Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. «Այց Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր». Քաղաքական Ենթաբնագիրներ

Յունիս 27, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

17999_b

Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստան այցելութեան առիթով կատարած յայտարարութիւնները ընդհանուր առումով թէ՛ հայկական եւ թէ՛ միջազգային պետական, հասարակական եւ լրատուական լուսարձակները կեդրոնացուցին Ցեղասպանութեան բնորոշումին վրայ:

Այստեղ անշուշտ կար հետեւողականութիւն պահելու սկզբունքայնութիւն, Վատիկանի մէջ կատարուած յայտարարութեան շարունակութեան տրամաբանութիւն, բարոյական չափանիշներու յարգում, արդարութիւն  եւ խաղաղութեան ուղղութեամբ հոգեւոր պետէ մը ակնկալուած համապատասխան հռետորաբանութիւն: Բարոյական այս չափանիշներուն կ՛ընկերակցէին անշուշտ պապի պահուածքը, զսպուածութիւնը, ժուժկալութիւնը, համեստութեան օրինակ հանդիսանալու դրսեւորումները, եւ այս բոլորով ուշագրաւ եւ ժողովրդային խաւերու կողմէ ընկալելի դառնալու փաստերը:

Այս բոլորը անշուշտ յատկանշեցին Ֆրանչիսկոս պապի այցելութիւնը մեր երկիր: Պէտք չէ մոռնանք սակայն, որ պապի յատկապէս գրաւոր ելոյթները, ինչպէս որեւէ պետութեան ներկայացուցիչի կողմէ արտասանելի յայտարարութիւն կամ ճառ, կ՛արտացոլացնեն որոշ քաղաքականութիւն, կը քննարկուին, կը նախապատրաստուին եւ կը մշակուին սկզբունքով արհեստավարժ խումբի մը կողմէ, որ նկատի կ՛ունենայ աշխարհագրական միջավայրը, լսարանը եւ տեղւոյն ժողովուրդի իւրայատկութիւնները:

Պապի գրաւոր ելոյթները այդ նախադրեալները ներառած կը թուէին ըլլալ: Եւ որովհետեւ Վատիկանը եւս պետութիւն է եւ պետութիւնը ունի իր քաղաքական վարքագիծն ու անոր համապատասխան հնչեղութիւն պարփակող յայտարարութիւնները, փորձենք Ցեղասպանութեան թեմայէն անկախ կեդրոնանալ այլ քաղաքական վարքագիծի մը վրայ, որ ինքզինք դրսեւորեց նախքան այս պատմական այցելութիւնը:

Ընտրուած թեման` «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր», ինքնին շատ ուղենշային խորք ու բովանդակութիւն ունի անշուշտ: Բայց մինչ այդ չմոռնանք, որ պապը դարձեալ գրաւոր դիմած էր իր հաւատացեալ ժողովուրդին` խնդրելով աղօթել իրեն համար, որ կը պատրաստուի մեկնիլ Արեւելք: Այս ամփոփ հաստատումը նախ ենթադրել կու տայ, որ Արեւելքը ճգնաժամային աշխարհագրական միջավայր է, ուր մեկնելու համար պապը կը խնդրէ իր ժողովուրդէն յատուկ աղօթել դժուար առաքելութիւն մը յաջողցնելու համար:

Արեւելքի ճգնաժամը լուսարձակի տակ բերելը պապին կողմէ անմիջապէս յիշեցնել կու տայ մեզի Վատիկանի մէջ անցեալ տարի արտասանուած պատմական ճառին ընթացքին 21-րդ դարուն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն նկատմամբ կատարուող ցեղային զտումներուն եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան միջեւ համեմատութիւնը:  Արեւելքի քրիստոնեաներու վտանգուած ըլլալու հանգամանքի շեշտումը պապին կողմէ տրամաբանական շարունակութիւնն է Վատիկանի մէջ ընդգծուած համեմատութեան:

Ֆրանչիսկոս պապը իր այս ուղեւորութեան տուած էր ուխտագնացութեան բնոյթ` «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր», որուն համար ան տուաւ նաեւ կարեւոր այլ բնորոշում` «Քրիստոնեայ միջնաբերդ». միջնաբերդը պաշտպանուածութիւն կ՛ենթադրէ. Հայաստանը ուրեմն ոչ քրիստոնեայ երկիրներու մէջ միջնաբերդի բնոյթ ունի, որ կը պաշտպանէ քրիստոնէութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Ոչ քրիստոնեայ հարեւաններով շրջապատուած ըլլալու փաստը կամ միջնաբերդի բնութագրումը կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետին կողմէ տիեզերական քրիստոնէութեան ուշադրութեան յանձնելու միտում ունի անպայման: Եւ խորքին մէջ անձնական ուխտաւորութեամբ եւ անձնական զօրակցութեամբ քրիստոնեայ աշխարհին բարձրագոյն դիրքերէ կատարուած կոչ է մեր երկրին վերաբերելու համար համարժէք պահուածքով:

Արեւելքի միջնաբերդ ըլլալու այս տրամաբանութիւնը կը շարունակուի. եւ պատահական չէ, որ շատ խորհրդանշօրէն Միջին Արեւելքի իւրաքանչիւր երկրի համար յատուկ աղօթեց Ֆրանչիսկոս պապը երկիր առ երկիր` օրհնելով նաեւ միջինարեւելեան իւրաքանչիւր երկրէ իրենց ներկայացած հողը:

Պապը հրապարակայնօրէն շեշտեց նաեւ մէկ հանգամանք եւս, որ նախկին ժամանակներու փորձառութիւններէն մեկնելով կաթողիկէ հովուապետը ցանկացաւ կանխել հնարաւոր մտավախութիւնները` յունիսի 26-ի էջմիածնական պատարագին ժամանակ ան մաղթեց, որ «հայ եկեղեցին խաղաղութեամբ ընթանայ եւ մեր միջեւ խաղաղութիւնը կատարեալ ըլլայ: Բոլորին մէջ ծնի միութեան հզօր ցանկութիւն, այնպիսի միութեան, որ պէտք չէ ըլլայ ,ո՛չ ենթարկութիւն մէկը միւսին, ո՛չ կլանում, այլ առաւել ընկալում բոլոր շնորհներուն, որ Աստուած տուած է իւրաքանչիւրին»:

Տիեզերական եկեղեցիի նման վերաբերմունքի պատճառներուն շարքին է այն հանգամանքը, որ ապաքրիստոնէացող արեւելքին մէջ Հայաստանը հաւատքի միակ անկեղծ ու յուսալի պատուարն է, Հայոց առաքելական եկեղեցին կը ձգտի քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն հետ միասնական գործակցութեան եւ այս միասնութեան մէջ եւս կը դրսեւորէ անոր անկեղծ ջանքը. հայ ժողովուրդն ու եկեղեցին նաեւ կուտակած են տասնամեակներու ու դարերու փորձառութիւն այլ կրօններու այլադաւան ժողովուրդներուն հետ բարի համակեցութեան եւ գործակցութեան,  եւ այդ փորձառութիւնը այսօր շատ օգտակար է քրիստոնեաներուն համար: Համատեղ Հռչակագիրին մէջ ցեղասպանութեան հարցին անգամ մը եւս շեշտումը կը վկայէ, որ կաթողիկէ եկեղեցին չի խորշիր հնարաւոր քաղաքական մարտահրաւէրներէն, հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին նկատմամբ պատրաստ է արտայայտելու վճռական սատարում, եւ ի վերջոյ  բազմիցս արտայայտուած մտահոգութիւնները արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու ճակատագիրով Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիները կը դարձնէ բնական դաշնակիցներ  տարածաշրջանային ու համաշխարհային քաղաքական մարտահրաւէրներուն յանդիման:

Կաթողիկէ եկեղեցին նոր չէ, որ կ՛անդրադառնայ որ Հայաստանը առաջին երկիրն է, որ պետականօրէն ընդունած է քրիստոնէութիւնը: Հիմա պահն է, որ միջդաւանական վէճերը երկրորդական նշանակութիւն ունենան. քրիստոնէութեան վտանգուած ըլլալը, յատկապէս արեւելեան տարածաշրջանին մէջ քաղաքական առումով շարժիչ գործօնի հանգամանք կը ստանայ: Հիմա պահն է միջեկեղեցական մակարդակի վրայ առաջնահերթութեան սլաքները համադրելու:

Յայտնապէս այս առաջնային օրակարգին համար Վատիկանը Հայաստանին կը վերագրէ շատ կարեւոր դերակատարութիւն: Եւ կը յիշէ ու կը յիշեցնէ, որ մեր երկիրը առաջին քրիստոնեայ երկիրն է եւ քրիստոնէութեան միջնաբերդը: Նաեւ դէպի Եւրոպա բացուող պատուհանն է, աստուածաշնչական Արարատի եւ Նոյեան Տապանի հանգրուանած երկիրը: Մեր երկրի առանձնայատուկ կարգավիճակները դարաւոր իրականութիւններ են: Այսօր Վատիկանը կ՛ընդգծէ այս իրականութիւնները: Երեւանը իրեն տրուող այս կարգավիճակի օրինականացումը Վատիկանի կողմէ լիարժէք օգտագործելու հրամայականին առջեւ է:

Նախորդը

«Յիշողութիւնը Ո՛չ Կարելի Է Պղտորել, Ո՛չ Ալ Մոռնալ: Յիշողութիւնը Խաղաղութեան Եւ Ապագայի Աղբիւրն Է»

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Տիգրան Մնացականեան` Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?