Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 8 Եւ 9 Մարտի Զուգակցուած Խորհուրդները

March 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մէկ օրուան յաջորդականութեամբ կը նշուին Կիներու եւ Ուսուցչաց տօները: Թուականի այս զուգադիպութիւնը յամենայն դէպս խորհուրդ կը պարփակէ իր մէջ այն առումով, որ ուսուցչական կազմերու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կիներ են: Կիներ են նաեւ ընդհանրապէս կրթութեան ոլորտի պատասխանատուները, տնօրէնները, մանկավարժները: Կիներ են դպրոցներու շուրջ համախմբուած ծնողական խորհուրդներու անդամները: Երեւոյթը Լիբանանի մէջ զգալի է. աւելի շեշտուած` լիբանանահայ կրթական մարզի պարագային: Մօտաւորապէս նոյնն է նաեւ Հայաստանի մէջ:

Համաշխարհային առումով սեռային պաշտօնաբաշխումի վիճակագրական տուեալները այս պահուն չկան, անոնցմէ եզրայանգումներ ընդգծելու համար: Բնական է, որ երկրէ երկիր կը տարբերին պատկերները: Եթէ, օրինակ,  սկանտինաւեան երկիրներու մէջ կրթութեան մարզին մէջ աշխատողները ամենաբարձր վարձատրութիւն ստացողներն են, ապա այնտեղ սեռային հաւասարակշռութիւնը անպայման ամէնէն յարգուած երեւոյթը պէտք է պարզէ:

Կիներու միջազգային օրը առաջին հերթին իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիր է: Այդ կը նշանակէ, որ կայ իրաւազրկում. եթէ տօնը կը շարունակէ սուր հնչեղութիւն ունենալ, այդ կ՛ենթադրէ, որ սեռային իրաւահաւասարութիւնը չէ կայացած. եւ այդպէս է փաստօրէն: Այստեղ եւս համեմատական պատկերները կը տարբերին երկրէ երկիր, միջավայրէ միջավայր: Այս իրաւազրկման տեսութիւնը չի բացառեր անշուշտ, որ տօնի նշանակման մէջ կայ նաեւ արժեւորման, գնահատանքի մղում եւ քաջալերանք: Հիմնականը սակայն առաջադրելի սեռային իրաւահաւասարութիւնն է:

Եթէ ընդհանուր պատկերները նկատի ունենալով կը նշմարուի, որ կիները հիմնականին մէջ երկրորդական դեր ունին պետական-քաղաքական կեանքի կառավարման մէջ, ուրեմն կարծրատիպերը տակաւին կը յամենան: Պետութիւններու քաղաքական եւ  յատկապէս ռազմական ոլորտներու ղեկավարումը տղամարդոց վերապահուած է ենթագիտակցաբար, գիտակցաբար կամ ուղղակի կարծրատիպաբար: Այստեղ եւս բացառութիւններ կամ այլապէս հետզհետէ ընդհանրացող երեւոյթներ տեսանելի են. մէկէ աւելի են կին գործիչներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօն վարելու օրինակները:

Բայց վերադառնանք կրթութեան ոլորտին: Եթէ տարբեր պատճառներով եւ հանգամանքներով հետզհետէ կիներու տիրապետումը կրթութեան ոլորտին վրայ դարձած է փաստացի իրականութիւն, ապա պէտք է մտածել այս պարագային պատճառահետեւանքային մեթոտաբանութեամբ:

Այսպէս. կին մանկավարժը, բացի գիտելիք փոխանցելու գործառոյթէն ունի յստակ առաքելութիւն` կրթութիւն, մտածելու ունակութիւն, քննական միտք, կարծրատիպեր շրջելու հրամայականի գիտակցում, հոգիներու կազմաւորման  գործընթացին մէջ յստակ դերակատարութիւն ձեւաւորելու պարտականութիւն:

Կին մանկավարժն է, որ պիտի յաջողի ընկերութեան մէջ արմատացած ժխտական կարծրատիպերը շրջելու պատրաստ տարրեր պատրաստել: Սեռային իրաւահաւասարութիւնը ոչ թէ կիներու իրաւունքի խնդիր է, այլ մարդու իրաւունքի հետ կապուած սկզբունք է ամէնէն առաջ:

Հասարակութիւններ ոչ անպայման յատուկ քաղաքականութեամբ, այլ գուցէ ինքնահոս կերպով կրթութեան պատասխանատուութիւնը յանձնած են կիներուն: Ընտանիքէն սկսեալ հիմնականին մէջ մինչեւ կրթական քաղաքականութիւն եւ մանկավարժութիւն:

Կրթութեան ոլորտի վարչակառավարումն ու անոր գործադրութիւնը ստանձնելով կինը, հա՛յ կինը այս պարագային, հոգեմտաւոր կազմաւորման հիմնական պատասխանատուն է: Եթէ իրերայաջորդ սերունդները կը շարունակեն  սեռային անհաւասարութեան քարացած մտածումներով առաջնորդուիլ, ապա մանկավարժական համակարգը ինքզինքին հարց պիտի տայ, թէ ո՛ւր է նոր մտածողութեան կայացման խոչընդոտը:

Մեր իրականութեան մէջ սերնդափոխութեամբ համայնքի, հասարակութեան ղեկավարումը ստանձնողները հիմնականին մէջ ստացած են կին մանկավարժներու, ուսուցիչներու կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը: Իրե՛նք է, որ հասարակութիւն պիտի ներածեն նոր միտքերը, կարծրատիպերը շրջելու վճռակամութեամբ:

Չափաբաժիններու ճշդումը հարցի լուծման արուեստական միջոց է: Գիտակցական հէնքի վրայ բնական գործընթացներն են, որոնք կրնան զգալի դարձնել սեռային իրաւահաւասարութիւնը: Իսկ անհաւասարութիւնը կ՛առաջնորդէ անարդարութեան եւ իրաւազրկումի զգացումի. իր հերթին` հասարակութեան ապառողջ իրավիճակի:

Իրաւահաւասարութիւնը առողջ հասարակութեան ձեւաւորման համար անշրջանցելի բաղադրիչ-պայման է: Իրաւահաւասարութեան ձգտումը դաստիարակութիւն է եւ կրթութիւն, որոնք այսօր կ՛իրականացնեն մեծ մասամբ կին մանկավարժները. իրենցմէ կախեալ է նաեւ քաղաքացիական առողջ հասարակարգի կայացումը:

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաք Եւ Երթ` «Ազգ, Բանակ, Յաղթանակ» Կարգախօսով

Յաջորդը

Պունտըսթակը Անձեռնմխելիութենէ Զրկած Է Ազրպէյճանէն Կաշառք Ստացած Երեսփոխանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.