Երեւանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները կը մտահոգեն բոլորս: Համահայկական լուսարձակներու տակ են գրաւուած ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը, գրաւողները, պատանդները, զոհի պարագան, վիրաւորները, պահանջները, պաշտօնական հաղորդագրութիւնները եւ ընթացող-չընթացող բանակցութիւնները:
Մէկ կողմէ կան իրաւապահ եւ անվտանգութեան համապատասխան մարմիններու պաշտօնական հաղորդագրութիւններն ու անոնց ընկերացող կոչերը` սնուելու միայն պաշտօնական լրահոսէն, անուղղակիօրէն ապատեղեկատուութեամբ չնպաստելու համար վտանգաւոր կացութիւններու ստեղծման: Միւս կողմէ` ժողովուրդը փողոց դուրս հանելու կոչեր, կայքերու եւ այլընտրանքային լրատուութիւններու ճամբով շրջանառութեան մէջ դրուող ստուգուած-չստուգուած լուրեր, այլազան մեկնաբանութիւններ: Գիտակցելի է անշուշտ, որ նման իրավիճակներու պարագային շատ բարդ է լրատուութիւն ուղղորդելը կամ վերահսկելը: Այս առաջադրանքը ներկայ բաց համակարգի պայմաններուն մէջ իր բացասական ընկալումը ունի. նոյնիսկ ամենաթէժ իրավիճակներու մէջ հայկական տեղեկատուութիւնը չփակուեցաւ կամ չսահմանափակուեցաւ, ի տարբերութիւն անմիջականօրէն «հարեւան» մեր երկիրներուն:
Կացութեան լրջութիւնն ու ծայրայեղ նրբութիւնը կը շեշտեն հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուներուն ինքնավերահսկողութեան խիստ անհրաժեշտութիւնը: Այս դաշտը, ա՛յո, տուեալ պահուն պէտք է նկատի ունենայ բազմերես հանգամանքներ եւ կեդրոնանայ առաջնային անմիջական մարտահրաւէրներու վրայ:
Ի վերջոյ կարելի չէ – երբ տակաւին յստակ չէ մարդոց ճակատագիրը ու չ՛երեւիր կեանքի սպառնալիքներու տակ գտնուող երկկողմանիօրէն ձեւաւորուելիք աւարտը- անցնիլ արդէն պատճառահետեւանքներ վերլուծումներու, ենթադրական մեկնաբանութիւններու, փոխադարձ ամբաստանութիւններու միջազգային ընդհանուր ընթացող գործողութիւններու շարքին տեղադրելու Երեւանը:
Նման թողարկումներ կամ գրառումներ ամենայն հաւանականութեամբ կը նպաստեն իրավիճակներու գերլարումին եւ թէժացման: Իրաւապահ մարմիններէն գրոհի բացառումը կամ գրաւման գործողութիւն իրականացնողներէն օրէնքին ենթարկուելու կեցուածքներու ակնկալութիւնները չափ, ակնկալիք-պահանջք է նաեւ տեղեկատուութեան ոլորտի գործիչներէն եւ այս պարագային գրառում կատարողներէն բացարձակ ինքնավերահսկողութիւն` նպաստած չըլլալու համար հաւանական որեւէ ցնցումի:
Այս հանգրուանին ցնցումի բացառութիւնն է, որ միահամուռ, համակողմանի պիտի արծարծուի, առաջադրուի եւ պահանջուի:
Կը թուի, թէ փակուղիէն, անել վիճակներէ դուրս գալու բանակցային տարբերակներ սկսած են ուրուագծուիլ: Ուժի կիրառման բացառումը եթէ մնայուն կերպով շեշտելի սկզբունք է արտաքին հակառակորդին հետ բանակցութիւնները շարունակելու համար, ապա աւելի քան անշրջանցելի հրամայականի պէտք է վերածուի ներքին սուր հակասութիւնները հանգուցալուծելու համար:
Պետականութիւն հասկացողութիւնը եւ պետական համակարգը ամբողջ կառուցուած է կարգ ու կանոնի, իրաւական դրոյթներու վրայ եւ հիմնովին գիտակցելի է անշուշտ, որ իրաւադրոյթներու պահպանման աշխատանքի լծուած ծառայողները հարուածելը պատժելի է օրէնքով, եւ որ նման իրաւախախտումներ եւ օրինազանցութիւններու ամենաթողութիւնը արգելակած կ՛ըլլան իրաւական պետութեան կայացման աշխատանքը: Այս առաջադրանքներով ալ, այլ խօսքով, իրաւական պետութիւն կայացնելու առաջնային հրամայականին համար բարեփոխուած Սահմանադրութիւնը նկատելի ոստում կատարեց դատական իշխանութիւնները անկախացնելու ճամբուն վրայ:
Բարեփոխուած Սահմանադրութիւնը պետութեան իրաւականացման, յաւելեալ ժողովրդավարացման եւ այս առումներով համակարգային անցնցում փոփոխութեան կարեւորագոյն երաշխիքն է:
Բարեփոխուած Սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները հանգրուանային են, դրականօրէն հեռանկարային եւ իրատեսօրէն զարգացման հորիզոններ ցոյց տուող, բայց մանաւանդ իբրեւ եղանակ` անցնցում:
Հիմա ալ պէտք է բացառե՛լ ցնցումը:
«Ա.»