Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Իրաւականը Զիջեցաւ Քաղաքականին

Մարտ 10, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնանկման վարչապետական որոշումի նախագիծը երկրորդ անգամ չստորագրելով, ըստ էութեան, հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց պաշտօնանկութիւնը: Պաշտօնանկման իրաւակարգը կ՛առկախուէր,  եւ այդպիսով անոր վաւերականութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնար, եթէ  նախագահը, հակասահմանադրական տարրեր գտնելով որոշումի նախագիծին մէջ, զայն ուղարկէր Սահմանադրական դատարան: Այդպէս չեղաւ սակայն:

Հիմա տեսնենք, թէ Սահմանադրական դատարանին չուղարկելու հանրապետութեան նախագահին որոշումը աւելի իրաւակա՞ն նախադրեալներ ունի, թէ՞ քաղաքական:

Նախագահի բացատրական նամակի բովանդակութիւնը կը համոզէ, որ նախագահը քաղաքական մօտեցումները գերադասած է` Սահմանադրական դատարան չուղարկելու իր որոշումի կայացման ընթացքին: Այնտեղ կը խօսուի քաղաքական ճգնաժամի հրատապ հանգուցալուծման, ստեղծուած բեւեռացած իրավիճակի, ռազմաքաղաքական գործիչներու միջեւ առկայ տարակարծութիւններուն մասին: Կը հիմնաւորուի հետագայ պառակտումներու կանխարգիլումը, հանրային համերաշխութեան կայացման հրամայականը եւ իրավիճակի կայունացման համար նախագահի ճիգերու շարունակութեան յանձնառութիւնը:

Բացատրական նամակին իրաւական մասը կը վերաբերի զինուորական ծառայութեան եւ զինուորական ծառայողի կարգավիճակի մասին օրէնքի սահմանադրականութիւնը ճշդելու խնդիրին: Այս մասը, որ սկզբունքով անմիջական որեւէ կապ չունի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնանկման որոշումի նախագիծին հետ, ուղարկուած է Սահմանադրական դատարան: Եւ եթէ այդպէս է, իրաւունքի ուժ կը ստանայ վարչապետի որոշումը: Այլապէս խնդրոյ առարկայ կը դառնայ վարչապետի որոշումին սահմանադրականութիւնը:

Հիմա դիտարկենք զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին նման եղանակով պաշտօնազրկման աքթի սահմանադրականութիւնը:

Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի զինուած ուժերու բնագաւառին` հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններուն, կ՛ըսէ.

«Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետի առաջարկութեամբ, օրէնքով սահմանուած դէպքերում եւ կարգով, նշանակում եւ ազատում է զինուած ուժերի եւ այլ զօրքերի բարձրագոյն հրամանատարական կազմը»:

Բայց նաեւ` 155-րդ յօդուածի 3-րդ կէտը կ՛արձանագրէ.

«Զինուած ուժերի զինուորական ամենաբարձր պաշտօնատար անձը գլխաւոր շտաբի պետն է, որին վարչապետի առաջարկութեամբ նշանակում է հանրապետութեան նախագահը` օրէնքով սահմանուած ժամկէտով: Ոչ պատերազմական ժամանակ գլխաւոր շտաբի պետը ենթակայ է պաշտպանութեան նախարարին»:

Սահմանադրութիւնը յատուկ կէտ վերապահած է գլխաւոր շտաբի պետին: Այդ գլխաւոր կէտը կը վերաբերի օրէնքի հետ համապատասխանաբար պաշտօնավարման ժամկէտին, որ 5 տարի է: Այդ յատուկ կէտին մէջ, ի տարբերութիւն 133-րդ յօդուածի Ա. կէտին, վարչապետի լիազօրութիւնը կը յստակացուի միայն նշանակման աքթով: «Ազատելու» իրաւասութիւնը չի նշուիր գլխաւոր շտաբի պետին վերաբերող բաժնին մէջ:

Կա՛յ ուրեմն սահմանադրականութեան խնդիր. առնուազն մեկնաբանելու, յստակացնելու: Զուտ իրաւական կամ գուցէ սահմանադրագիտական խնդիր: Ինչ որ նման ծայր աստիճան զգայուն  հարցի պարագային յաւելեալ պատճառներ կը գումարէ` թղթածրարին Սահմանադրական դատարան ուղարկման:

Հանրապետութեան նախագահը շարժած է աւելի քաղաքական մղումներէ թելադրուած, քան իրաւական: Ինչ որ չի նպաստեր իրաւական պետութեան կայացման: Տակաւին. նոյնիսկ զուտ քաղաքական հայեցակէտերէ դիտուած, որքա՞ն նպատակայարմար է կամ հանգուցալուծման նպաստող այս պարագային վարչապետին որոշումը իրականացնող դիրքի ընդունումը: Գործող Սահմանադրութիւնը հանրապետութեան նախագահին ընթացիկ կառավարման լիազօրութիւններ չէ վերապահած: Սակայն, հաստատելով, որ ան պետութեան գլուխն է, նախագահին վերապահած է նման զգայուն փուլերու, գերադասելու իրաւականութիւնը, Սահմանադրութիւնը եւ ապաքաղաքականացնելու գործընթացները:

Սահմանադրութեան 133-րդ եւ 155-րդ կէտերուն միջեւ կար յստակացնելիք բաժին եւ ուղղակի կ՛առնչուէր գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնանկման իրաւակարգին: Կար անհրաժեշտութիւնը Սահմանադրական դատարանի մեկնաբանութեան:

Նախագահը անհրաժեշտ էր, որ որոշումի նախագիծը ուղարկէր Սահմանադրական դատարան:

«Ա.»

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Բոլոր Մուտքերէն Շրջափակեց Ազգային Ժողովը

Յաջորդը

Իսրայէլը, Կիպրոսը Եւ Յունաստանը Կը Նախատեսեն Միաւորել Ելեկտրականութեան Մատակարարման Իրենց Ցանցերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?