Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պաքուի Ոճային Եւ Եզրաբանական Փոփոխութիւնները

Յուլիս 13, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Agnarg_71316

Արցախեան հարցին ուղղութեամբ Ազրպէյճանի նախագահին ելոյթը իր երկրի կառավարութեան նիստին, շատ արագ հայեացքով քանի մը մտածում կ՛ուրուագծէ: Բայց նախ` Ալիեւի ամփոփած բանաձեւը, որուն մէջ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել բովանդակայինին առընթեր ոճին եւ օգտագործուած քաղաքական եզրաբանութեան:

«Հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի կարճ ժամանակուան ընթացքին, սթաթիւս քոն պէտք է փոխուի: Հակամարտութեան լուծման միակ տարբերակը փուլային տարբերակն է»:

Շարունակելով մնալ իր առաւելապաշտական պահանջներու ծիրին մէջ… Ալիեւի հռետորաբանութիւնը նման քաղաքական եզրաբանութեամբ չէր յատկանշուեր. մանաւանդ որ Ազրպէյճանի նախագահը ներքին լսարաններուն միշտ օգտագործած էր ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը` շեշտակի հայատեացութիւն սերմանելով իր անմիջական շրջապատին մէջ եւ անընդհատ յիշեցնելով, որ պատերազմի ընտրանքով Պաքուն պատրաստ է «վերատիրանալու իր կորսնցուցած տարածքներուն»: Կը թուէր, թէ ոճի եւ բառապաշարի առումով դերերու բաշխում կար իր եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան  ղեկավարին հետ. Ալիեւը ներքին լսարանին համար կը սպառէր իր արտադրանքը, մինչ Մամետիարով ի պաշտօնէ` արտաքին:

Հիմա կա՛մ ներազրպէյճանական որոշումով, եւ կամ ալ արտաքին յուշումներով Ալիեւին օգտագործած ոճը աւելի համահունչ է միջազգայնօրէն ընդունուած բառապաշարային օրինաչափութեան: Այստեղ չկան հայկական ուժերու հեռացում, զաւթում, վերատիրացում նշումներ եւ պատերազմական գործողութիւններու դիմելու ակնարկներ: Ըստ էութեան, սակայն, ազրպէյճանական բանակցային հայեցակարգն է, որ բանաձեւուած է Ալիեւին կողմէ:

Այսպէս. սթաթիւս քոն պէտք է փոխուի արտայայտութեամբ Պաքուն կը հասկնայ հայկական ուժերու հեռացումը «ազրպէյճանական տարածքներէն»: Փուլային տարբերակ ըսելով Պաքուն դարձեալ տարածքներու յանձնում կ՛ընկալէ` իբրեւ բանակցութեան առաջին իրականանալի կէտ:

Ոճ եւ եզրաբանութիւն փոխելը կ՛ենթադրէ, որ արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման համար գերաշխուժ փուլի մէջ են բանակցային հանդիպումները, եւ որոնց ընդառաջ կառուցողական երեւելու ճիգ կ՛ընէ Ալիեւը, նոյնիսկ ի՛ր կառավարութեան նիստին նման պահուածք ցուցաբերելով:

Սթաթիւս քոն փոխելու պայմանականութիւնը հնչած էր Վարշաւիայէն , երբ նախագահ Սարգսեան պարզ կը դարձնէր, որ սթաթիւս քոն կը փոխուի միայ՛ն, երբ կը յարգուի արցախահայութեան ինքնորոշուելու իրաւունքի իրացումը: Այս մէկը անշուշտ հայկական կողմին բանակցային ռազմավարութեան առաջին սկզբունքն է, որ սակարկելի չէ: Նոյնիսկ ընդհանուր փաթեթայինին մէջ փուլային տրամաբանութեամբ շարժելու պարագային առաջին փուլը արցախահայութեան արդէն իսկ ինքնորոշուած կարգավիճակի ճանաչումն է առաջնայնօրէն, որմէ ետք միայն մատրիտեան, հին թէ նորացուած կամ կազանեան սկզբունքներուն կարելի է անցնիլ: Եւ ոչ անշուշտ Ալիեւի ընկալած փուլային տարբերակին շուրջ բանակցիլ:

Միջազգային ընտանիքը սակայն, ոճային եւ բառապաշարային փոփոխութիւնները նկատելով հանդերձ, պէտք է ունենայ իր բանակցային վարքագիծն ու մանաւանդ համաձայնեցուած բաղադրիչներու հետեւողականութիւն պահելու խնդիրը: Քառօրեայ պատերազմէն ետք Վիեննան եւ Փեթերսպուրկը պարզ ու ամփոփ բանաձեւած են.

Ա. Քննարկուած են արցախեան հակամարտութեան գօտիին վրայ ապրիլի սկիզբը կատարուած զինադադարի կոպիտ խախտումին պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու հաւանական ուղիները:

Բ. Համանախագահող երկիրները շեշտած են 1994-ի եւ 1995-ի համաձայնագիրները յարգելու եւ անոնց գործադրութենէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:

Գ. Համաձայնութիւն գոյացած է քայլերու ձեռնարկելու մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի հաստատման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կարողութիւններու յաւելման շուրջ` հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններու հաւանական վերսկսման համար:

Փեթերսպուրկը պարզօրէն վերահաստատած էր Վիեննայի առաջադրանքները առանց ուղղակի նշելու հրադադարի թուականներն ու հետաքննութեան մեքանիզմներու հաստատման անհրաժեշտութիւնը: Բայց արձանագրած, որ կը վերահաստատէ Վիեննայի ճշդած կէտերը:

Ուրեմն, Ալիեւի պատկերացուցած սթաթիւս քոյի փոփոխութեան համար, մնալով միջազգային ընտանիքի կատարած յայտարարութեան մէջ տեղ գտած առաջադրանքներու սահմաններուն մէջ, նախ պէտք է Պաքուն համաձայն ըլլայ 1994-ին կայացած հրադադարի համաձայնագիրի լիակատար յարգումին եւ ատոր երաշխիքներուն համար անյապաղ (քանի Ալիեւն ալ կ՛ուզէ, որ հակամարտութիւնը կարգաւորուի ամէնէն կարճ ժամանակին մէջ) համաձայնութիւն յայտնէ եւ գործնապէս օժանդակէ, որ հետաքննութեան մեքանիզմները հաստատուին շփման գիծին վրայ:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Կարեւոր Յուշագիր Ստորագրած Է Եւրոպական Խորհուրդի Ընկերվար Ժողովրդավարականներու Յառաջդիմական Դաշինք Խմբակցութեան Հետ

Յաջորդը

Իտալիոյ Մէջ Արկած. Նախագահ Սարգսեան Կը Ցաւակցի

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?