Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ֆրանսայի Խորհրդարանի Կայքին Կարեւոր Ձեւակերպումը

Օգոստոս 17, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Agnarg_81716

Ֆրանսայի խորհրդարանի լրատուական կայքին  Արցախի նախագահին տուած հարցազրոյցը տեղի տուած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու: Խնդրայարոյց հարցազրոյցի վերածուած այս երեւոյթը հայկական ելեկտրոնային եւ յատկապէս այլընտրանքային լրատուութեան դաշտին մէջ աղմուկ բարձրացուցած է եւ այս ուղղութեամբ գրառումներու եւ հաստատումներու հեղեղի մը առիթ տուած:

Նախ, երկու խնդրայարոյց բաժինները մէջբերենք.

խորագիրը` «Ազրպէյճանը իր մէջ պէտք է գտնէ կամք` մերժելու ցեղային կարծրատիպերը արցախցիներուն եւ հայերուն նկատմամբ»:

Պարզ է, որ այստեղ ըսել ուզուածը այն է, որ Ազրպէյճան ո՛չ միայն արցախահայութեան  նկատմամբ ցեղային կարծրատիպերով կ՛առաջնորդուի իբրեւ պետական քաղաքականութիւն, այլ նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան: Եւ եթէ այս պարագային հայերէնէ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը ճիշդ չէ եղած, ապա երկրորդին պարագային հակառակ ուղղութեամբ ճիշդ չէ աշխատած թարգմանիչը:

Այսպէս. երկրորդը` «ողջմիտ եւ համարժէք  քոմփրոմիներ  պէտք են: Մենք պատրաստ ենք քոմփրոմիի (թարգմանիչը թարգմանած է զիջում), եթէ անոնք խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ մեր անվտանգութիւնը եւ առիթ չեն ստեղծեր հակառակորդին նոր յարձակումներ սանձազերծելու համար»:

Օգտագործուած բառը քոմփրոմին է ֆրանսերէնով, որ կը նշանակէ համաձայնութիւն, փոխզիջում կամ դիւանագիտական գործարք: Յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ հայերէն թարգմանութիւնը, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է եւ  աղմուկ բարձրացուցած քոմփրոմի բառին, եղած է զիջում. որմէ նաեւ` միակողմանի զիջումի ընկալումը:

Հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններէն ետք տիրող ներհայկական անվստահութեան մթնոլորտին մէջ իւրաքանչիւր եղելոյթ կը մեկնաբանուի ըստ ցանկութեան, ի սպառ կը բացակայի առարկայականութիւնը եւ ծայր կ՛առնէ փոխադարձ ամբաստանութիւններու կրքոտ փոխասացութիւններու շարք մը: Արցախի նախագահին այս հաստատումները եւս անմասն չեն մնացած այս ընդհանուր մթնոլորտէն:

Արցախի նախագահին մամլոյ բանբերը ոչ միայն հերքած է Բակօ Սահակեանին վերագրուող այս երկու թիւրիմացութիւնները, այլ նաեւ յայտարարած, որ պաշտօնական լրատուական կայքին մօտ պիտի աշխատին սրբագրել տալ սխալ թարգմանութեան իբրեւ արդիւնք արձանագրուածը:

Նախագահի մակարդակով այլ երկրի մը լրատուական կայքին հաղորդածը հերքել եւ սրբագրութիւն առաջադրելու նախաձեռնութիւն չ՛ըլլար, եթէ բնագրային ճշգրտութիւնը ապահովուած չըլլայ: Հետեւաբար առնուազն ճիշդ պիտի չըլլար Բակօ Սահակեանի մօտ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդները իրարմէ անջատ հասկացողութիւններ համարելու գոյութիւն չունեցող մօտեցումը ընդգծելը: Կամ ալ փոխզիջումը կամ համաձայնութիւնը, որ օրինաչափ եզրոյթ է, վերածելը զիջումի, միակողմանի պարտուողականութեան դարձեալ գոյութիւն չունեցող վարքագիծ փոխանցելու համար:

Հարցազրոյցը ընդհանրապէս պատշաճ եզրութաբանութեամբ եւ համարժէք մտածողութեամբ  բովանդակութիւն ունի: Թարգմանական վրիպումները գաղափարաբովանդակային սխալի վերածելն ու այդ մասին աղմուկ բարձրացնելը մեղմ ըսելաձեւով օգտակարութիւն չեն ունենար:

Կայ նաեւ այլ խնդիր, որ քաղաքական մօտեցումի կը վերաբերի. ընթերցողը պէտք է կարենայ նկատել թէ՛ ոճային եւ թէ՛ եզրաբանական որոշ տարբերութիւններ ներքին լսարանի եւ արտաքին լսարանի ուղղուած յայտարարութիւններուն մէջ. եւ ասիկա ոչ միայն հայկական առումով անշուշտ:

Այն շեշտադրումը, որ օրինակ Ֆրանսայի խորհրդարանի լրատուական կայքի խմբագիրը ուզած է տեսնել եւ խորագիրի վերածել Բակօ Սահակեանի արծարծած նիւթերէն  ցեղային կարծրատիպի պետական վարքագիծն է, որ Պաքուն կը կիրարկէ հայութեան նկատմամբ: Այս նիւթը համաեւրոպական ընկալելիութիւն ունի, եւ նախագահը նման ուղերձ փոխանցելով յաջողած է եւրոպական արժէքներու լեզուով խօսիլ Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութեան պաշտօնական լրատուամիջոցի պատասխանատուներուն հետ: Ուղերձը հանգիստ վերածուած է խորագիրի: Նաեւ ա՛յս մէկը պէտք է նկատէր հայկական որեւէ լրատուամիջոց, եթէ առարկայականութեամբ եւ պետական մտածողութեամբ առաջնորդուելու խնդիր դրած ըլլար իր առջեւ:

Փոխզիջումի, համաձայնութեան (այն ալ` պայմանական) մասին խօսիլը միջազգային հանրութեան լսարանին առջեւ մնայուն առաջ մղուած սկզբունք է թէ՛ պաշտօնական Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտի կողմէ: Այստեղ ոչինչ կայ խնդրայարոյց. ի վերջոյ բանակցութիւնները կ՛ընթանան փոխզիջումնային ձեւաչափի վրայ լուծման յանգելու համար: Այստեղ նախագահը պայմանական առաջադրանքներ դրած է հասնելիք համաձայնութեան համար. առաջին` եթէ խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ Արցախի անվտանգութիւնը եւ առիթ չեն տար հակառակորդին նոր յարձակումներ սանձազերծելու:

Ցաւօք, հայկական լրատուամիջոցներէն վրիպած է այս երկու կէտերէն շատ աւելի կարեւոր երեւոյթ մը: Ֆրանսայի խորհրդարանի լրատուական կայքի համապատասխան էջին խորագրային ձեւակերպումներուն մէջ Բակօ Սահակեանը ներկայացուած է իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ: Ասիկա նշողը ֆրանսական լրատուամիջոց կամ վերլուծական կայք չէ. ասիկա նշողը Ֆրանսայի խորհրդարանի պաշտօնական խօսափողն է: Ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ նման ձեւակերպումը Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումին նպաստող երեւոյթ է:

Այո՛, ցաւօք. անվստահելիութիւնը, սխալ պրպտելու համար խոշորացոյցերով համացանցային մշտադիտարկումներ ընելու եւ աղմուկ բարձրացնելու փորձութիւնը այնքան թէժացած են այս օրերուն, որ կը վրիպի Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութեան պաշտօնական կայքին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան (առանց չճանչցուած բնութագրումը աւելցնելու) պաշտօնական ձեւակերպումը: Բան մը, որ փոխան հայկական կողմին, ազրպէյճանական կողմը խորապէս անհանգստացուցած պիտի ըլլար:

«Ա.»

Նախորդը

Երեւանի Մէջ. Նախարարներ Օհանեան Եւ Շոյկու Քննարկած Են Զինուորական Համագործակցութեան Հարցեր

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Դաշնակիցներ Եւ Տարբեր Մօտեցումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դաշնակիցներ Եւ Տարբեր Մօտեցումներ

Նոյեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական  Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն  Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում

Նոյեմբեր 15, 2025
Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան  Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?