Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Մուսա հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Կը գնահատենք զէնքի մենաշնորհման համար յստակ ծրագիրի մը գոյացման համար թափուած ջանքերը:
«Պետութեան լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր ամբողջական իշխանութիւնը տարածելու անհրաժեշտութեան շուրջ ներքին լայն համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»: