Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ընդգծել Բանակցային Ռազմավարութեան Առանցքային Կէտերը

July 4, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

arcax-tatik-papik_70316

Արցախեան հակամարտութեան բանակցային փուլերու թեւակոխումը զգալիօրէն արագակշռոյթ ընթացքի մէջ է: Շատ կարճ ժամանակներ իրարմէ կը բաժնեն Վիեննան ու Ս. Փեթերսպուրկը եւ հիմա ալ ըստ երեւոյթին շուտով Փեթերսպուրկն ու Փարիզը: Վերլուծաբանական գրականութիւնը անընդհատ կը խօսի փոխզիջումներու տարբերակներու, անժամկէտ հանրաքուէներ կազմակերպելու, ուժերու հեռացման, տարածքներու կարգավիճակի, խաղաղապահ ուժերու տեղակայման եւ լուծման հնարաւոր տարբերակներու մասին:

Անհասկնալիօրէն հայկական մեկնաբանական դաշտը շատ յղում չի կատարեր պաշտօնական Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, ուր հիմնական առանցքային բաժին կայ, որ կը բնութագրէ նաեւ ընդհանրապէս հայկական կողմին բանակցային փիլիսոփայութիւնը:

Այո, փոխզիջումով կը պայմանաւորուի որեւէ հակամարտութեան լուծման հնարաւորութեան իրականալիութիւնը: Մինչ այդ սակայն, յատկապէս ապրիլեան քառօրեայէն ետք խիստ անհրաժեշտութիւնը կայ հետաքննական մշտադիտարկումներով երաշխաւորելու 1994-ի  հրադադարի պահպանումը: Ամբողջական հրադադարն է, որ մղիչ ուժ եւ բովանդակութիւն կրնայ ապահովել բանակցելու եւ քաղաքական կամք` դէպի լուծում առաջնորդուելու: Եթէ այս մէկը անմիջական եւ նախապայմանային հանգրուան է հանդիպումներուն, ապա բանակցութիւններուն լիցք եւ բովանդակութիւն տալու, մանաւանդ խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ առաջնորդուելու համար աւելի քան անհրաժեշտ է ու պայմանական Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցային սեղան: Թէ՛ հրադադարը եւ թէ՛ քաղաքական մեծ համաձայնութեան նշումը միջազգայնօրէն ունին 1994-ի եւ 1995-ի իրար ամբողջացնող-լրացնող փաստաթուղթերու մէկ ամբողջութիւնը, որոնց տակ Երեւանի եւ Պաքուի առընթեր կայ Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը:

Պարզ է բանակցային ռազմավարութեան տրամաբանութիւնը: Նախ երաշխիքներ ապահովել` գործադրելու համար  Երեւան-Պաքու-Ստեփանակերտով որոշուած զինադադարը, ապա ձգտիլ քաղաքական մեծ համաձայնութեան, ճիշդ պահուն Ստեփանակերտը վերադարձնելով բանակցային սեղան եւ զայն մասնակից դարձնելով համաձայնագիրի կնքումին:

Այս երկու անշրջացնելի հանգրուաններուն վրայէն թռչելով,  հայկական լրագրական-վերլուծական դաշտը փութկոտութիւն ցոյց կու տայ զիջումներու տարբերակներ հրապարակայնացնելով` ձեւով մը համոզելու ընթերցող լսարանը, թէ ապրիլեան քառօրեայէն ետք հայկական կողմին պիտի պարտադրուին միակողմանի զիջումներ:

Ստեփանակերտի իրաւական մասնակցութեան ռազմավարական այս մօտեցումին իրողականութիւնը սկսած է շօշափել Պաքուն, որ Ստեփանակերտ հասկացողութեան կը փորձէ իւրայատուկ ընկալում ապահովել տալ միջազգային հանրութեան:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը խոստացած է աջակցիլ «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ի նախաձեռնութեան` հանդիպումներ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան հետ:

Հանդիպումներ կազմակերպելու առաջարկը տուած է «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ի ղեկավար, պատգամաւոր Ռովշան Ռզաեւինը:

Գործակալութիւնը յայտնած է, որ Շթայնմայերը Պաքուի Ռամանի աւանին մէջ հանդիպումներ ունեցած է Շուշիէն Ազրպէյճան հեռացածներու հետ:

Շթայնմայերը յայտնած է, որ այդ առնչութեամբ կը փորձէ ճշդել հայ համայնքին կարծիքը:

«Մենք կը ձգտինք կազմակերպել նման հանդիպում», ըսած է ան:

Դժուար թէ համոզիչ ըլլար այն վարկածը, որ այս մէկը «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ի ղեկավարին նախաձեռնութիւնն է, որովհետեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւը յայտարարած  է, թէ Շթայնմայեր-Սահակեան հանդիպումը կրած է «Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի հայ համայնքի հետ հանդիպման բնոյթ»:

Հաճիեւը յայտարարած է, թէ Պաքու այցելութեան շրջագիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը պիտի հանդիպի «Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնք»-ի ներկայացուցիչներուն հետ:

Շթայնմայերի այցելութեան ծրագիրին մէջ ներառուած է նաեւ ծանօթութիւն հարկադիր վերաբնակներու համար կառուցուած բնակատեղիներու հետ:

1994-ի բանակցութիւններուն, ըստ որոշ տեղեկութիւններու ներկայ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչը, որուն սակայն չէ տրուած փաստաթուղթը ստորագրելու իրաւունք:

Կը թուի, թէ Պաքուն ըմբռնած է միջազգային ընտանիքին կողմէ Ստեփանակերտը իբրեւ իրաւական միաւոր բանակցութիւններուն ներառելու ուղղուածութիւնը: Յաւելեալ պատճառ մը, որ հայկական վերլուծական միտքը միակողմանի զիջումներէն առաջ աշխատի միջազգային ընտանիքին եւ հայկական պաշտօնական կողմին մօտեցումներու համատեղման վրայ եւ մնայունօրէն ընդգծուած պահէ մեր բանակցային ռազմավարութեան առանցքային կէտերը:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհուրդի Նիստը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.