Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ. Սահմանափակող-Սահմանափակուող Գլխաւոր Խաղցողն Ու Գործիքը

Ակնարկ. Սահմանափակող-Սահմանափակուող Գլխաւոր Խաղցողն Ու Գործիքը

Թուրքիոյ նախագահը միայն օրեր առաջ բացատրելով «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական ներխուժման նպատակը` կը յայտարարէր. «Մընպեժը պիտի ձերբազատենք ահաբեկիչներէն... որովհետեւ անոնք անոր իսկական տէրերը չեն, այլ անոր իսկական տէրերը մեր արաբ եղբայրներն են: Մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք հասնելով մինչեւ իրաքեան սահման` վնասազերծելու համար բոլոր ահաբեկիչները»: Միայն օրեր ետք` երէկ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը հաղորդէր, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը սահմանափակ է, եւ անոր թիրախը...

Խմբագրական.  Ազգը Պաշտպանողը, Տարածաշրջանի  Խաղաղապահը, Անվտանգութիւն Հայթայթողը  (Հայոց Բանակի Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Ազգը Պաշտպանողը, Տարածաշրջանի Խաղաղապահը, Անվտանգութիւն Հայթայթողը (Հայոց Բանակի Տօնին Առիթով)

Հայոց բանակի օրուան նշումները գաղափարախօսական հիմնաւորումներով հետզհետէ դուրս կու գան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն եւ կը տարածուին հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ: Հայոց բանակը պաշտպանելով այսօրուան պետական սահմանները, ըստ էութեան կը պահպանէ ամբողջ հայկական աշխարհը: Առանց անկախ հայրենիքի եւ առանց այդ անկախութիւնը երաշխաւորող հայոց բանակի այսօր դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել աշխարհատարած հայութեան կազմակերպուածութեան եւ հայրենակեդրոն զարգացման հետագայ հոլովոյթը: Աշխարհը ամբողջ ականատես...

Ակնարկ. Կարեւոր Ուղենիշներ` Հնչած  Սթրազպուրկէն

Ակնարկ. Կարեւոր Ուղենիշներ` Հնչած Սթրազպուրկէն

ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանին նախագահ Սարգսեանի խօսքն ու անոր հետեւած հարցումներու պատասխանները բնականաբար պէտք է ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Տեւողութիւնը այս ամբողջութեան ուղիղ հաւասար համեմատութեամբ է. կէս ժամ գրաւոր խօսքը, որմէ ետք նաեւ կէս ժամ հարցումներուն տրուած պատասխաններ: Ամբողջականութիւն կը նկատուի նաեւ մշակուածութեան, քաղաքական գրագիտութեան, իրազեկութեան եւ մանաւանդ ուղերձներու բազմահասցէականութեան նուրբ դրոյթներու առկայութեամբ: ԵԽԽՎ-ի պաշտօնաթող նախագահին յղուած գնահատանքի խօսքը եթէ մէկ...

Խմբագրական.  Ժողովրդահաճոյախօսութիւն,  Կենսոլորտ Եւ Ընտրութիւններ

Խմբագրական. Ժողովրդահաճոյախօսութիւն, Կենսոլորտ Եւ Ընտրութիւններ

Լիբանանի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները` վարչակառավարականէն ընկերային-տնտեսական, ուսուցիչներու խոստացուած աշխատավարձերու յաւելումներու առկախումէն մինչեւ կենսոլորտի, փտածութեան եւ քաղաքացիական շարժում անուան տակ առաջադրուող բազմաթիւ խնդիրներ, սուր կերպով իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ ներպետական հակասութիւններու սրումը դրսեւորուած հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն միջեւ հեռակայ բանավէճով: Որքան ալ ընդգծուի այդ հակասութեան վարչական բնոյթը եւ հանգստեան կոչուած թոշակառուներու ստանալիք իրաւունքներուն հետ կապուած թնճուկի...

Ակնարկ.  «Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Արտօնուած Ծլարձակումները

Ակնարկ. «Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Արտօնուած Ծլարձակումները

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը պատերազմական ոճի կայծակնային բռնկումով կամ յանկարծակիութեան գործօնով չէ բնութագրուած: Երկար ատենէ ի վեր նախապատրաստութիւն, զօրքերու կուտակում, ազդանշանի յայտարարութիւն, նպատակի բանաձեւում եւ ապա նոր ներխուժման քայլեր: Որքան ալ լարուած իրավիճակի կապուելով սպասելի ըլլայ հակամարտութիւններու պարագային ռազմական բախումներու մեկնարկը, այնուամենայնիւ հակառակորդը անակնկալի բերելու եւ գործողութիւնները մետասաներորդ պահուն սկսելու գործնականութիւնը բազմիցս դրսեւորած է ինքզինք տարբեր միջավայրերու մէջ եւ տարբեր ժամանակներու...

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց Եզիտիներու  Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Յայտարարութիւնը

Խմբագրական. Յոյները, Ասորիները Եւ Այժմ` Եզիտիները. Ազգային Ժողովի Հետեւողականութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը` եզիտի ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը դատապարտող, բարոյական անհրաժեշտ դիրքորոշումի առընթեր յստակօրէն ունի քաղաքական այժմէական նշանակութիւն: Բարոյականը այն մղումն է այս պարագային, որ նոյնինքն ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի պետութիւնն է, որ պարտք կը զգայ իր հետապնդած ճանաչումներու արշաւին նման ճանչնալ այլ ցեղասպանեալ ժողովուրդի մը իրողութիւնը եւ անկէ մեկնած դատապարտել եղածը: Այստեղ կայ կարեւոր այլ հանգամանք եւս. եզիտի...

Ակնարկ.  Զգուշացման Ազդերու  Հիմնական Տարբերութիւնը

Ակնարկ. Զգուշացման Ազդերու Հիմնական Տարբերութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 10 յունուարին ներկայացուցած է ճամբորդութիւններու ապահովութեան մասին քաղաքացիներու իրազեկումի նոր համակարգ մը, ուր կը նշուի, որ Ազրպէյճան այցելողները պէտք է «յաւելեալ նախազգուշութիւններու» դիմեն. խորհուրդ կը տրուի հոն ճամբորդելու պարագային միշտ տեղեկացուած ըլլալու ապահովութեան սպառնացող վտանգներուն մասին եւ խիստ զգուշութիւն պահպանելու` միշտ նկատի ունենալով ահաբեկչութեան հաւանականութիւնը, յատկապէս երկրին կարգ մը շրջաններուն մէջ: Միեւնոյն զեկուցումին մէջ Միացեալ...

Ակնարկ.  Իրան` Արտաքին-Ներքին Ուրուագիծերու Համընկնումները

Ակնարկ. Իրան` Արտաքին-Ներքին Ուրուագիծերու Համընկնումները

Իրանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերու մասին վերլուծումներ ընելը տակաւին կանուխ է: Անշուշտ, մօտէն հետեւիլը եւ իրադարձութիւններու զարգացման մասին հաղորդելը հայկական որեւէ  լրատուամիջոցի համար պարտադիր է` նկատի ունենալով նախ եւ առաջ Իրանի ներկայացուցած ռազմավարական նշանակութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն համար եւ երկրորդ` նկատի ունենալով իրանահայ համայնքի իրականութիւնը: Այնուամենայնիւ, այս պահուն կ՛արժէ քանի մը դիտարկում ընել իրադրութիւններու ընդհանուր համապատկերը նկատի ունենալով: Ժողովրդային...

Խմբագրական.  Տարեփակի Տարեմուտի Խոհեր.  Վերանորոգ Զսպանակումով (Վերջ)

Խմբագրական. Տարեփակի Տարեմուտի Խոհեր. Վերանորոգ Զսպանակումով (Վերջ)

Ժամեր անց տարեմուտ է արդէն: Վերանորոգ զսպանակումով կը շարունակենք գործը: «Ազդակ»-ի գործը: Շուրջօրեայ աշխատանք` շուրջօրեայ ընթերցանութեամբ: «Ազդակ»-ի աշխատանքները 24 ժամուան ընթացքին դադար չունին: Երբ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն թերթը տպարանէն դուրս կու գայ, ցրուիչները կը ստանձնեն դրօշարշաւը, երբ թերթը իր վերջին բաժանորդներուն կը հասնի, խմբագրատուն մուտք կը գործէ քարտուղարութիւնը, առաւօտեան խմբագրակազմը, աշխատակազմը, որ ապա կը փոխարինուի գիշերային խմբագիրներով եւ անձնակազմով....

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Ե.) Մեր Մօտեցումները

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ե.) Մեր Մօտեցումները

Մեր խմբագրականներուն եւ առաջնորդող ակնարկներուն յատկանիշը ընդհանրապէս քաղաքագիտական-վերլուծաբանական է: Նման գրութիւններ ընդհանրապէս նկատի կ՛ունենան մասնագիտական բառապաշարի օգտագործումը: Եւ երբ տուեալ եզրաբանութեան համարժէք բառը հայրենիքի մէջ կատարուած բառակերտումներով կը հայանայ, այդ պարագային, մեր ըմբռնումով, որեւէ  արգելք չկայ զայն արեւմտահայերէնի մէջ եւս օգտագործելու: Բոլորիս համար պարզ է, որ լեզուն զարգացող հասկացողութիւն է, եւ երբ արեւմտահայերէնը չունի համապատասխան եզրաբանական գերատեսչութիւն, որ բառակերտում կատարէ,...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Դ.) Քննադատութիւններ

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Դ.) Քննադատութիւններ

«Ազդակ»-ի հասցէին կատարուած քննադատութիւններու ներքեւի կէտերը հիմնուած են նախ գրաւոր մեզի հասած ելեկտրոնային նամակներու, ֆէյսպուքեան տարածքներու վրայ շրջանառուող տեսակէտներու, ժողովական միջավայրերու մէջ հնչած կարծիքներու եւ ընկերական զրոյցներու վրայ: Մեր ակնկալածը, որ տարբեր առիթներով փոխանցուած է, այն է, որ քննադատութիւնները կամ առաջարկները կարելիութեան պարագային ուղղակի փոխանցուին տնօրէնութեան կամ համապատասխան խմբագրական կամ վարչական պատասխանատուներու ուշադրութեան: Ուղղակի հանդիպումները եթէ կարելի են լաւագոյն ձեւն...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Գ.)  Լսարանային Հարթակ Եւ Մարդուժի Պատրաստութիւն

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Գ.) Լսարանային Հարթակ Եւ Մարդուժի Պատրաստութիւն

Հակառակ երբեմն ընդառաջումի ոչ ակնկալուած թիւերուն, «Ազդակ»-ի լսարանները այս տարի եւս շարունակուեցան գրեթէ ամսական կշռոյթով եւ պահեցին հետեւողականութիւնը: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ պետական դէմքեր, գիտահետազօտողներ, վերլուծաբաններ, ակադեմիայի տնօրէններ եկան հարստացնելու «Ազդակ»-ի հարթակը` համահայկական ամէնէն այժմէական հնչեղութիւնը ներկայացնող խնդիրներու ներկայացման, պարզաբանման միջոցով: Ներկաներու քանակը կայուն պատկեր չպարզեց: Պէտք է նշել, որ «Ազդակ»-ի լսարանները այ՛ս ձեւաչափով եւ...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

«Ազդակ»-ի կայքի այցելուներու թիւին եւ այցելուներու վայրին մասին կատարուած ուսումնասիրութիւնները կը խօսին հասանելի ընթերցանութեան մը ընդլայնուած աշխարհագրութեան մասին: Ամերիկեան ցամաքամասէն մինչեւ Աւստրալիա, Եւրոպա, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, միջինարեւելեան երկիրներէն մինչեւ նոյնիսկ Չինաստան` «Ազդակ»-ի կայքը օրական կշռոյթով տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներ ունի: Ընթերցողներու աշխարհագրութեան վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ աշխատակցողներու աշխարհագրութիւնը: Ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի բացառիկ համարները, այլ նաեւ օրաթերթի աշխատակիցներու ցուցակը կարեւոր մասամբ...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Բացառիկ Համար Եւ Արխիւի Թուայնացում

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Բացառիկ Համար Եւ Արխիւի Թուայնացում

Աւանդութիւն դարձած տարեփակի խոհերու կարգով, անգամ մը եւս այս սիւնակներուն մէջ կը տեղաւորենք «Ազդակ»-ի միամեայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, իրագործումները, բացթողումները եւ յառաջիկայ տարուան կարեւորագոյն ծրագիրներու նախանիշերը: «Ազդակ»-ի 90-ամեակի նշումը յոբելենական հանդիսութիւններէն աւելի, մեզ մղեց մնայուն հետք ձգելիք որոշ ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականին ուղղութեամբ աշխատելու: Մեր առաջին առաջադրանքը եղաւ հրատարակել յատուկ բացառիկ հատոր մը, որ կարելիի սահմաններուն մէջ պիտի հաւաքէր «Ազդակ»-ի պատմութեան...

Ակնարկ.  Պաղեստինեան Երուսաղէմի Ճանաչման  Թրքական Նախաձեռնութիւնը

Ակնարկ. Պաղեստինեան Երուսաղէմի Ճանաչման Թրքական Նախաձեռնութիւնը

Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի կամ Պաղեստինի մէջ դեսպանատուն բանալու, կարելի է բնական շարունակութիւնը նկատել Անգարայի կողմէ նախաձեռնուած եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ ժողովին ընթացքին Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումին: Անգարան այս հարցին մէջ գերաշխուժ վարքագիծ կը դրսեւորէ: Շարժառիթային քանի մը հանգամանքներ կարելի է մտաբերել այս յայտարարութիւններուն առիթով: Նախ, բնականաբար Անգարան պահը պիտի փորձէր լիարժէքօրէն շահարկել...

Ակնարկ.  Երուսաղէմի Կարգավիճակն  Ու Հայկական Արձագանգները

Ակնարկ. Երուսաղէմի Կարգավիճակն Ու Հայկական Արձագանգները

Միացեալ Նահանգներու նախագահին  յայտարարութիւնը կարելի է նկատել ցնցիչ, բայց ոչ անպայման անակնկալ: Աւելի ճիշդը, նախագահ Թրամփ նման չկշռադատուած յայտարարութիւններ կատարելու կանխատեսելիութեամբ յատկանշուած է արդէն: Զուգահեռ, նկատելի է նաեւ քաղաքականօրէն, որ Թրամփի յայտարարութիւնները լարուած կացութիւններ կը ստեղծեն, բայց յաճախ ալ քաղաքական հետեւանքներ անպայման չեն ապահովեր եւ կը մնան յայտարարողական առումով մթնոլորտ ստեղծելու եւ ոչ թէ իրավիճակ փոխելու ուղղութեամբ կտրուկ շրջադարձներ զգացնելու...

Խմբագրական.  Ժողովրդային Կարիքներուն Հասնելէն  Մինչեւ Պետականաստեղծում (ՀՅԴ 127-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Ժողովրդային Կարիքներուն Հասնելէն Մինչեւ Պետականաստեղծում (ՀՅԴ 127-ամեակին Առիթով)

Տարեփակի նախօրէին, ըստ աւանդութեան ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութիւնը կը նշէ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 127-ամեակը եւ այդ առիթով կը ներկայանայ ժողովուրդին հիմնականին մէջ ընթացիկ տարուան գործունէութեան հաշուեկշիռը ներկայացնելու եւ յատկապէս յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը փոխանցելու: Փակուող տարին բազմաթիւ ուղղութիւններու վրայ տարուած հետեւողական աշխատանքներով յատկանշուեցաւ կուսակցութեան համար` Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ եւ այնուհետեւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններ: Այդ բոլորին հանրագումարը, իրագործուածն ու դժուարութեան հանդիպած բաժինները իրենց ընդհանուր...

Ակնարկ.  Լսարաններու Մշակոյթը. Նոր Ձեւաչափը

Ակնարկ. Լսարաններու Մշակոյթը. Նոր Ձեւաչափը

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ բաւական ճանապարհ անցած է լսարաններ կազմակերպելու մշակոյթը: Ժողովրդային հանդիպումներ, մամլոյ տարբեր ներկայացուցիչներու կողմէ նախաձեռնուած լսարաններ, հոգեւոր սուրբգրային սերտողութիւններ, բժշկական-առողջապահական բնոյթի բացատրողական հանդիպումներ, ուսանողական եւ երիտասարդական հաւաքներ, արուեստագէտներու հանդիպումներ, քաղաքացիական խնդիրներ քննարկող խումբ կամ լրագրական դասընթացքներու հետեւողներ ու տակաւին Դիմատետրի ընկերներու ոչ վիրթուալ, այլ միատեղ հանդիպելու օրինակներ` կու գան շատ կարեւոր ներդրում մը ապահովելու լիբանանահայ համայնքի կազմակերպ...

Խմբագրական.  Բերքառատ Հանգանակութիւն

Խմբագրական. Բերքառատ Հանգանակութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2017-ի հանգանակութեամբ գոյացած գումարը, ինչպէս յայտարարուած է, պիտի յատկացուի արթեզեան ջրհորներու հորատումի եւ ոռոգման նոր ցանցի կառուցումի եւ արեւային ուժանիւթով բանող համակարգի տեղադրման: Երկու նպատակներն ալ Արցախի ժողովուրդի կենսական կարիքներուն հետ սերտօրէն առնչուած են  եւ ըստ էութեան հիմնովին կը սատարեն երկարաժամկէտ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներու իրականացման: Ապագայագիտութիւնը այս երկու ուղղութիւններուն վրայ յատուկ ուշադրութեամբ կը կեդրոնանայ` ընդգծելու համար...

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւ Եւրոպական Միութիւնը Ստորագրել Են Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Խմբագրական. Բազմաշառաւիղ Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարեւոր Անկիւնադարձը

Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած արեւելեան գործընկերութեան համաձայնագիրը բազմաթիւ ուղղութիւններով հեռանկարային նոր հորիզոններ կ՛ուրուագծէ մեր երկրին համար: Կար ընդհանուր տպաւորութիւն, որ այս առաջադրանքը առաւելաբար գերակայ էր մեր երկրին համար, որ Վիլնիւսի մէջ լուրջ խոչընդոտի հանդիպած էր իրականացնելու համար «Թէ-թէ»-ի վարքագիծը: Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութիւնը փաստօրէն խանգարած էր, որ Երեւանը ստորագրէ երկարատեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Ըստ էութեան...

Page 48 of 62 1 47 48 49 62

Արխիւներ