Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փութին – Էրտողան Հանդիպում. Պարտադրուած Մերձեցում

Յուլիս 28, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Putin - Erdogan meeting1_72716

9 օգոստոսին Փեթերսպուրկի մէջ տեղի կ՛ունենայ Փութին- Էրտողան հանդիպումը: Այս հանդիպումը սպասելի էր գրեթէ մէկ տարի տեւած խզուած ընդհատումէ ետք:

Ռուսական զինուորական օդանաւի հարուածէն  ետք ստեղծուած լարուած իրավիճակի պարունակին մէջ արձանագրուող պարանաձգութեան խաղը աւարտած է: Նախ` օդանաւը իմանալո՞վ, թէ՞ չիմանալով խփուած է, յետոյ  Թուրքիոյ օդային սահմանը  հատա՞ծ է, թէ՞ չէ հատած, ապա Էրտողանը ցաւակցութի՞ւն, թէ՞ ներողութիւն ըսած է, գրաւո՞ր փոխանցած է, թէ՞ կիսապաշտօնական եւ այլն: Մինչ այդ նաեւ չմոռնանք, որ պարանաձգութեան այս խաղի ընթացքին պաշտօնական Մոսկուան շատ պաղ, եթէ ոչ հեգնական վերաբերում ունեցած էր Ռուսիոյ ազգային տօնին առիթով Թուրքիոյ կողմէ իրեն ուղղուած շնորհաւորագիրին առիթով:

Հիմա այդ բոլորի փուլը երեւութապէս աւարտած է եւ հետեւողներուն մօտ այն տպաւորութիւնն է, որ պահանջուածը ներողութիւնն էր, որ պէտք է ըսէր Էրտողանը, որուն դիմաց երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները պիտի վերաբնականոնացուէին:

Խորքին մէջ սակայն  թատերական այս ներկայացումներուն ետին, Մոսկուան եւ Անգարան յայտնուած են Արեւմուտքի կողմէ միեւնոյն վերաբերմունքին արժանանալու դիրքերուն վրայ: Փոխադարձ, յատկապէս տնտեսական շահերը կը մերձեցնեն երկու երկիրները: Ռուսիոյ տնտեսական պատժամիջոցները իրօք վնասած են Թուրքիոյ, որ այլապէս մեծ մարտահրաւէրներ դիմակայելու ընթացքին մէջ է:

Թուրքիոյ մէջ չկայացած յեղաշրջումը Էրտողանի դէպի Ռուսիա կատարած շրջադարձէն ետք էր: Թէեւ պետական զինուորական հարուածի պատճառներուն յայտարարութիւններուն մէջ այս հանգամանքը չէր նշուած, բայց չի բացառուիր, որ անիկա կրնար լուռ ազդեցութիւն ունեցած ըլլալ: Մանաւանդ որ Էրտողանը անընդհատ կը մեղադրէ  Արեւմուտքն ու Ուաշինկթընը յեղաշրջումի Միացեալ Նահանգներէն հեռակառավարուած ըլլալու  վարկածը առաջ քշելով:

Տակաւին պարզ չէ, որ սուրիական պատերազմին առումով երկու երկիրները ի՛նչ համատեղ դերակատարութեան մասին կրնան համաձայնիլ` նկատի ունենալով տրամագծօրէն հակոտնեայ իրենց դիրքորոշումները այս հարցին մէջ: Ասիկա աւելի պարզ կը դառնայ քրտական գործօնին նկատմամբ երկու երկիրներու գործնական դիրքորոշումները դիտարկելու ընթացքին:

Հայկական հարցերու վերաբերեալ թրքական մամուլին մէջ երեւցան այն կանխատեսումնային վերլուծումները, որոնց համաձայն, յեղաշրջումի փորձին նախորդած ժամանակահատուածին Անգարան կը պատրաստուէր Երեւանի հետ իր յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթաց սկսելու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն Պաքու այցելութենէն ետք  յայտարարած էր, որ նախադրեալներ ստեղծուած են  Արցախեան խնդիրի լուծման համար: Միաժամանակ թէ՛ ան եւ թէ՛ այլ բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներ տարբեր առիթներով հաստատած են, որ Թուրքիան խնդիրի լուծման հարցին մէջ ամբողջովին կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի մօտեցումը: Գաղտնիք չէ, որ Ազրպէյճանն ալ փոխզիջում ըսուածը կը հասկնայ միայն իբրեւ հայկական կողմի  միակողմանի եւ ամբողջական զիջում: Ուրեմն այս պարագային ինչպէ՞ս կը համադրուին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ  Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու ռուս-թրքական կանխատեսումները:

Կարելի չէ չյիշել այստեղ «Իզվեսթիա»-ի յօդուածը, որ Ռուսիան կը նախապատրաստուի աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան երկկողմանի ապաշրջափակման: Այս մէկը կը խօսի նաեւ արցախեան հիմնահարցին մէջ ռուսական լուծման ծրագիրի մասին, որ այժմ քաղաքագիտական վերլուծութիւններով հանդէս կու գայ իբրեւ այժմէականացած քազանեան նախագիծ անունով: Վերլուծման համար գուցէ նաեւ օգտակար ըլլայ յիշել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զախարովայի յայտարարութիւնը Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին Անգարան մասնակից դարձնելու հաւանականութիւնը չբացառող, թէկուզ խիստ պայմանական:

Այս հանգրուանին նման հարցերու տարողունակութիւն չ՛ունենար հանդիպման օրակարգը: Ռուսիոյ կողմէ Թուրքիոյ տնտեսական ապաշրջափակումը կ՛ըլլայ այս հանդիպման առաջնային արդիւնքներէն մէկը: Երկու կողմերն ալ կը գիտակցին, որ դժուար կացութեան մէջ յայտնուած ըլլալն է իրենց մօտ մերձեցման շարժառիթը, եւ երկու երկիրները, մեկնելով բազմաթիւ հանգամանքներէ, չեն կրնար երկարատեւ կտրուածքով համադրել իրենց զինուորաքաղաքական գործունէութիւններու սլաքները: Իսկ ասիկա ոչ միայն Սուրիոյ պարագային:

«Ա.»

Նախորդը

Անորոշութիւնը Կը Մնայ Տիրական` Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Գրաւման Հարցով

Յաջորդը

Ֆորմիւլա 1. Զոքանչի Առեւանգում

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?