Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, թէ զէնքի մենաշնորհի նիւթը կառավարութեան յառաջիկայ նիստի օրակարգին վրայ ներառելը «իր բնական հունին մէջ է»` յիշեցնելով, որ նախապէս յայտարարած էր, թէ մտադիր է այդ հարցը կառավարութեան սեղանին վրայ դնել, անմիջապէս որ ներքին ու արտաքին ներկայ հաղորդակցութիւնները հասուննան:
Սալամ նաեւ յիշեցուց, թէ անցեալ ապրիլին ինք առաջինն էր, որ այս թղթածրարը օրակարգի վրայ ներառելու նախաձեռնեց:
Սալամ հերքեց, թէ այդ թղթածրարին նկատմամբ լիբանանցի պաշտօնատարներու միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին` ընդգծելով, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ «ամբողջական եւ շարունակուող խորհրդակցութիւն» գոյութիւն ունի:
Վարչապետը ըսաւ, որ այդ առնչութեամբ օրակարգը ճշդած է «Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած տարազին համաձայն, ինչ կը վերաբերի պետութեան գերիշխանութեան բացառապէս իր սեփական ուժերով իր բոլոր հողերուն վրայ տարածումը ամբողջացնելուն, ինչպէս նաեւ վերջին պատերազմէն ետք հրապարակուած թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութեան գործադրութիւնը շարունակելուն, եւ անոնց շուրջ (ամերիկացի պատուիրակ Թամըս) Պարրաքի փաստաթուղթը կիրառական գաղափարներ կը ներկայացնէ»:
Սալամ զարմանք յայտնեց այդ հարցին «շիիական ընդդիմութեան» մասի տարաձայնութիւններուն նկատմամբ` կրկնելով, թէ նիւթը «ոչ ոք գրգռելու համար է, այլ հանրապետութեան նախագահի երդման ճառի հիմքին եւ կառավարութեան աշխատանքի խորքին մէջ է: Նախագահը ընտրած եւ կառավարութեան երկու անգամ վստահութեան քուէ շնորհած երեսփոխանական լայն մեծամասնութեան մը ծիրին մէջ թեր քուէարկեցին բոլոր շիի երեսփոխանները»:
«Զէնքի մենաշնորհի հարցին, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներու հարցին մէջ ետդարձ չկայ», յայտարարեց վարչապետը: