Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ.  Համապետական Մտածողութեան Պարտադրանքը.  Կազմե՛լ Կառավարութիւնը

Ակնարկ. Համապետական Մտածողութեան Պարտադրանքը. Կազմե՛լ Կառավարութիւնը

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն աւելի քան մէկ ամիս ետք տակաւին գործնապէս չեն սկսած կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները: Իրաւական-ընթացակարգային փուլերը այս երկրին մէջ դժուար կը հանգուցալուծուին. յետաձգումները, առկախումները եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր համայնքի ապահովելիք չափաբաժիններու առաջադրանքներն են, այդ առումով գոյառուող անհամաձայնութիւնները, առեւտուրները եւ ապա ընդհանուր յայտարարներ գտնելը, միւս կողմէ, սակայն, արտաքին հեռակառավարումներու գործօնով գործընթացներու կասեցումները: Քաղաքական լաւատեսութիւնը պէտք է փորձել պահել, հակախուճապային...

Ակնարկ.  Ներքին Արդարութիւն – Արտաքին  Անվտանգութիւն Բանաձեւը

Ակնարկ. Ներքին Արդարութիւն – Արտաքին Անվտանգութիւն Բանաձեւը

Մեր երկրին մէջ տիրող յետյեղափոխական իրավիճակը  բեկումնային պահեր ստեղծելու նախադրեալներ կը պարզէ: Արտաքին առումով եթէ յատկապէս նկատի ունենանք կառավարութեան ծրագիրը, վարչապետի ուղերձն ու տարբեր առիթներով կատարած յայտարարութիւնները, արտաքին գործոց նախարարի պատասխանները արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցումներուն, հիմնականին մէջ շրջադարձեր չեն նկատուիր. երանգային տարբերութեամբ մը Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի անմիջականութեան մասին առաջադրանքներ կը բարձրաձայնուին: Մինչ ներքին առումով սկսելու համար հասարակական մակարդակի վրայ...

Ակնարկ.   Նոր Սահմանադրութեամբ Կառավարութեան Նիստերը Քաղաքական Բովանդակութիւն Ունին

Ակնարկ. Նոր Սահմանադրութեամբ Կառավարութեան Նիստերը Քաղաքական Բովանդակութիւն Ունին

Կուտակային կենսաթոշակի օրէնքին կապուած կառավարական քննարկումներուն առիթով ստեղծուած մթնոլորտը եւ սուր մեկնաբանութիւնները կը շարունակուին: Այս նոր համակարգի պարտադիր բաղադրիչը, օրէնքը ընդհանրապէս, որոշ թուականէ ետք ծնածներու հետ կապուած համեմատութիւնները եւ այլ մանրամասնութիւններ սերտօրէն կապուած են այս դրութեան ունենալիք առաւելութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն հետ: Խնդիրը իր ընդհանուրին մէջ մէկ կողմէ քաղաքացիներուն ստանալիք հետագայ թոշակներու գումարներու բարձրացումին  առաջադրանքն է, միւս կողմէ ներկայ պահուն քաղաքացիները...

Ակնարկ.  Անմիջականութեան Երանգային Շեշտ`  Ստեփանակերտի Բանակցային Սեղան Վերադարձի

Ակնարկ. Անմիջականութեան Երանգային Շեշտ` Ստեփանակերտի Բանակցային Սեղան Վերադարձի

Ստեփանակերտը բանակցային սեղան վերադարձնելու Երեւանի կողմէ վերահնչած առաջադրանքը ո՛չ միայն քաղաքական եւ տեղեկատուական, այլ նաեւ պետական մակարդակի վրայ սուր հնչեղութիւն գտած է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հաստատումը այս հարցի արծարծման առիթով, թէ բանակցային ձեւաչափը հակամարտող կողմերուն որոշելիքն է, խորքին մէջ գնդակը նետել է Ազրպէյճանի դաշտ` պարզ գիտակցելով հայկական կողմի դիրքորոշումին մասին: Իր ընդհանրութեան մէջ եւ յատկապէս հարցի վերջնական լուծումի հեռանկարով,...

Անկարկ.  Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Ընթացիկ  Եւ Արտակարգ Օրէնքներու  Ամրագրման Անհրաժեշտութիւնը

Անկարկ. Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Ընթացիկ Եւ Արտակարգ Օրէնքներու Ամրագրման Անհրաժեշտութիւնը

Նախագահ Աունի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրը` արաբ գործարարներու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու, քաղաքական գայթակղութիւն ստեղծած ըլլալու մթնոլորտ յառաջացուցած է: Հրամանագիրը համաստորագրուած է վարչապետին եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնին կողմէ: Քաղաքական, հասարակական եւ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ յառաջացած բողոքները եւ քաղաքացիութիւն ծախելու յայտարարողական մեղադրանքները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են որոշումը եթէ ոչ չեղեալ յայտարարելու, այլ այս պահու դրութեամբ առկախելու եւ գործարարներու ինքնութեան մասին յաւելեալ...

Խմբագրական.  Պետականութիւնը Շարունակականութիւն Է (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Պետականութիւնը Շարունակականութիւն Է (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով)

Հայկական աշխարհը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը: Տարի մը առաջ կազմուած էր 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողով, հիմնականին մէջ միջգերատեսչական ներկայացուածութեամբ: Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ իշխանափոխութիւնը պահ մը դիպաշարին հետեւողներուն մօտ յառաջացուց այն մտահոգութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկները կրնան ընդհանրապէս տեղի չունենալ, կամ լաւագոյն պարագային` ոչ համարժէք արժանավայելութեամբ տեղի ունենան: Պետականութեան եւ պետականութենէն ակնկալուած գործառոյթները փաստօրէն կը պահեն իրենց...

Ակնարկ. Շրջանցում, Որ Անպայման Ուղենշային Չէ

Հայ-թուրք յարաբերութիւններու հեռանկարային պատկերացումներու մասին խօսելով` վարչապետ Փաշինեան հիմնականին մէջ վերաբանաձեւած էր պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը` կողմ ենք Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման` առանց նախապայմանի: Ճիշդ չէ, որ երրորդ երկրի հետ Անգարան պայմանական հարց արծարծէ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար: Երեւանը կը շարունակէ առաջադրել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, որ նախ եւ առաջ կը նպատակադրէ ցեղասպանութիւններու կրկնութեան կանխարգիլումը: Փաշինեանի  մօտեցումը միաժամանակ թէ՛ արցախեան հակամարտութեան...

Խմբագրական.  Եռատօն, 100-ամեակ Եւ Նոր Հայաստան

Խմբագրական. Եռատօն, 100-ամեակ Եւ Նոր Հայաստան

Մայիսեան եռատօնը Հայրենական պատերազմին, Շուշիի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան բանակին ստեղծման կը վերաբերի: Մայիսը այս եռատօնին առընթեր այս տարի կը յատկանշուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակով: 100-ամեակին ընդառաջ վերջին շրջանին կային պետական նախապատրաստական աշխատանքներ: Նշանակուած էր յատուկ պետական յանձնաժողով, որուն ծրագրային բովանդակութիւնը ներառած էր մշակութային ձեռնարկներ, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, զինուորական շքերթներ, արձանի բացում: Տօնը  առաւելագոյն ձեւով համաժողովրդայնացնելու պետական այս քաղաքականութիւնը ունեցած  էր նաեւ...

Խմբագրական.  Հակառակ Պայմաններուն.  Շնորհիւ Լիբանանահայութեան

Խմբագրական. Հակառակ Պայմաններուն. Շնորհիւ Լիբանանահայութեան

Վարագոյրը իջաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ, եւ արդէն իսկ ձեւաւորուած կարելի է սեպել նոր խորհրդարանը: Այն նորութիւնները, որ բերին այս ընտրութիւնները, հիմնական քանի մը ուղղութեան կը վերաբերէին, նաեւ հայկական առումով: Նախ եւ առաջ անշուշտ նոր ընտրակարգը: Ընտրական նոր օրէնքի հիման վրայ ձեւաւորուած ընտրակարգը կարելի է ըսել, որ ժողովրդավար կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ եզակի է իր բովանդակութեամբ: Առաջին հայեացքով նմանատիպ է...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Խմբագրական. Քուէն Ուժ Է

Ընտրարշաւի աշխատանքները աւարտած են: Հարցազրոյցներ, հաղորդագրութիւններ, յայտարարութիւններ, պաստառներ, ժողովրդային լսարաններ, հանրահաւաքներ` բազմաշերտ, լայնածաւալ եղանակներով լուսաբանումներ, ճառեր, ընտրական ծրագիրներ, բացատրողականներ եւ այդ բոլորին առօրեայ, միաժամանակեայ կշռոյթով մամուլի եւ քարոզչամիջոցներու արձագանգումներ այլեւս որեւէ տեղ չեն ձգած յաւելեալ իրազեկման, տեղեկացման: Պահը եկած է  լիբանանահայ համայնքի քաղաքական գործօնի ուժեղացման նպաստելու, համաժողովրդային մասնակցութիւնը առարկայացնելու համար ընդառաջ շարժելու մեկնարկը ազդարարելու: Զուգահեռ` Ընտրական կեդրոնական մարմինի համակարգումով ՀՅԴ...

Խմբագրական.  Հանգուցալուծում` Սահմանադրական Կարգով

Խմբագրական. Չորրորդ Կէտի Իրացման Համար Երաշխիքներու Ամրագրումը

Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի երէկուան նիստը, թէեւ սահմանադրական ընթացակարգի յարգումով, այնուհանդերձ խորացուց ճգնաժամը: Մինչեւ խորհրդարանի լուծարումը տակաւին կայ սահմանադրական վերջին հանգրուան մը, ընտրելու վարչապետ: Մինչ այդ, նոր թափ հաւաքած է քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումը եւ խորքին մէջ երկիրն ու պետութիւնը հետզհետէ ենթարկած ներքին շրջափակումի: Պարզ է, որ հանգուցալուծման բանալին գէթ այս պահի դրութեամբ կը գտնուէր ու տակաւին կը շարունակէ գտնուիլ խորհրդարանական...

Խմբագրական.  Մայիս Մէկ. Երկու Միջավայրերու Մէջ

Խմբագրական. Մայիս Մէկ. Երկու Միջավայրերու Մէջ

Մայիս մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այս անգամ կը ստանայ խիստ ժամանակակից, արդիական հնչեղութիւն, այն առումով, որ համաժողովրդական շարժումը կը տօնախմբէ իր յաղթանակը: Այս յաղթանակին, աւելի ճիշդը ամբողջ շարժումի համաժողովրդայնացման մէջ առաջադրուած առաջնային թեմաներէն էր հարստապետական կարգերը արմատապէս փոխելու կարգախօսը: Իսկ այդ կարգախօսը յաջողած էր նկատելի թիւով համալրել մարզերու, գիւղերու եւ առհասարակ քաղաքացիներու այն խաւը, որ տուժած էր այդ կարգերէն եւ...

Խմբագրական.  Հանգուցալուծում` Սահմանադրական Կարգով

Խմբագրական. Հանգուցալուծում` Սահմանադրական Կարգով

Ներհայաստանեան իրադարձութիւններու զարգացումը կ՛ընթանայ սահմանադրական ընթացակարգային հունով: Նկատի ունենալով խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները, պարզ կը դառնայ, որ միասնական թեկնածուի ընտրութեան շուրջ գէթ այս պահու դրութեամբ գոյացած է ընդհանուր համախոհութիւն: Մինչեւ այդ համախոհութեան ամրագրումն ու անոր նպաստող յայտարարութիւններու հրապարակումը, կայացան նաեւ հանդիպում-քննարկումներ քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ նախ միջնորդաւորուած, ապա նաեւ ուղղակի հիմնական երկու ուժերուն միջեւ` ՀՀԿ-ի եւ Նիկոլ...

Խմբագրական.   Միջազգային Հեղինակութեան Նոր Նշաձողերու Իրացում

Խմբագրական. Միջազգային Հեղինակութեան Նոր Նշաձողերու Իրացում

Հայաստանի վարչապետի ընտրութեան ընթացակարգի մեկնարկի ճշդումը կը պարտաւորեցնէ ճգնաժամի հանգուցալուծման համար քաղաքական երկխօսութեան հարթակի արագ կայացումը եւ համապատասխան եզրայանգումներու արձանագրումը: Մինչեւ այս պահը կայ համակողմանի մօտեցում` գործընթացները պահելու քաղաքակիրթ, խաղաղ սահմաններու մէջ, առաւել եւս` հանգուցալուծումները բերելու օրինական դաշտ: Թաւշեայ յեղափոխութեան դիմաց կար նաեւ թաւշեայ պետական արձագանգում`ուժի կիրարկումը բացառելու եւ ընթացակարգը սահմանադրական եւ մանաւանդ անցնցում պահելու: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ...

Խմբագրական. Այսօրուան Առաջադրանքին Սահմանդրական Հիմքը

Խմբագրական. Այսօրուան Առաջադրանքին Սահմանդրական Հիմքը

Արտախորհրդարանական ընդդիմադիր զանգուածը յայտնաբար յաջողած է իրավիճակ ստեղծել։ Նոր սահմանադրութիւնն ու նոր ընտրակարգը նոր գործառոյթներ եւ նոր յաւելեալ իրաւական ազդեցիկութիւն ապահովելու նախադրեալներ կը յուշէին խորհրդարանական ընդդիմութեան, որ զուտ թուաբանական առումով այս փուլին չնպաստեց, որ ակնկալուած չափով կայանայ։ Այսօրուան պատահարները եթէ մէկ կողմէ խորհրդարանական ընդդիմութեան անազդեցիկ վիճակի հակազդեցութեան հետ որոշ աղերսներ կը փոխանցեն, այնուամենայնիւ հիմնականին մէջ համակարգային գործնական փոփոխութեան ուշացումի պատճառով...

Խմբագրական.   Երկու Պատկերներու Սահմանադրական Հիմքը

Խմբագրական. Երկու Պատկերներու Սահմանադրական Հիմքը

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական եւ հասարակական հարթութիւնները տարբեր ուղղութիւններ դրսեւորելու ընթացքին մէջ են: Հասարակականէն աւելի հաւանաբար ուսանողական-երիտասարդական դիմագիծի շեշտը պէտք է ընդգծել այն առումով, որ վարչապետի թեկնածուի առաջադրումի գործող մեծամասնութեան որոշումին դէմ հիմնական բողոքողները այդ խաւի ներկայացուցիչներն են: Ուղղութիւնը հասարակական է այնքան, որ այդ խաւը բնականաբար հասարակութեան ամէնէն աշխուժ խաւն է: Թէ՛ իրաւապահներու եւ թէ՛ ցուցարարներու մօտ կայ կարմիր գիծերը...

Ակնարկ.  Եթէ Հարկը Զգացուի` Ամէն Գնով

Ակնարկ. Եթէ Հարկը Զգացուի` Ամէն Գնով

Համաշխարհային լրատուամիջոցներու հետեւողներ կրնան կազմել այն արագ տպաւորութիւնը, որ համաշխարհային պատերազմի նախաշեմին կը գտնուի երկրագունդը: Սպառնալիքները  եւ որոշ առումներով Սուրիոյ ուղղութեամբ զինուժի նախապատրաստական տեղաշարժները այդ տպաւորութիւնը կը ստեղծեն: Միաժամանակ սակայն արդէն դիտուածի (տէժա վիւ) տեսութիւնը կը շրջագայի հետեւողներու մտապատկերին մէջ, պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ նման փոխսպառնական հռետորութիւն, նոյնիսկ անոնց հետեւած հարուածներ մնացած են սահմանափակ, առանց տեղի տալու համընդգրկուն բռնկումներու: Առանց...

Խմբագրական.  Շփման Գիծ Կամ Փաստացի (Տէ Ֆաքթօ)  Սահմաններ. Միջազգային  Ամրագրման Նախադրեալներ

Խմբագրական. Շփման Գիծ Կամ Փաստացի (Տէ Ֆաքթօ) Սահմաններ. Միջազգային Ամրագրման Նախադրեալներ

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն երկու տարի անց այսօրուան իրավիճակին մասին որոշ երեւոյթներու ընդգծումներ կարելի է կատարել: Ապրիլեան պատերազմը ըստ էութեան զերօ կէտ վերադարձուց արցախեան բանակցային գործընթացը: Նման յարձակողապաշտութիւն դրսեւորելով եւ իր առջեւ դրած ռազմական առաջադրանքը իրականացնել չկարենալով Պաքուն այս ձեւով նուազ արձանագրեց նաեւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ: Բանակցութիւններու թեման թէ՛ Վիեննայի, թէ՛ Փեթերսպուրկի եւ թէ՛ Ժընեւի մէջ ըստ էութեան կազմեցին ոչ թէ...

Ակնարկ.  Ներառական-Հիպրիտային Պատերազմ` Ռուսիոյ Դաշնութեան Դէմ

Ակնարկ. Ներառական-Հիպրիտային Պատերազմ` Ռուսիոյ Դաշնութեան Դէմ

Դիւանագէտներու արտաքսման պատերազմը թափ կը հաւաքէ: Իրադրութիւններու եւ յատկապէս ռուս դիւանագէտներ արտաքսելու իրերայաջորդ որոշումներուն կշռոյթը մտածել կու տայ, որ ոչ թէ բրիտանական որոշումի զօրակցութեան եւ արագ արձագանգումներուն մասին է խօսքը, այլ առաւելաբար նախապէս համաձայնեցուած արտաքսման գործողութիւններու շարքի  մը առարկայացման: Ռուսիոյ դէմ շղթայազերծուած դիւանագիտական հարթութեան վրայ այս համալիր գործողութիւնները կարելի է դիտարկել տնտեսական պատժամիջոցներով սկսած Ռուսիան մեկուսացման առաջնորդող ընդհանուր ծրագիրի քաղաքական...

Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերն Ու Հոսանքները  Կը Շարունակեն Յայտարարել Ընտրացանկերը.  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Իր Ընտրացանկերը, Որոնցմէ Երկուքին Մէջ  Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Թեկնածուները

Ակնարկ. Մինչեւ Նախագահութիւն Եւ Նաեւ Նախագահութեան Օրով

Ընտրացանկերու վերջնականացումն ու ընտրական դաշինքներու ճշդումը ըստ ընտրական օրէնքի ամրագրած ընթացակարգային ժամկէտներու կ՛ընթանայ առանց անակնկալներու եւ առանց ցնցումներու: Ընտրական փառատօնային հաւաքով յայտարարուեցաւ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան համալիբանանեան, բոլոր ընտրաշրջաններուն համար առաջադրուած անուանացանկը: Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը բնականաբար զուտ ընտրական դաշինքի պարագայական տրամաբանութեամբ չի բացատրուիր: Յատկապէս զօր. Աունի աքսորէն վերադարձէն ետք, Դաշնակցութիւնը ընտրաքաղաքական դիրքորոշումներով առաջին օրէն համագործակցեցաւ...

Page 46 of 62 1 45 46 47 62

Արխիւներ