Խմբագրական

Editorial

Խմբագրական.  Աւանդականն Ու Նորարարը`  Գերադասելով Հաւաքականը

Խմբագրական. Աւանդականն Ու Նորարարը` Գերադասելով Հաւաքականը

Այսօր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մամլոյ ասուլիսով կը յայտարարէ իր առաջադրած թեկնածուները Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն` ատով իսկ ազդանշանը տալով նախընտրական արշաւի մեկնարկին: Ընտրական նորարար մշակոյթի դրսեւորումները տիրականօրէն իրենք զիրենք զգալի  կը դարձնեն ամէն առիթի, տարբեր հարթակներու վրայ: Որմազդայինէն մինչեւ զանգուածային լրատուամիջոցներ, տեղեկատուականէն մինչեւ ընկերային ցանցեր, տեսանիւթեր, կոչեր, համակարգ փոխելու հրապարակային յանձնառութիւններ հետզհետէ կ՛ողողեն  հասարակական շրջապատը` քուէահաւաքի նոր մեթոտներ հրամցնելով լիբանանցի...

Խմբագրական.  Նախաձեռնութիւն, Միջավայր  Եւ Գաղափարախօսական Առանցքներ  (Հայաստանի Հանրապետութեան  100-ամեակի Համաժողով, Անթիլիաս)

Խմբագրական. Նախաձեռնութիւն, Միջավայր Եւ Գաղափարախօսական Առանցքներ (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողով, Անթիլիաս)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ այսօր բացումը կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովին: Ըստ էութեան, այս համաժողովը այս տարուան 100-ամեակի նշումներուն, ոգեկոչումներուն եւ յատկապէս այս շարքին մէջ առաջինն է, որ համահայկական տարողութեամբ կը մեկնարկուի այսօր: Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէն պետական պաշտօնատարներ, պատմագէտներ, արխիւագէտներ եւ հասարակական գործիչներ կը համախմբուին լոյսին բերելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան...

«Հռոմ 2» Խորհրդաժողովը Կը Հաստատէ  Լիբանանի Ապահովական  Կայունութեան Կարեւորութիւնը

Ակնարկ. «Հռոմ 2»-ի Պայմանական Աջակցութիւնը

«Հռոմ  2»-ով համախմբուած միջազգային ընտանիքի անդամ երկիրներու ներգրաւուածութեան չափը, այնտեղ արծարծուած օրակարգային կէտերը, զօրակցութեան յանձնառութիւնները եւ բանաձեւուած հրամայականները կը համոզեն, որ կայ աշխարհաքաղաքական-միջազգային որոշում Լիբանանին զօրակցելու եւ յատկապէս կայունութիւնը պահպանելու համար: Խորհրդաժողովի ընթացքին եւ անոր առընթեր կայացած հանդիպումներով առանցքային կարեւորութեամբ շեշտուած են Լիբանանին համակողմանի աջակցելու ծրագիրները` գաղթականներու հիմնախնդիրէն մինչեւ բանակին մէջ ծառայող կիներու իրաւունքներ, անվտանգութեան համապարփակ հարցերէն մինչեւ տնտեսական նախագիծեր,...

Խմբագրական.   Ստեփանակերտի Ընկալելիութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ

Խմբագրական. Ստեփանակերտի Ընկալելիութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խօսքը ուղղուած Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանականներուն (ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցչական տան անդամներ) կարեւորագոյն ուղերձներ կը փոխանցէ` հակամարտութեան էութեան լուսաբանման, Պաքուի կողմէ որդեգրուած եւ հետեւողականօրէն կիրարկուած արցախահայութեան ոչնչացման քաղաքականութեան, արցախահայութեան դիմադրութեան, ինքնապաշտպանութեան եւ պետականութիւն կերտելու ազգային, քաղաքական եւ իրաւական հիմնաւորումներուն եւ այս բոլորին նկատմամբ կայացած համահայկական միասնութեան մասին: Այս բոլոր հիմնադրոյթներուն ներկայացման ընթացքին օգտագործուած են միջավայրի կողմէ դիւրին ըմբռնելի թեմաներ,...

Խմբագրական.  Հին Աշխատանք, Նոր Մօտեցում

Խմբագրական. Հին Աշխատանք, Նոր Մօտեցում

ՀՅԴ տեղեկատուական դաշտի պատասխանատուներու խորհրդաժողովը, որոշ ընդհատումէ ետք վերստին համախմբեց այս ոլորտին մէջ գործող Դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցի ներկայացուցիչները: Այս դաշտի վերաձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ կար հիմնական նորութիւն: Վերջերս նշանակուած ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու մարմինն ու հանրային կապերու գրասենեակը կը յուշեն, որ այս մարզը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը նոր աշխատաոճով ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականը կ՛ընդգծէ: Մարմինին ու գրասենեակին առընթեր կը նշանակուին նաեւ իւրաքանչիւր կազմակերպական շրջանի...

Խմբագրական.  Իրաւահաւասարութիւն (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Իրաւահաւասարութիւն (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

Կիներու միջազգային օրուան նշումը եզրաբանական ձեւափոխում կ՛ունենայ հետզհետէ: Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարգախօսային առաջադրանքը այսօր առաւելաբար կ՛արտայայտուի սեռային իրաւահաւասարութիւն եզրոյթով: Շահագործումի, խտրականութեան, խոշտանգումի կամ բռնաբարումի արարքները իրաւազրկելու առումով կրնան վերաբերիլ ո՛չ միայն կիներուն, հետեւաբար աւելի տրամաբանական ընկալում ունի սեռային իրաւահաւասարութիւն ըսելաձեւը: Իրաւահաւասարութիւն բառը ինքնին օրինական ենթաիմաստ ունի: Առաջադրանքը ուրեմն այս հաւասարութիւնը սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով ամրագրելու իմաստը կը ներառէ: Իսկ իրաւական ամրագրումէն...

Ակնարկ.  Չեղեալ Համարել, Ուղերձ Յղել Եւ Գնդակը  Փոխանցել Թրքական Կիսադաշտ

Ակնարկ. Չեղեալ Համարել, Ուղերձ Յղել Եւ Գնդակը Փոխանցել Թրքական Կիսադաշտ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խօսքը` հայ-թուրք արձանագրութիւնները չեղեալ համարելու մասին, կ՛աւարտէր հետեւեալ բաժինով. «Մենք պատրաստ կը լինենք Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատել, եթէ այս գիտակցումը լինի նաեւ թուրքական կողմի մօտ: Եթէ վաղը, միւս օրը կը լինեն առաջարկութիւններ, մենք պատրաստ կը լինենք այս առաջարկութիւնները քննարկել»: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար բանակցութիւններու սկսելու այս յայտարարութիւնը համահունչ էր երկու շաբաթ առաջ...

Խմբագրական.  4-րդ Նախագահի Ընտրութեան Սեմին. Համահայկական  Կերպար Եւ Քաղաքական Ներկայ Պահու Ընտրանք

Խմբագրական. 4-րդ Նախագահի Ընտրութեան Սեմին. Համահայկական Կերպար Եւ Քաղաքական Ներկայ Պահու Ընտրանք

Հաշուըւած օրեր ետք, նորացուած Սահմանադրութեան հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կ՛ընտրէ Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահը: 4-րդ նախագահը  պիտի չունենայ իր նախորդին` այժմու գործող նախագահին միեւնոյն լիազօրութիւնները: Ան, շարունակելով պահել երկրի ու պետութեան բարձրագոյն պաշտօնը, ըստ էութեան յանուն երկրին ու պետութեան պիտի մասնակցի ազգային, միջազգային արարողութիւններու, միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն պիտի շարունակէ ներկայացնել պաշտօնական Երեւանը, պիտի ստորագրէ համաձայնագիրներ ու փաստաթուղթեր, պիտի...

Ակնարկ. Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերու Բաղադրիչներ`Սարգսեան-Աուն Հանդիպման Առանցքին

Ակնարկ. Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերու Բաղադրիչներ`Սարգսեան-Աուն Հանդիպման Առանցքին

Լիբանանի  նախագահին Հայաստանի Հանրապետութիւն տուած այցելութեան եւ այդ առիթով միջնախագահական հանդիպումներէն բխած երկկողմանի յայտարարութիւններուն մէջ կան աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերաբերող խնդիրներու մասին նշումներ, ակնարկներ եւ բնականաբար երկու պետութիւներու դիրքորոշումներ, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի համատեղելի կէտեր կ՛ընդգծեն։ Բնականաբար նախ շատ օրինաչափ պիտի նկատուէր եւ այդպէս ալ ընկալուէր, որ երկու նախագահները խօսէին երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, միջպետական յարաբերութիւններու անցած ուղիին, տարբեր ոլորտներու ուղղութեամբ համագործակցութիւնը...

Խմբագրական.  Սումկայիթէն Թալիշ` Պետական  Ահաբեկչութեան Դրսեւորումները

Խմբագրական. Սումկայիթէն Թալիշ` Պետական Ահաբեկչութեան Դրսեւորումները

Սումկայիթեան եղեռնագործութեան նշումի արձագանգումները հետզհետէ ներազգային հարթութենէն անցում կը կատարեն դէպի արտաքինը եւ կը ստանան միջազգային հնչեղութիւն: Հայկական կողմէն պաշտօնական տեսակէտներ կը հնչեն, որ Սումկայիթի ոճիրներուն պէտք է տրուի  քաղաքական եւ իրաւական գնահատական: Այս շրջագիծին մէջ սումկայիթեան եղեռնագործական արարքները եզակի չեն. Պաքուի, Կիրովապատի, Մատաղիսի հայութեան դէմ իրականացած ջարդերու վարքագիծը Պաքուի պետական քաղաքականութեան ամէնէն կարեւոր բաղադրիչի վերածուած է` հասնելու համար մինչեւ...

Խմբագրական.  Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ  Սահմանադրական Դատարանի Ամրագրումները  Առանցք` Մշակելի Փաստաթուղթին (Դ. Վերջ)

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ Սահմանադրական Դատարանի Ամրագրումները Առանցք` Մշակելի Փաստաթուղթին (Դ. Վերջ)

Ցիւրիխեան ստորագրութիւնները, ըստ ընթացակարգի պէտք է հաստատուէին իրենց սահմանադրականութեամբ  Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանին կողմէ: 2010-ի սկիզբը Սահմանադրական դատարանը հաստատեց, որ արձանագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, սակայն աւելցուց, որ արձանագրութիւններու կէտերը չեն կրնար վերաբերիլ Հայոց ցեղասպանութեան հաւաստիութեան եւ արցախեան հակամարտութեան ու անոր լուծման: Այս եզրակացութիւնը բնականաբար Անգարան պիտի շահարկէր եւ յայտարարէր, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումը  կը հակասէր արձանագրութիւններու ոգիին...

Խմբագրական.  Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման  Ընդառաջ Նոր Պայմաններ, Նոր Փաստաթուղթ (Գ.)

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ Նոր Պայմաններ, Նոր Փաստաթուղթ (Գ.)

«Արձանագրութիւնները բանակցուել էին` ելնելով եղած պայմաններից: Եթէ Թուրքիան ցանկանում է սպասել այլ պայմանների, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, նա չարաչար սխալւում է: Նոր պայմաններում պէտք է բանակցուի նոր փաստաթուղթ: Հայաստանը նախապայմանների լեզուով չի խօսում, բայց չի էլ ընդունի որեւէ մէկի կողմից նախապայմանների առաջադրումը»: Այս բաժինի վերջաբանը բազմիմաստ է: Պայմանները, որոնց մէջ ստորագրուած էին արձանագրութիւնները, փոխուած են: Եթէ մնանք ելոյթի բովանդակութեան սահմաններուն մէջ,...

Խմբագրական.    «Անյաղթելի Մի Բուռ Աշխարհ» (Արցախի Շարժման 30-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. «Անյաղթելի Մի Բուռ Աշխարհ» (Արցախի Շարժման 30-ամեակին Առիթով)

Արցախեան շարժումի 30-ամեակի նշումը բազմաթիւ խորհուրդներ վերարժեւորելու առիթ է: Համախմբում, ինքնապաշտպանութիւն, բանակաշինութիւն, ազատագրում, պետականութիւն, հանրապետութիւն: Դար մը առաջ մայիսեան հերոսամարտերու եւ հանրապետութեան կերտումի պատմադրոշմ իրադարձութիւններէն ետք, արցախեան շարժումը մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն բախտորոշ շրջադարձն է, որ մեզ վերակերտեց իբրեւ ազգ եւ պետութիւն: Մեր արդի պետականութեան եւ անկախութեան վերականգնման ակունքներուն` կայացած երեւոյթ է արցախեան շարժումը, որ հայութեան մէկ կարեւոր հատուածը ցեղասպանութեան...

Խմբագրական.  Արձանագրութիւններու  Յետս Կոչման Ընդառաջ.  Սուր Զգայնութիւն Թէ՛ Հայրենիքի  Եւ Թէ՛ Սփիւռքի Մէջ (Բ.)

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ. Սուր Զգայնութիւն Թէ՛ Հայրենիքի Եւ Թէ՛ Սփիւռքի Մէջ (Բ.)

Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու մասին նախագահի ելոյթը կը շարունակուի արգելակման պատասխանատուութենէն Ազրպէյճանը դուրս բերելով եւ լրիւ Թուրքիոյ վրայ կեդրոնանալով: Աւելի ճիշդը, հակառակ Ազրպէյճանի պահանջին Թուրքիոյ կողմէ  քաղաքական կամքի բացակայութեան ընդգծումն է: «Արդեօ՞ք Ազրպէյճանն է խոչընդոտում Թուրքիային Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցում, ինչպէս մեզ շատերը փորձում են համոզել: Ո՛չ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիայի առաջնորդների քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է: Կարծում եմ` պատկերացնում էք, որ հայկական...

Խմբագրական.  Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ. Անգարան` Յարաբերութիւններու  Բնականոնացումը Արգելակողը (Ա.)

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ. Անգարան` Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Արգելակողը (Ա.)

Միւնիխի մէջ գումարուած Անվտանգութեան համաժողովին նախագահ Սարգսեանի ելոյթին մէջ յատուկ բաժին վերապահուած էր Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններուն եւ արձանագրութիւններուն սպասուած ճակատագիրին: «Սառը պատերազմի տարիներին Հայաստանը երկու հակադիր բեւեռներից մէկի սահմանին էր: Պերլինի պատի անկումից շուրջ երեսուն տարի անց Թուրքիան շարունակում է փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը: Ժամանակն այստեղ կարծես կանգ է առել: Կարող եմ վստահութեամբ ասել, որ Հայաստանն ամէն ինչ արել է...

Խմբագրական.  1921-ի Եւ 1988-ի Փետրուարները

Խմբագրական. 1921-ի Եւ 1988-ի Փետրուարները

Ժամանակ յղացքը յարափոփոխութիւն կը յառաջացնէ նաեւ եզրաբանութիւններու ընկալումի մակարդակով: Տուեալ ժամանակաշրջանի հասարակագիտութիւնը, բնականաբար աշխարհաքաղաքական օրակարգի հետ կապուած զարգացող գործընթացներու առընթեր փոփոխութեան կ՛ենթարկէ երեւոյթներ բացատրելու բառագիտութիւնը: Առանց տարբեր ոլորտներու վերաբերող երեւոյթներու յատուկ եզրաբանութեան օրինակներով տարածուելու, կեդրոնանանք մասնակի բառերու վրայ` ըսելու համար, որ յեղափոխութիւն բառը նոյն իմաստը չունէր 19-րդ դարու վերջաւորութեան. նոյնը ապստամբութիւնը, աւելի մասնակիացնելով նաեւ ահաբեկչութիւնը: Այս խոհերը մեր մտածողութեան առանցքին...

Ակնարկ.  Օդային-Հակաօդային  Բախումներու Հարթութիւն

Ակնարկ. Օդային-Հակաօդային Բախումներու Հարթութիւն

Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ զինուորական իրադարձութիւններու արձանագրած մագլցողականութիւնը կը յուշէ, որ տարողութեան նոր հարթութիւն թեւակոխած են պատերազմական գործողութիւնները: Այդ հարթութիւնը աւելի կը յատկանշուի զինուորական ինքնաթիռներու յաճախակի երեւումներով, կործանիչներով, բայց նաեւ հակաօդային հակադարձութիւններով եւ զինուորական օդանաւերը վար առնելով: Եթէ սուրիական տարածքներու վրայ ահաբկիչները ռուսական զինուորական օդանաւ կը խոցէին, ապա քրտական զինեալ խմբաւորումները կը յաջողէին թրքական երկու կործանիչ վար իջեցնել: Մինչ սուրիական հակաօդային...

Խմբագրական.  Վարդանանքը` Ազգի Ամբողջականութեան  Հերթական Փայլատակումը

Խմբագրական. Վարդանանքը` Ազգի Ամբողջականութեան Հերթական Փայլատակումը

Վարդանանց պատերազմի երեւոյթը պէտք է փորձել դիտարկել մեր համազգային փիլիսոփայութեան, ազգի շարունակականութեան ապահովման համար ամէն տեսակի միջոցներու դիմելու անտեղիտալի վճռակամութեան հերթական առարկայացման մէջ: Հերթական այն առումով, որ միեւնոյն ամբողջականութեան յաջորդ անմիջական փուլը Վահանեանց շարժումն է եւ Նուարսակի դաշնագիրի յաղթանակը: Եւ եթէ Վարդանանք-Վահանեանց ճակատամարտ-փարթիզանական կռուելաձեւ հասկացողութիւններու մէկ ամբողջականութիւնը շրջագծենք, ապա յաղթանակը բարոյականէն անդին ամրագրուած կ՛երեւի նաեւ առարկայական առումով: Այս ամբողջականութեան մէջ...

Խմբագրական.  Նախընտրական Խոհեր

Խմբագրական. Նախընտրական Խոհեր

Պետական բարձրագոյն օղակներու միջեւ լարուածութեան մեղմացման միտումներուն առընթեր, լիբանանեան քաղաքական դաշտը նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկային աշխուժ երեւոյթներ կը դրսեւորէ: Քաղաքական ուժերու ընտրական դիրքորոշումներու եւ անհատ թեկնածուներու ինքնաառաջադրումներու մասին կատարուող յայտարարութիւնները ո՛չ միայն համարժէք, այլ նաեւ անկէ աւելին` մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծութիւններու կ՛արժանանան: Նկատելի է ընդհանուր միտում մը, որ խորհրդարանական այս ընտրութիւնները քարոզարշաւային նորարարութիւններով յագեցած պիտի ըլլան: Այս բոլորին հաւանաբար կը նպաստէ նաեւ...

Ակնարկ. Բառապաշար, Հակազդեցութիւն Եւ Այսօրուան Տեղեկատուական Համակարգը

Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական բեմերուն վրայ արձանագրուածները դուրս եկան երկրի սահմաններէն եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներու թողարկումներուն բերումով սեփականութիւնը դարձան միջազգային հանրութեան: Քաղաքական հռետորութեան ընթացքին օգտագործուած բառապաշարի եւ իբրեւ անոր հակազդեցութիւն փողոցային դրսեւորումներու տեսանիւթերը շատ արագ շրջագայեցան եւ նուաճեցին դիտողականութեան մեծ լսարաններ: Պատահարներու քաղաքական ենթաշարժառիթներուն վրայ կեդրոնանալէ առաջ, կ՛արժէ նաեւ տեսանիւթի սպրդումին եւ անոր ձգած ազդեցութեան մասին ակնարկ կատարելը: Հակառակ հանրապետութեան նախագահ-խորհրդարանի...

Page 47 of 62 1 46 47 48 62

Արխիւներ