւանականութեան մասին խօսքը չափազանցութիւն է, եթէ չըսենք, թէ քաղաքական ձաբռտուք է, մանաւանդ որ լիբանանեան բանակը 1943 թուականին կազմուելէն ի վեր փաստեց, որ ներքին քաղաքական տագնապներէն վեր է, եւ չի ճնշեր լիբանանեան հասարակութեան որեւէ բաղադրիչ մաս, որ իր կարգին կը յարգէ զինուորական տարազը, կը գնահատէ Լիբանանը ահաբեկչական կազմակերպութենէն եւ Լիբանանի անվտանգութեան եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան նկատմամբ չար կամք ունեցողներէն պաշտպանելու անոր առաքելութիւնը», նշեց Թրապուլսի:

Նախորդը

Հաժժար. «Կառավարութիւնը Յանձնառու Է Արդարադատական Որոշումներու Գործադրութեան, Երբ Անոնք Հրապարակուին»

Յաջորդը

Քումաթի. «Պիտի Չենթարկուինք, Պիտի Չնահանջենք Եւ Պիտի Չյանձնուինք»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.