Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիբանանեան` Այո՛, Բայց Նաեւ Շրջանային-Միջազգային (Բանակի Օրուան Առիթով)

Օգոստոս 1, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp_Army day_80116

Շատ յայտարարուած, գրուած ու խօսուած է այն մասին, որ լիբանանեան բանակը մայրիներու երկրին անգերազանցելի այն հաստատութիւնն է, որ իրօք կը ներկայացնէ ամբողջ երկրին եւ ժողովուրդին խորհրդանիշը: Այնտեղ միջհամայնքային համակեցութիւնը ամէնէն վառ օրինակներով բացատրուած է եւ ձեւ ու մարմին ստացած: Փաստօրէն միեւնոյն զօրակայաններուն, զինուորական դպրոցներուն, ճակատներուն թէ խրամատներուն մէջ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներու երիտասարդները կ՛ապրին, կը մասնագիտանան, կը պատերազմին եւ ի պահանջեալ հարկին կը նահատակուին միասի՛ն:

Խորհրդանիշ, արժէք հաստատութիւնը բազմակի իմաստ կ՛ունենայ, երբ պետական այս կամ այն հաստատութիւնը քաղաքական պահու թելադրած պայմաններուն ներշնչումներուն տակ կ՛անդամալուծուի, անոր գործունէութիւնը կ՛առկախուի, հրաժարականներ կ՛արգելակեն բնականոն գործունէութիւնը, մինչ պետութիւնը անվերջ հարուած կը ստանայ, իր այս կամ այն բաղադրիչ օղակին անգործօն դառնալու հետեւանքով:

Բանակին արգիլուած է անդամալուծուիլը. այնտեղ չկան պայմանական մօտեցումներու շանթաժի հրաժարականներ, գործունէութեան առկախումներ, այս կամ այն զօրամիաւորումի աշխատանքը ամլացնող դիրքորոշումներ: Եւ եթէ որոշ ատեն ականատես կ՛ըլլանք զինուորական բարձրագոյն պաշտօններու համար անհամաձայնութիւններու, ապա անոնք եւս ունին քաղաքական բնոյթ եւ չեն վերաբերիր զուտ բանակային ոլորտին:

Համայնքներու իրաւունքներու չափաբաժիններու յարգումով ստեղծուած հաւասարակշռութեան լաւագոյն օրինակն է լիբանանեան բանակը, որ իրաւամբ ոչ միայն կը պաշտպանէ 10.452 քառ. քմ տարածութեան սահմանները, այլ կ՛երաշխաւորէ ներքին անդորրութիւնը, կայունութիւնը` զինուորաքաղաքական ներկայ հրաբխային պայմաններուն մէջ:

Լիբանանեան բանակը յատկապէս վերջին տարիներուն յաջողած է արգելակել դրացի երկիրներէ ծայրայեղական զինեալներու, ահաբեկիչ տարրերու թափանցումը Լիբանան: Բանակին կը պարտի ժողովուրդը` երկիրը անձեւ քաոսէ փրկելու իրականութիւնը: Թափանցման, կայացման փորձեր, ծրագիրներ ձախողեցան Նահր Պարետէն մինչեւ Քաա, անցնելով Արսալէն հասնելու համար մինչեւ Ուալի Խալետ: Լիբանանեան բանակի զինուորական ծառացումները արգելակեցին ահաբեկիչ տարրի անարգել մուտքը այս երկիր:

Ուրեմն. սահմաններու պաշտպանողականութենէն մինչեւ ներքին անդորրութիւն եւ յատկապէս այս օրերուն ահաբեկիչներու ներմուծման դէմ վճռական պայքար` լիբանանեան բանակը այս ձեւով չի սահմանափակուիր կիրարկելով զուտ լիբանանեան գործառոյթներ:

Աշխարհին սպառնալիք դարձած կրօնական տարազին տակ ծաւալած ծայրայեղական խմբաւորումներու սանձազերծած միջազգային ահաբեկչութիւնը իր նշանակներուն եւ թիրախներուն վերածած է ամբողջ Եւրոպան: Գաղթականական հոսքին առընթեր, ահաբեկիչներու արտահանումը դէպի Լիբանան եւ լիբանանեան ծովէն դէպի Եւրոպաներ, ամբողջ Արեւմուտքին եւ աշխարհին պիտի հրամցնէր ահաբեկչական գործողութիւններու նոր շղթայ մը:

Լիբանանեան բանակին կողմէ իրականացած կասեցումն ու կանխարգիլումը այս հոսքին չի վերաբերիր միայն Լիբանանին: Միջազգային ժամանակակից ահաբեկչութիւնը նոր ուղի մը պիտի վաստակէր դէպի Լիբանան իր թափանցումով եւ դէպի ծով դուրս գալով, եթէ լիբանանեան բանակի մարտունակութեան չհանդիպէր:

Եւ գերագնահատումի հնչեղութեամբ պէտք չէ ընկալել վերլուծական այն տեսութիւնը, ըստ որուն լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը այս առումով ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ շրջանային-միջազգային տարողութիւն:

Միջդաւանական առումով ժայթքող հրաբուխներու ընդհանուր այս իրավիճակին մէջ լիբանանեան բանակին կը պարտինք նախ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ համեմատաբար խաղաղ ովասիս պահելու, բայց նաեւ ամբողջ աշխարհը կլանած ահաբեկչական պատերազմներուն աջակցող  ռազմավարական նոր ուղիներ չտրամադրելու իրականութիւնները:

Այո. լիբանանեան բանակը այսօր կ՛իրականացնէ նաեւ շրջանային-միջազգային տարողութիւն ունեցող գործառոյթներ:

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը Յուլիսի 29-ի Դէպքերի Մասին

Յաջորդը

Օդանաւէն Ցատկեց Առանց Օդապարիկի

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ  Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In