Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ բանակին ողջոյնի խօսք ուղղեց` անոր տօնին առիթով` նշելով, որ բանակը «գերիշխանութեան վերնագիրն է, անկախութեան խորհրդանիշն ու հայրենիքի անվտանգութեան անառիկ բերդը»:
Սալամ շեշտեց. «Առանց զէնքը բանակին մենաշնորհը դարձնելու լուրջ աշխատանքի Լիբանանին փրկութիւն չկայ, եւ կայունութիւն կայ միայն պետութեան իր սեփական ուժերով իր բոլոր հողերուն վրայ լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը տարածելով», ինչ որ Թաէֆի համաձայնութեան եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին համահունչ է: