Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիզպոնի Անհամեմատելիութիւնը

Յուլիս 27, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khemp_72716

Ժամանակակից հասարակական բաց համակարգը ամէն ինչ քննարկելի դարձնելու ոչ միայն հակամէտութիւնը ունի, այլ նաեւ լիարժէք կը տրամադրէ գործնական միջոցները: Մարդիկ իրենց մտքով անցածը, երեւակայածը կամ ցանկալի մտածողութիւնը կայծակնային արագութեամբ կը հրապարակայնացնեն եւ նոյն արագութեամբ ալ կը ստանան արձագանգումներ` իրենց տեսակէտէն աւելի հեռու գացողներ կամ սուր կերպով հակադրուողներ: Եւ «քննարկում»-ը կը շարունակուի այս ձեւով: Խումբ մը մարդոց խօսակցութիւնն է, որ ըստ էութեան տեղի կ՛ունենայ, որուն վերահասու կ՛ըլլան անթիւ մարդիկ, ոմանք լուռ հետեւելով, ուրիշներ համեմատաբար կրաւորական արձագանգելով` «բաժնելով» կամ «հաւնելով»:

Եւ որովհետեւ համակարգը կ՛ընձեռէ անանուն, թաքուն կամ ուղղակի յականէ անուանէ երեւակայութիւնը անմիջական գրառելու եւ հրապարակայնացնելու, ահա այստեղ կը քանդուի զգուշաւորութեան պատնէշը. միաժամանակ սակայն ազատ արտայայտութեան սկզբունքի շահագործումով կը հարուածուին նաեւ տուեալ ընկերութեան մը, հասարակութեան մը համար կայացած արժեհամակարգերը:

Խօսքը ուղղակի կը վերաբերի Լիզպոնի նման պատմական իրադարձութիւններու արժեզրկման երբեմն ուղղակի, երբեմն անուղղակի փորձերուն:

Երբ անտեղի համեմատութիւններ, դէպքերու խորհրդազերծման փորձերով ահաբեկչութեան եւ բռնութեան` ինքնազոհութեան հետ հաւասարեցումներ կը կատարուին, երբ յեղափոխական գործողութիւնները դուրս կու գան իրենց պատմական պայմաններէն, հետապնդած նպատակներէն եւ լուսարձակի տակ կ՛առնուին միայն օգտագործուած միջոցը եւ ամբողջ համեմատութիւնները կը կեդրոնացուին այս պարագային գրաւումներու աքթերուն կամ միջոցներուն վրայ, այդ պարագային կարմիր թելի նման կ՛երկարի գործի դրուած ամբողջ մեթոտաբանական համակարգի մը հետապնդած նպատակը:

Եւ այսպէս. միջոցը կը դառնայ քննարկումի առանցք, մինչ նպատակն ու այդ նպատակին հասնելու համար անձնազոհութեան գերագոյն օրինակը կամայաբար կը ձգուին ստուերի տակ: Նման մօտեցումը Լիզպոնէն աւելի, պատմական հեռուները երթալով կրնայ հրապարակայնօրէն նախ քննարկել ընդհանրապէս յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշման եւ անոր ընթացքին գործադրուած միջոցներու արդարանալիութիւնը, յետոյ թեթեւ իմաստակութիւններով ալ կշիռի վրայ դնել, թէ իւրաքանչիւր գործողութենէն շահեցա՞ւ, թէ՞ վնասեց հայ ժողովուրդը. հասնելու համար գուցէ նաեւ Նեմեսիսի նպատակայարմարութեան կամ մինչեւ սուլթան Համիտի մահափորձ, Պանք Օթոման ու Խանասոր:

Մեթոտաբանութիւնը նոր չէ. խորհրդային պատմագրութեան մէջ քիչ չեն  հայկական յեղափոխութեան իւրաքանչիւր հերոսական պատումը խորհրդազերծելու եւ ամէն մէկ ապստամբութեան անտեղիութիւնը «հիմնաւորելու» քարոզչական քաղաքականութեան արտադրութեան  համապատասխանող բաժինները:

Հիմա սակայն, ողողուած են գործնական միջոցները, ապահովուած է կայծակնային արագութիւնը, ստեղծուած է դաշտը,  աւելի ճիշդ անտառ մը, ուր ամենաթողութեան սկզբունքով կը գործէ յերիւրանքը, վիրաւորանքը, սուտը, կեղծիքը, ապագաղափարականացումն ու խորհրդազերծումը:

Նման փորձեր երեւցան նաեւ լիզպոնեան հերոսապատումի մեկնաբանման, անտեղի համեմատութիւններու եւ յատկապէս օգտագործուած միջոցի գերակայութիւնը լոյսին բերելու:

Եւ եթէ մէկ կողմէ Լիզպոնը խնամքով անուշադրութեան մատնելով իրեն յատուկ լուսարձակները չունենար հայրենի թէ սփիւռքեան շրջանակներու մէջ, եւ միւս կողմէ «ամէն ինչ քննարկելի է» այսօրուան կարգախօսին տակ միջոցը գերադասելով նպատակն ու խորհուրդը կը նսեմացուի, ապա մենք չենք անդրադառնար, որ ազգային ընդհանուր արժեհամակարգին է, որ հարուած կը հասցուի:

Լիզպոնը անձնազոհութեան գերագոյն օրինակ է` ձեռք ձգելու համար համազգային հոգեփոխութիւն մը, շրջադարձ մը, հայութեան բոլոր իրաւունքներուն տենչով երիտասարդութեան մօտ գաղափարականութիւնը առանցքայնացնելու առաջադրանքը: Լիզպոնը ինքնասպանութիւն է ապրեցնելու համար երիտասարդութիւնը եւ մանաւանդ համայն աշխարհին համոզելու, որ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն ձեռքբերման համար յայտարարուած պայքարը անտեղիտալի է, աննահանջ, ետդարձ չճանչցող եւ անզիջելիօրէն վճռակամ:

Եւ եթէ իրօք, կան համեմատութիւններ, պատճառահետեւանքային քննարկումներ, այսօր նաեւ լիզպոնեան խոյանքին այժմէական հնչեղութիւն տալու համար հաւանաբար պէտք է հրապարակայնօրէն քննարկել, թէ հայոց իրաւունքներու արծարծման դիմաց լռութեան աղիւսուած պատերու ճարճատումին մէջ ի՞նչ դեր ունեցան Վիեննան, Փարիզը, Պուրկասը եւ անոնց շարքին ամէնէն հուժկու ձայներով լսուած ու ոչ միայն քարեղէն կառոյցներ, այլ հոգիներ շարժած, հանրային կարծիքներ ցնցած Լիզպոնը, որ ածխացուց երիտասարդ մարմիններ, բայց բռնկեցուց հայ երիտասարդութեան պահանջատիրութեան կրակը: Այլապէս, Լիզպոնը անհամեմատելի է ոչ միայն իբրեւ միջոց, այլեւ իբրեւ եղանակ, իբրեւ գերագոյն օրինակ, իբրեւ ամենանուիրականը զոհելու անգերազանցելի փաստ:

Այնտեղ մուտք է առանց ելքի, չկան բանակցութիւններ, պահանջներ, եւ պահանջներու բաւարարման պարագային յանձնուելու յայտարարութիւններ: Լիզպոնը եզակի դէպք է ամբողջ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Զոհաբերութիւն է ազատութեան բագինին: Եւ որեւէ իմաստակութիւն, «քննարկում» կամ մեթոտը նպատակէն գերադասող փորձ չի յաջողիր ստուեր ձգել արեւու նման ճառագայթող  հինգ անձնուրացներու պայծառ դէմքերուն վրայ:

Նախորդը

Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Գրաւման 10-րդ Օրուան Ընթացքին. Ոստիկանութիւնը Յարձակում Գործեց Կեդրոնին Վրայ. Զինեալ Խումբէն Երկու Հոգի Յանձնուեցան, Պաւել Եւ Արամ Մանուկեանները` Վիրաւոր

Յաջորդը

Մարզական Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?