Խմբագրական. Կառավարութիւն, Լիբանանահայութիւն Եւ Աւանդական Վարքագիծ
Կառավարութեան կազմութեան ոդիսականը երէկ հասաւ իր աւարտին: Անշուշտ խորացած տագնապը չէ, որ հասած է իր աւարտին: Պէտք չէ միամտանալ` եզրակացնելու համար, որ իրավիճակի կտրուկ փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ: Ֆինանսական եւ տնտեսական տագնապներու կուտակում գոյութիւն ունի, եւ այդ բոլորը մէկ օրէն միւսը կարելի չէ յաղթահարել: Կարեւորը լաւատեսական մթնոլորտի գոյացումն է: Կայ հասարակական ակնկալութիւն, որ կենցաղային տարրական խնդիրները կը սկսին լուծուիլ, եւ...




















