Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Որպէսզի Չէզոքութիւնն Ու Միջազգայնացումը Չհակասեն Զիրար

Մարտ 5, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան դրամանիշի գահավէժ անկումը փողոց վերադարձուց բողոքող քաղաքացիները: Բողոքի գործողութիւնները սակայն, հիմնականին մէջ ճանապարհ փակելով եւ քաղաքացիներու տեղաշարժը արգելակելով, որեւէ հանգուցալուծման չեն առաջնորդեր: Միաժամանակ, կ՛ակնկալուի, որ բողոքի գործողութիւնները թափ հաւաքեն, սանձազերծ ընթացքին առընթեր: Լուծումը` տեսանելի չէ, որովհետեւ խնդիրը առ երեւոյթ ֆինանսական է` տնտեսական համընդհանուր տագնապի պարզապէս հետեւանք, որ համավարակին հետ կապուած չէ իր ընդհանուր տարողութեամբ:

Հակառակ դեսպաններու մագոգային հանդիպումներուն, նախապայմանային քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, հիմնականին մէջ ֆինանսական ճնշումով եւ այդ եղանակով քաղաքացիական հասարակութիւնը արտաքին կեդրոններէ թելադրուած օրակարգերուն կլանելով:

Ներլիբանանեան համախոհութիւնը բնականաբար այս պայմաններուն մէջ չ՛արդիւնաւորուիր: Արաբական կամ եւրոպական քաղաքներու մէջ կայացած հանդիպումները գործնական ելքեր տեսանելի չեն դարձներ:

Նման պայմաններու մէջ լիբանանեան հոգեւոր կեդրոնէ կը յայտարարուին չէզոք կարգավիճակի որոշումի ընդունման կամ լիբանանեան թղթածրարի միջազգայնացման առաջադրանքներ: Չէզոք կարգավիճակն ու միջազգային լիազօրութիւն շնորհելը անպայման իրարու հետ հաշտ ընթացող քաղաքական գործընթացներ չեն:

Չէզոք դիրքորոշում ընդունիլը նախ եւ առաջ այլոց ծրագիրներու իրականացման գործընթացներուն չներքաշուիլն է: Մերժո՛ւմը երրորդ տարածքի վրայ գերտէրութիւններու կռիւներուն հարթակ տրամադրելու քաղաքական փորձութիւններուն: Այլ խօսքով` ինքնիշխանութիւն կ՛ենթադրէ թէժ միջավայրի մէջ չէզոքութիւն որդեգրելն ու զայն պահպանելը մանաւանդ:

Չէզոքութիւնը բոլոր համայնքներէն աւելի լիբանանահայ համայնքը գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ. ինքնուրոյնութիւն որոշումի անկախութիւն եւ մանաւանդ մերժում` քաղաքական թէ ռազմական կռիւներու: Իսկ այդ կեցուածքը այս պարագային համահամայնքային համախոհութիւն, գիտակցական մօտեցում եւ դիրքորոշումներու համատեղում կ՛ենթադրէ սկսելու համար: Ինչ որ լիբանանահայ համայնքը իրականացուց ամբողջ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Մերժեց քանդումին, կռիւին, թալանին, եղբայրասպանութեան եւ միջքաղաքացիական ընդհարումներուն մասնակցիլը, բայց միաժամանակ պահեց որոշումի անկախութիւնը: Եւ երբ համայնքի ֆիզիքական անվտանգութեան ուղղութեամբ ոտնձգութիւն կատարուեցաւ, պաշտպանեց բերդը. չէզոքութիւնը պահպանելու համար դիմեց ինքնապաշտպանութեան:

Համալիբանանեան չէզոքութիւն կ՛առաջադրուի այժմ: Այս չէզոքութեան ենթահողը սակայն պատրաստ չէ: Նախ համալիբանանեան համախոհութիւն պէտք է գոյանայ այդ առաջադրանքին շուրջ. ինչ որ կը բացակայի, որովհետեւ իւրաքանչիւր կողմը իւրովի կ՛ընկալէ չէզոքութիւն յղացքը: Չէզոքութիւնը անկախ ըլլալէ բոլորէն:

Հիմա գանք թղթածրարի միջազգայնացման, առաջադրանքը կապելով չէզոքութեան պահանջին հետ: Միջազգային ընտանիքին յանձնել լիբանանեան թղթածրարներու հանգուցալուծումը կ՛ենթադրէ լիազօրել միջազգային ընտանիքը միջամտելու ներքին խնդիրներուն: Քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ, որ Լիբանանը վաղուց իբրեւ քաղաքական բաց հրապարակ տարբեր պետութիւններու շուկայի վերածուած է: Իսկ շուկան նախ եւ առաջ միջամտել է, ազդեցութեան յենարաններ կայացնելն է եւ առեւտուրի մասնակցիլ է: Ինչ որ հիմնովին խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ գերիշխանութիւնը: Ներկայ պայմաններուն մէջ միջազգայնացումը կ՛ենթադրէ պետական որոշում` դիմելու միջազգային ընտանիքին: Պարզապէս արդէն կատարուող միջամտութիւններուն օրինական տեսք տալու:

Չէզոք կարգավիճակը քաղաքական առաջադրանքի վերածելու եւ զայն որդեգրելու համար ուրեմն նախ պիտի գոյանայ համալիբանանեան համախոհութիւնը: Առանց գիտակցական կամքի դրսեւորումին եւ առանց գերիշխանութեան պահպանման համար կողմերու պարտադիր փոխզիջումներուն, եւ համապատասխան նախադրեալներու ձեւաւորման, չէզոքութիւնն ու միջազգայնացումը կրնան հակասել զիրար:

Նախորդը

Վազգէն Մանուկեան. «Եթէ Զիս Կալանաւորեն, Շարժումը Պիտի Շարունակուի, Ատիկա Ժողովուրդին Ցանկութիւնն Է»

Յաջորդը

Խմբագրական. Բագին, 2020 Թիւ 4

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?