Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Էրտողանի Սլաքները

July 18, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

s_17072016111411-XYMEC

Թուրքիոյ մէջ զինուորական չկայացած յեղաշրջումի ուղղութեամբ վաղ է հետեւութիւններ ընելը: Անշուշտ կան բազմաթիւ դիտարկումներ, վերլուծումներ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ, սկսած` բեմականացուած յեղաշրջման տարբերակէն, որուն նպատակը նախագահ Էրտողանի տիրական հաստատումն ու կայացումն է, վերջացած Թուրքիոյ մասնատումը առաջադրող հեռակառավարուող քաոսացման քաղաքականութեամբ:

Հայկական կողմը, պաշտօնական հանգամանքները նկատի ունենալով, թէ՛ պետական, եւ թէ հասարակական առումներով զսպուածութեամբ ու երբեմն կրաւորականութեամբ մեղադրուող լռութեամբ, տեղին եւ ակնկալելի պահուածքով վերաբերեցաւ տակաւին քաղաքական արժեւորումի չենթարկուած զինուորական չկայացած յեղաշրջումի երեւոյթին նկատմամբ: Այդպէս ալ պիտի ըլլայ, բնականաբար: Հայկական առաջին հանգամանաւոր մեկնաբանութիւնները քաղաքականօրէն հասկնալի սահմաններուն մէջ կը մնային` նկատի ունենալով հաւանական հետեւանքներու մշուշոտ տեսանելիութիւնը եւ այդ առումով ալ հայկական գործօններուն վրայ ենթադրելի ազդեցութիւնները:

Չաճապարելու եւ զուսպ մեկնաբանելու այս պահուածքը` թէ՛ պետական, եւ թէ հասարակական մակարդակներու վրայ, գիտակցական էր եւ պատշաճ: Արագ էր եւ համարժէք նաեւ հայկական լրատուադաշտի լուսաբանումը, որուն կրած եւ կրելիք ազդեցութիւններուն մասին այլապէս ընդգծելի կէտեր կան` նկատի ունենալով Անգարայի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հակոտնեայ դիրքորոշումները, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին կողմէ վերահսկուող լրատուամիջոցներուն ազդեցութիւնը կրած հայկական զանգուածային լրատուամիջոցին թողարկած տեղեկատուութեան մէջ երեւցող տուեալ պետութեան քարոզչական ուղեգիծը: Այս ոլորտը տակաւին ուսումնասիրելի է, ուստի հայկական կողմ ըսելով պէտք չէ հիմնուիլ ընկերային ցանցերուն վրայ երեւցած թէ պատահական անցորդներու հետ կատարուած հարցազրոյցներուն ճամբով ամբոխային հակազդեցութիւններու ընդհանուր մթնոլորտին վրայ` դատումնային եզրակացութիւններու յանգելու համար առաջին տպաւորութիւն ստացող հայեացքներով:

Քաղաքական հետագային վերլուծութիւնները` իրենց ատենին եւ հերթաբար: Առանց քաղաքական ենթադրական դաշտ մտնելու եւ հիմնուելով կատարուած յայտարարութիւններուն փոխանցած ուղերձներուն վրայ, պէտք է նկատի ունենանք հետեւեալները այս առաջին հանգրուանին.

Հակառակ անոր որ «Խաղաղութիւն Թուրքիոյ» գործողութիւնը քեմալական ձեռագիրը կը կրէ, բայց եւ այնպէս Էրտողան շատ արագ ամբաստանեց իր գլխաւոր թշնամին` Կիւլենը, յեղաշրջումը հեռակառավարած ըլլալու յանցանքով: Ապա Ուաշինկթընէն պահանջեց արտաքսել զինք եւ վերջապէս Ինճիրլիքը փակեց ամերիկեան օդուժին առջեւ (աւելի ուշ վերարտօնեց` զգալով հետեւանքներուն ծանրութիւնը):

Իրերայաջորդ այս քայլերով Էրտողան պարզ դարձուց, որ Միացեալ Նահանգներէն ղեկավարուած է յեղաշրջման փորձը, որուն համար ալ Ուաշինկթընը դրաւ պատասխանատուութեան առջեւ` գլխաւոր յանցագործը ոչ թէ արտաքսելու, այլ արտայանձնելու, իսկ Ինճիրլիքի փակումը իբրեւ հակադարձ քայլ կը նշանակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին Թուրքիոյ միանալուն առկախումը, մինչեւ Ուաշինկթըն վերատեսութեան ենթարկէ Անգարայի նկատմամբ իր վարած վերջին շրջանի քաղաքականութիւնը:

Այս բոլորին մէջ քրտական գործօնը տեսանելի չէ, մինչ Ուաշինկթընի հետ ընթացող պարանաձգային բանակցութիւններուն կարեւորագոյն առանցքներէն է անիկա:

Այս հանգրուանին նկատենք, թէ ո՞ւր կ’ուղղուին Էրտողանի մեղադրանքի սլաքները եւ մտաբերենք, թէ երկու նախընտրական ժամանակաշրջաններու ինչո՞ւ Էրտողան անընդհատ դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Արեւմուտք կ’ուղղէր իր քննադատութիւնները` ահազանգելով, թէ անոնք առաջադրած են Թուրքիոյ մասնատումը:

«Ա.»

Նախորդը

Դատապարտումի Հեռագիր Ֆրանսայի Պետութեան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պարտութեամբ Սկսաւ Մրցաշարքը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.