Խմբագրական. Բարդ, Բայց` Ոչ Անկարելի Վերակերտումներ
Յետպատերազմեան ներկայ պայմաններուն մէջ մայիսքսանութեան խորհուրդի այժմէականացման փորձ կատարելը բարդ է: Խորհուրդը ի՛նքը ամէնէն առաջ ազգի շարունակականութեան գաղափարը կ՛ամփոփէ, պետականութեան հիմնումը, անկախութեան եւ գերիշխանութեան գաղափարներու առարկայացումը: Տակաւին, համաքաղաքակրթական առումով` համաթուրանական ծրագիրի խափանումը: Նաեւ` քաղաքական գերակայ ուղղութիւն որդեգրելու տեսակէտէն թրքական մուրճին եւ ռուսական սալին երկընտրանքէն դէպի երկրորդը հակուելուն: Այս խորհուրդները այժմէական են` ոչ անպայման հայկական կողմին նպաստաւոր այժմու դրութեամբ: Փորձենք լոյսին...




















