Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաան Լիբանանի Եւ Եւրոպայի Պաշտպանութեան Գիծն Է

Յունիս 29, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1216fd91-40b9-4f77-9a62-be58a519df4d

Քաայի մէջ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած 9 անձնասպանական գործողութիւններու երեւոյթը անմիջական ուղերձներէ աւելի Լիբանանին վերապահուող նոր ժամանակաշրջանի մը մասին մշուշոտ հեռանկարներ կը պարզէ:

Անձնասպանական գործողութիւններու թիրախ ընտրուած աշխարհագրական այս վայրը անմիջապէս մտաբերել կու տայ սուրիական պատերազմի խճանկարը կազմող հիմնական մէկ գործօնին` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէպի Լիբանան աշխուժ ներթափանցման մասին:

Անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ Սուրիայէն արտահանուող եւ Լիբանան ներածուող ահաբեկչական արարներ կը հրամցուին ժողովուրդին, այսուհանդերձ նման նեղ ժամանակի մէջ առաւօտն ու երեկոն իրարմէ բաժնող ժամանակահատուածի դադարէն ետք ինը գործողութիւններու հանրագումարը ցուցադրական տպաւորականութիւն մը փաստելով Քաայէն շատ հեռու գացող պատկերներ գծել կու տայ:

Քաայի ժողովրդագրական պատկերը եւս կ՛ընդգծէ, որ թիրախը այս պարագային ոչ թէ դիմադրող կազմակերպութեան ետին կանգնած համայնքին ուղղուած է բացառապէս, այլ ամբողջ Լիբանանին` միջհամայնքային իր համակարգով:

Փաստօրէն ընտրուած թիրախները որոշ չափով շեշտակիօրէն կը վերաբերին բանակին` բանակի գաղտնի սպասարկութեան գրասենեակ, բանակի զրահապատ եւ այլն: Հարուածելով բանակը, զինեալ խմբաւորումները կը նպատակադրէին հարուածել դիւրաբեկ կայունութիւնը եւ հեղինակազրկել լիբանանեան հաստատութիւններէն այն եզակի բաժանմունքը, որ Լիբանանի մէկութեան իբրեւ հիմնական խորհրդանիշ կը շարունակէ իր վերահսկողութեան տակ պահել սահմանները, ապահովել անդորրութիւնը եւ մանաւանդ կանխարգիլել ահաբեկչական ոտնձգութիւնները:

Տեսականօրէն կը մեկնաբանուի այն, որ լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութեան աշխուժ ներգրաւումը սուրիական պատերազմին պիտի ունենար զինուորական հակաքայլեր եւ Լիբանան սուղ պիտի վճարէր իբրեւ հակազդեցութիւն:

Բայց երբ մտաբերենք, որ ամբողջ աշխարհը այսօր որոշած է դաշինքներ ու միացեալ ճակատներ կազմել Սուրիան եւ Իրաքը հարուածող միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, ապա նման ներգրաւումները կը դիտարկուին ոչ թէ քաղաքական դիրքորոշումէ մեկնած պատերազմական ներգրաւումներով միայն, այլեւ ուղղակի գործօն մասնակցութեամբ Իսլամական պետութեան կայացման դէմ:

Ի վերջոյ օդային հարուածներու եւ ցամաքային ուղղակի ճակատային ընդհարումներու ազդեցիկութիւնը նաեւ ռազմական առումով գետնի վրայ տարբեր հետեւանքներ կ՛ունենայ ծայրայեղ զինեալներու տեղաշարժերը կասեցնելու, շրջաններ վերաազատագրելու եւ մանաւանդ նոր ռազմավարական յենակէտերու վրայ վերահսկողութիւն բանեցնելու ուղղութեամբ: Եւ անիրատեսական չէ որոշ առումով դիտարկելը, թէ ի վերջոյ ռուսական օդուժը, Արեւմտեան դաշինքի պարագայական օդային հարուածները եւ իրանեան մասնակցութիւնը Հըզպալլայի ճամբով` Իսլամական պետութեան կայացման գործընթացը խափանելու համար է: Այս անուղղակի դաշինքը առաջնային օրակարգ ունի ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացումը, որուն նկատմամբ կը թուի, որ վերջապէս հետեւանք ունեցող քայլեր կ՛առնուին:

Այս ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է տեսնել ուրեմն Սուրիայէն շատ արագ Լիբանան անցում կատարող ահաբեկչական գործողութիւններու արարները: Սուրիոյ մէջ նահանջը ահաբեկչութիւնը Լիբանան տեղափոխելու միտումներով կը զուգորդուի: Եւ այստեղ գաղթականական ալիք-ահաբեկչութիւն միջազգային երեւոյթի մանրապատկերը կը պարզուի: Գաղթականական ալիքին մէջ ներառուած ահաբեկիչ տարրերը իրենք զիրենք կը պայթեցնեն:

Եւ պատահական չէր ուրեմն, որ պաշտօնական Պէյրութը ներկայացնող քաղաքական դէմքեր շեշտէին, որ ահաբեկիչներուն նպատակը հասնիլ է մինչեւ ծով եւ այս առումով ալ Քաան Լիբանանի եւ Եւրոպայի պաշտպանութեան գիծն է:

Ուռճացուած չէ այս համեմատութիւնը: Պաշտպանութեան այս գիծին հանդէպ զգայնութիւն ցոյց տուած էին նաեւ գաղթականական-ահաբեկչական ալիքէն հարուածուողները: Ահաբեկչական արարքներուն նման շատ արագ դատապարտանքի յայտարարութիւններ կը հրապարակէին Եւրոպական Միութիւնը, Բրիտանիան, Ֆրանսան, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչը. նաեւ պաշտօնական Ուաշինկթընը:

Իրադրութիւնները այնպէս ցոյց կու տան, որ եթէ մէկ կողմէ Լիբանան թատերաբեմը պիտի ըլլայ ահաբեկչական արարքներու նոր դրսեւորումներու, միւս կողմէ պիտի ներգրաւուի համաեւրոպական ճգնաժամին դէմ մշակուող ընդհանուր ծրագիրներուն մէջ, ինչ որ կը նշանակէ նաեւ միջազգային ներգրաւուածութիւն լիբանանեան այս տագնապին:

«Ա.»

Նախորդը

Նախարար Նալբանդեան Պատգամաւորներուն Ներկայացուցած Է Բանակցութիւններուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Մեկնեցաւ Ճիպրալթար

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?