Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բարդ, Բայց` Ոչ Անկարելի Վերակերտումներ

May 28, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յետպատերազմեան ներկայ պայմաններուն մէջ մայիսքսանութեան խորհուրդի այժմէականացման փորձ կատարելը բարդ է: Խորհուրդը ի՛նքը ամէնէն առաջ ազգի շարունակականութեան գաղափարը կ՛ամփոփէ, պետականութեան հիմնումը, անկախութեան եւ գերիշխանութեան գաղափարներու առարկայացումը: Տակաւին, համաքաղաքակրթական առումով` համաթուրանական ծրագիրի խափանումը: Նաեւ` քաղաքական գերակայ ուղղութիւն որդեգրելու տեսակէտէն թրքական մուրճին եւ ռուսական սալին երկընտրանքէն դէպի երկրորդը հակուելուն:

Այս խորհուրդները այժմէական են` ոչ անպայման հայկական կողմին նպաստաւոր այժմու դրութեամբ: Փորձենք լոյսին բերել գլխաւոր խորհուրդներու կէտեր` այսօրուան իրավիճակին համեմատաբար:

Ազգի շարունակականութիւնը հիմնովին կապուած է անվտանգութեան խնդիրներու հետ: Պատերազմական վիճակը, բռնագրաւումը, անապահովութիւնը  տեղի կու տան արտահոսքի, հայրենիքէն հեռացումի: Պատերազմէն ետք ոչ միայն խեղուած է Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը, այլ նաեւ միջադէպերով կը յատկանշուին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանները: Ազրպէյճանական զինեալներու ներխուժումը հայկական տարածքներ ամէնօրեայ յաճախականութիւն կ՛արձանագրեն: Խնդրոյ առարկայ է մեր հայրենիքի սահմաններուն անառիկութիւնը: Վտանգուած են ազգի շարունակականութեան երաշխիք հայրենի բնօրրանները:

Հարուածուած է մեր անկախ եւ գերիշխան պետութիւն զարգացնելու գործընթացը: Պաշտօնական Երեւանն ու Ստեփանակերտը պատերազմէն ետք չունին արտաքին քաղաքականութիւն կիրարկելու նախկին առաձգականութիւնը: Երեւանը կորսնցուցած է նաեւ արցախեան բանակցութիւններուն մասնակցելու իրաւակարգը` իբրեւ Արցախի եւ արցախահայութեան գլխաւոր երաշխաւոր: Պարտադրուած պայմանաւորուածութիւններ, ռազմագերիները պատանդուած պահելու իրականութիւն, առանց դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման` սահմանագծման եւ սահմանազատման գործողութիւններու մեկնարկի նախադրեալներ, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումէն առաջ Հայաստան-Ազրպէյճան ապաշրջափակման ծրագիրներու անցումներ` կը խօսին մեր որոշումի կայացման բացակայութեան մասին:

Մայիսեան հերոսամարտերը կասեցուցին թուրանական ցեղերու ցամաքային միացումի ծրագիրը: Տարածաշրջանը այսօր ամէնէն լայն աշխարհագրութեամբ քաղաքակրթական այլ պատկեր կը պարզէր, եթէ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը եւ այնուհետեւ թուրանական-թրքախօս ցեղերով բնակեցուած տարածքները միաւորուած ըլլային Հայաստանի գրաւումով:

Այսօր «միջանցք»-ի, փոխադրութեան, ենթակառուցուածքի կամ ընդհանրապէս ապաշրջափակման տեսքերով նոյն ծրագիրի վտանգը առկայ է: Ապաշրջափակումը, բաց սահմանները անհրաժեշտ են որեւէ երկրի ու  պետութեան համար: Բայց երբ պարտուած կարգավիճակով, այլոց համաձայնութիւնները  ստորագրելու հարկադրանքին առջեւ կը դրուի հայկական կողմը, առանց նախապատրաստուելու սահմաններու վերաբացման, այդ պարագային վտանգի առկայութիւնը յաւելեալ զգալի կը դառնայ: Ի վերջոյ սովորական դրացի պետութիւններու հետ չէ, որ սահմանները բանալու ծրագիրներ կ՛առաջադրուին:

Մայիսեան հերոսամարտերը, Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք,  յաղթեցին Ցեղասպանութեան ծրագիրը ամբողջացնելու նպատակ դրած թրքական բանակներուն: Ցեղային զտումի բազմաթիւ փորձեր կատարեց եւ կը փորձէ ամէն առիթի կատարել թուրքեւազրպէյճանական յատուկ դաշինքը:

Եւ վերջապէս` գլխաւոր դասը: Նոյնիսկ արհաւիրքի ամէնէն դժուար ու անյաղթահարելի թուացած օրերուն հայութեան մէկութիւնը կերտեց հրաշքը, ապահովեց ազգի շարունակականութիւնը, հիմնեց անկախ հանրապետութիւնը, կասեցուց  համաթուրանական ծրագիրը:

Այդ մէկութիւնն է անհրաժեշտ: Իսկ այդ մէկութեան ստեղծման համար` մայիսքսանութեան  խորհուրդներուն հաղորդ պետականութիւնը:

Նախորդը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրանսայի Նորանշանակ Դեսպանուհին

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.